Tuesday, January 12, 2016

ՎԵՐՋԱԼՈՅՍԻ ՇՈՂԵՐ

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ


Գլուխը հակած պնակին վրայ, լուռ՝ ապուրը կը խմէր: Չէր մասնակցեր սեղանակիցներու անկապ խօսակցութեան: Մէկը խուլ էր,այնքան կը պոռար, որ գլխու ցաւ կը պատճառէր. միւսը նախադասութիւն մը կը սկսէր, սակայն կը մոռնար շարունակութիւնը. ուրիշ մը նայուածքը չէր կրնար կեդրոնացնել որեւէ կէտի վրայ. միւսին բերնին մէջ կեղծ ատամնաշարը կը պարէր: Իսկ ինք իր ներաշխարհին մէջ ամփոփուած՝ արտաքին աշխարհէն հեռու, մտովի կը մենախօսէր:
Իր քիմքը աւելի կը զգար աչքերէն սահող աղի արցունքին համը, քան թէ այս անհամ ապուրը, որ ո՛չ աղ ունէր ո՛չ պղպեղ, ոչ ալ ախորժաբեր այլ համեմունք: Իրենք ծեր էին այլեւս. նոյնիսկ անմեղ թուացող կարգ մը հաճոյքներ արգիլուած էր իրենց՝ կանխազգուշութեան համար: 
Մի քանի ամիս անցեր էր այն տխուր օրէն, երբ իր տղուն եւ աղջկան ընկերակցութեամբ՝ այս հաստատութիւնը ընդունուած էր, որպէս նոր բնակիչ: 
Կնոջ մահէն յետոյ՝ օր մը լոգանքի պահուն, արեան ճնշումը բարձրացած էր, եւ ինկած էր ուշակորոյս: Անկումին պատճառով սրունքին ոսկորը երկու մասի բաժնուած էր եւ մէկ ամիս անշարժ պառկած էր անկողինին մէջ, ոտքը գաճի մէջ, որուն յաջորդած էր վիրաբուժական գործողութիւն: 
Կազդուրուելէն յետոյ անթացուպով սկսած էր քալել:, Զաւակները բժիշկին հետ խորհրդակցելէ յետոյ եւ իր թելադրութեամբ՝ հասած էին այն եզրակացութեան, որ տունը մնալը ապահով չէր այլեւս: 
Շատ յարմար եւ հանգստաւէտ հաստատութիւն մը պիտի փոխադրէին զինք, որ «Ծերանոց» չէր կոչուէր՝ վանողական տպաւորութիւն չձգելու համար այդ դռնէն ներս մտնողներուն վրայ, այլ « Հիւրանոց»: 
Զինք փորձած էին համոզել, ըսելով, որ հոն այլեւս պիտի չձանձրանար, իրեն տարեկից խօսակիցներ պիտի ունենար, որեւէ անհանգստութեան պարագային, բժիշկը հոն էր, ընկերային հաճելի հաւաքոյթներ տեղի կ'ունենային, կերակուրները շատ համեղ էին,եւլն,եւլն: Աւելցուցած էին նաեւ, որ իրենց տան մէջ յարմարութիւն չկար, այլապէս իրենց հետ կ'ապրէր. բայց խոստացած էին միշտ այցելել: 
Երեք զաւակներէն առաջինը հազիւ քսան տարեկանը բոլորած՝ Միացեալ Նահանգներ փոխադրուած էր, ուր մի քանի տարի յետոյ՝ ամուսնացած էր տեղացի աղջկայ մը հետ եւ կապը որոշ չափով խզած իր ծնողքին հետ: Հետեւաբար՝ ան Պիղատոսի նման՝ ձեռքերը լուացած եւ անպարտ արձակուած էր հօրը հանդէպ գործուած այս արարքէն: 
************* 
Այդ օրը սեւ բիծ մը եղաւ իր կեանքին մէջ: 
Երբ ճամպրուկը կը պատրաստէին, ինք տամուկ աչքերով կը հետեւէր աղջկան շարժումներուն, եւ կը տեսնէր, թէ ան ինչ անտարբերութեամբ եւ հապճեպով հագուստները, ներքնազգեստները կը թխմէր պայուսակին մէջ: Ասիկա իր գիտցած, բարի եւ սիրելի աղջի՞կն էր, իր զերզգայուն փոքրիկ աղջնակը, որ որեւէ աննշան անարդարութեան համար արցունքներ կը թափէր, եւ կու գար հօրը փաթթուելու, որ զինք սիրազեղ համբոյրներով կ'ողողէր: Այսքան փոխուա՞ծ էր եւ անճանաչելի դարձած: 
Իր կինը որքան հոգածութիւն եւ գուրգուրանք կը ցուցաբերէր բոլորին հանդէպ, մայրութիւն կը ծորէր իր քաղցր նայուածքէն: Շուրջ կէս դար միասին ապրելէ յետոյ, տակաւին իրենց սէրը չէր կորսնցուցած իր նախկին համն ու հոտը. շատ երջանիկ զոյգ մը եղած էին: 
Այն օրը, որ իր սրտահատորը կորսնցուց, կարծես աշխարհ փուլ եկաւ իր գլխուն եւ պարպուեցաւ իր բովանդակութենէն. կեանքը անիմաստ դարձաւ: 
Հիմա զաւակները կը տնօրինէին իր ճակատագիրը:
Իր սիրելի փոքրիկ կատուն՝Թաթոն տխուր աչքերով իրեն կը հետեւէր, կը մլաւէր եւ ոտքերուն կը քսուէր. կարծես կ'աղաչէր որ չերթայ: 
-Աս խեղճ կատուն ի՞Նչ պիտի ըլլայ,- հազիւ կրցաւ խեղդուած ձայնով հարցնել:

-Ես մեր տունը կը տանիմ զայն- ըսաւ աղջիկը: 

Կատուն իրմէ աւելի բախտաւոր էր. իր աղջկան տան մէջ կատուին համար տեղ կար , բայց հօրը համար ոչ:
Դուռը կղպելու պահուն, յանկարծ զգաց, թէ իր հոգին փախաւ իրմէ եւ տան մէջ պահուըտեցաւ: Դուրս ելլողը շարժուն խրտուիլակ մըն էր միայն , ինք չէր, այլ անհոգի էակ մը, մարդու կերպարանքով:
Ինչպէս չտխրէր, երբ իր իսկ զաւակներուն ձեռքով իր փոքրիկ հայրենիքէն, իր մտերմիկ անկիւնէն կ'աքսորուէր, կ'ըլլար անհայրենիք: Ինչ տաք եւ պաղ օրեր տեսած էր այս տունը, իր սիրոյ տաքուկ բոյնը: 
Զաւակները մեծցած էին, տեղաւորուած, եւ իրենց սեփական ընտանիքները կազմած: Գոհ էր կեանքէն, բայց.....
Իրեն ամենէն շատ ցաւ պատճառողը աղջկան անտարբեր կեցուածքն էր . ինք որ այդ աղջկան հանդէպ միշտ տկարութիւն ունեցած էր: 
******************************
Անցեալին՝ Կիրակի օրերը, երբ բոլորը կը հաւաքուէին իրենց տունը, թոռնիկները մեծ մամային պատրաստած համեղ կերակուրները կը լափէին:
Օր մը յանդգնեցաւ աղջկան ըսելու. 
-Աղջիկս լաւ կ'ըլլայ, որ պզտիկներուն համար դուն ճաշ պատրաստես, փոխանակ դուրսէն պատրաստ կերակուր ապսպրելու: Կը տեսնե՞ս հոս ինչ ախորժակով կ'ուտեն:

-Նայէ՛ հայրիկ, ես օրական ութը ժամ կ'աշխատիմ եւ սպառած կը հասնիմ տուն: Զաւակներս պիտի չմեռնին դուրսէն գնուած կերակուր ուտելով:Մաման միշտ տունը եղած է , ինծի պէս դուրսը չէ աշխատած: Ժամանակները փոխուած են, բայց դուն քու ժամանակիդ եւ քու աշխարհիդ մէջ մնացեր ես:

Աղջիկը իրաւունք ունէր : Հիմա արհեստագիտութեան, արագութեան, վազքի դար էր. եւ արհեստագիտութիւնը իր բոլոր բարիքներով եւ մասամբ նորին, իր տունէն ներս չէր թափանցած տակաւին: 
Սակայն յետագային՝կնոջ փափաքին գոհացում տալու համար, համակարգիչ մը գնած էր, եւ երկուքն ալ իրենց աշխարհացրիւ բարեկամներուն հետ կրնային հաղորդակցիլ. զիրար տեսնել պաստառի վրայ.եւ հին օրերու կարօտը առնել: Ինչ հրաշք էր:
Օր մը ուզեց իր տունը այցելել գոնէ քանի մը ժամ: Հոգեբանը չթելադրեց՝ նկատի առնելով իր հոգեկան անկայուն վիճակը : 
Աղջիկը բուն պատճառը ըսաւ:
- Տունը վարձու տուինք. մեզի համար դժուար է ամէն ամիս այսքան մեծ գումար վճարել ծերանոցին: 

Ուրեմն իր յիշատակներն ալ իրեն պէս վտարանդի եւ թափառական եղած էին: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը, որ բեկոր մըն էր իր անցեալէն, արժանացած էր իր ճակատագրին: 
Ձայն չհանեց: Ինչ լաւ էր լռել գիտնալ, չհակաճառել, չվիճիլ, խնդիր չյարուցանել:
Հոգեբանը ուզեց իրեն հետ հանդիպում մը ունենալ, գիտնալու համար իր տպաւորութիւնը եւ տրամադրութիւնը: 
Դժկամութեամբ ընդունեց եւ հազիւ բառեր մը մրթմրթաց քիթին տակէն:Սիրտ չունէր իր ցաւերը այս օտար մարդուն պատմելու:
Առաջին օրերուն՝ զաւակներուն այցելութիւնները եւ հրաւէրները յաճախակի էին . սակայն կամաց-կամաց սկսան նօսրանալ, իր գլխուն սպիտակ մազերուն պէս: Միշտ պատրուակ մը, չքմեղանք մը կար: Մանաւանդ շատ կը կարօտնար թոռնիկները, որոնք երբ գային, իրենց զուարթ պոռչտուքներով, խնդուքներով եւ եռանդով կ'ողողէին, կը շէնցնէին այդ մոխրագոյն շէնքը: Միւս ծերերը նախանձով կը դիտէին իրեն, երբ փոքրիկները շռնդալից համբոյրներ կը դրոշմէին իր խամրած այտերուն վրայ:
Անհաճոյ եւ անհանգիստ վայրկեաններ էին իրեն համար, երբ յաղթանդամ կին մը շաբաթը երեք անգամ կու գար զինք լոգցնելու: Հագուստները հանելէ յետոյ, զգուշութեամբ զինք աթոռակի մը վրայ կը նստեցնէր, կը լոգցնէր, կը մաքրէր մարմինը, եւ գիշերանոցը կը հագցնէր: «Մանկացած ծերուկ մըն եմ »կը մտածէր իւրովի: Սկիզբը շատ կ'ամչնար այս անծանօթ կնոջ առջեւ մերկանալու, բայց կինը քմծիծաղով ըսաւ. 
-Ես քեզի պէս, օրական տասը հոգի կը լոգցնեմ. պէտք չունիս ինձմէ քաշուելու:

Երեկոյ մը, երբ պատրաստուած էր զաւակներուն տունը երթալու, վերջին վայրկեանին, իրեն իմացուցին, թէ կամքէ անկախ պատճառով պիտի չկարենային զինք տանիլ: 
Սրտնեղած՝ անկողինին վրայ երկարեցաւ եւ սկսաւ դուրսը դիտել: Արեւը իր վերջին շողերը հաւաքած՝ կը պատրաստուէր հրաժեշտ տալու աշնանային մելամաղձոտ երեկոյին, դեղնած, խշրտացող տերեւներուն եւ կիսամերկ ծառերուն: 
Յանկարծ այս պատկերը զինք տարաւ, ուրիշ տեղ, ուրիշ ժամանակ: Օր մը ծովեզերքը աւազին վրայ նստած, ինք եւ իր կինը ձեռք ձեռքի տուած՝ դիտած էին արեւամուտի հրաշագեղ տեսարանը, որ իր յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած էր: 
Ամբողջ հորիզոնը բռնկած էր վառ կարմիրի եւ նարնջագոյնի բոլոր երանգներով, որոնք տարածուած էին երկնակամարին վրայ եւ անծայրածիր ովկիանոսի կապոյտին հետ կը պարզէին գոյներու անզուգական համանուագ մը: Բառերով կարելի չէր նկարագրել այս փառաւոր եւ աննման վերջալոյսը: Արեւը չէր ուզեր անշուք եւ խեղճ պատկերով բաժնուիլ այս երկրագունտէն: Իր բոլոր գոյները կը սփռէր, իր շքեղութիւնններով կ'առինքնէր, կը շլացնէր աչքերը եւ յետոյ կ'անհետանար:
-Ո՛վ Աստուած մարդուն ալ շնորհէ՛ այս բացառիկ կարողութիւնը,- բացականչեց հոգիին խորքէն- արեւուն նման գեղեցիկ վերջալոյս մը ունենալու: Գոնէ ենթական միայն ի՛նք տեսնէ եւ զգայ, թէ կրկին կ'երիտասարդանայ,կը վերստանայ հին օրերու գեղեցկութիւնը, թարմութիւնը, ոյժը, կայտառութիւնը, եւ հրապոյրը. եւ յետոյ գոհ սրտով մեկնի այս աշխարհէն: 

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

No comments:

Post a Comment