Tuesday, January 12, 2016

ԿԱՂԱՆԴՉԷՔ


ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

Ժամանակին, Նոր Տարուան առիթով կաղանդչէքներ կը կարդացուէին, որպէս փոխարինող շօշափելի նուէրներու. լաւ սովորութիւն էր, բարի մաղթանքները միշտ ալ լաւ տպաւորութիւն կը ձգեն հասցէատիրոջ վրայ:
Այս առիթով կ՛ուզեմ այդ աւանդոյթը կրկնել, սակայն կը դժուարանամ. ի՞նչ գրեմ, որ տափակ ու սնամէջ չըլլայ, այն քլիշէ մաղթանքներուն նման, որոնք հազար անգամ կրկնուելով, մաշած են ու իմաստազրկուած:
Եթէ հաշուեյարդարի նստինք ու արձանագրենք անցնող տարուան անցուդարձերն ու պատահարները, ապագային նայելու ժամանակ պիտի չունենանք: Եթէ ծալենք անցեալն ու վրան ալ խոշոր քար մը դնենք, դարձեալ ճիշդ պիտի չըլլայ: Անցեալը մոռնալ չըլլար, այնպէս որ, անցեալին նայելով, ապագան ծրագրելու մասին պէտք է մտածենք:
Հալէպահայութիւնը շատ բան կորսնցուց պատերազմին պատճառով, թէ՛ մարդկային զոհեր տուաւ, թէ՛ ինչք կորսնցուց,- գործարաններ, վաճառատուներ, կալուածներ, բնակարաններ, հարստու-թիւնեւ գաղթողներու պատճառով, մարդկային թիւ: Գաղութը կծկուեցաւ, նախկինին մէկ երրորդը մնաց: Միակ բանը որ չկորսնցուց հալէպահայ գաղութը, այդ ալ ոգեկան արիութիւնն էր, որ ամենակարեւորն է գոյատեւելու ու վերածաղկելու համար:
Եթէ ոչինչ կորսնցնէր իր ունեցածներէն, բայց ոգին ու վերապրելու կամքն ու ոյժը կորսնցնէր, հալէպահայութիւնը ինքզինք գերեզմանած պիտի ըլլար:
Այս ոգին պիտի նմանի այն մատղաշ ոստին, որ կացինահարուած ծառի բունէն կը վերընձիւղուի: Այնքան ատեն, որ արմատը առողջ է, անպայման նոր ոստեր կը ծլին: Փաստը մէջտեղն է. ամիս չ՛անցնիր, ուր հայկական հրապարակային ձեռնարկներով չկենդանանան Հալէպի հանդիսասրահները. պարային ելոյթներ, թատերական ներկայացումներ, յոբելինական, մշակութային տարաբնոյթ ձեռնարկներ եւ մեծաթիւ հանդիսատեսներ:
Այո, Հալէպ Մայր Գաղութի արմատը առողջ է, խոր թաղուած հիւրընկալ հողին մէջ. հողը բարի էր, պարտիզպանը նուիրեալ ու հաւատքով զինուած, ատոր համար ալ մրգաստան-բուրաստանի վերածուեցաւ Հալէպը: Թերեւս խորշակներն ու փոթորիկները աւերեն ինչ որ կայ մակերեսին վրայ, սակայն չեն կրնար հասնիլ արմատներուն:
Կաղանդչէքի մաղթանքս ու Աստուծմէ խնդրանքս մեծ բան չէ: Թող ծագի վաղուց սպասուած արեւը Սուրիոյ վրայ. թող վերստին ծաղկի մեր եդեմական պարտէզը. թող արեւին լոյսը ու պարտէզին բուրմունքը հասնի ամէն կողմ. գաղթողները վերադառնան ու սիրելիները վերամիանան:
Բարի, նոր, խաղաղ եւ արեւշատ խոստմնալից տարի բոլորիս:
«
Գանձասար» շաբաթաթերթ



No comments:

Post a Comment