Tuesday, January 12, 2016

ԴԻՄԱ..... ԵՒ ՄԱՍԱՄԲ ՆՈՐԻՆ

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ
Տօնական օրերու առթիւ պատրաստելիք ճաշացուցակին կը նախագահէր անբացակայելի «մանթը»ն: 
Ժամերէ իվեր խոհանոցը ոտքի կեցած, խմորը կը բանայի, քառակուսի կտորները կը լեցնէի միսով, եւ ափսէին մէջ կը շարէի եւ ...մինակս: 
Զարմանալի կերպով , երբ տնեցիները լսեն, որ այս կերակուրը պիտի պատրաստեմ յանկարծ բոլորն ալ կ'անհետանան. ամէն մէկը«բանաւոր» պատրուակ մը կը գտնէ փախչելու համար: 
Մնացած էր վերջին ափսէն. կ'աճապարէի վայրկեան առաջ փրկուիլ այս պատիժէն. մէջքս սկսած էր ցաւիլ: Սակայն այս անգամ խմորը ըմբոստացած էր եւ կը մերժէր գրտնակին ենթարկուիլ: Եւ ես ի զուր կը չարչարուէի, կը կռուէի այս անհնազանդ խմորին հետ: Ահա այդ պահուն էր, որ ծագեցան այս «փայլուն» մտքերը, որոնք թէեւ ստամոքսին հետ որեւէ առընչութիւն չունին, բայց իրենց ծնունդը «մանթը»ին կը պարտին: 
«
Համացանցի ստեղծումով՝ նոր էջ մը բացուեցաւ քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ. անսահման, անծայրածիր,անվերջանալի աշխարհ մը քօղազերծուեցաւ մարդկութեան առջեւ: 
Ինչ որ ուզես, ինչ որ փնտռես, ինչ հարցում որ ունիս որեւէ նիւթի շուրջ, պատասխանը անմիջապէս կը ստանաս: Անհաւատալի է: Մեր օրերու Ալատտինի լապտերին բարի ոգին է, ճինը. որ փափաքածդ անմիջապէս կը կատարէ. բայց միայն պաստառի վրայ virtual :
Այժմ պահ մը շրջագայինք Ընկերային ցանցերու, նշանաւոր Դիմատետրի facebook յատկացուած ենթաբաժանումին մէջ:
Ահաւասիկ քեզի ազատ բեմ (անշուշտ օրինաւորութեան սահմաններուն մէջ): Ո՛չ մէկ գրաքննութիւն. ո՛չ մէկ արգելք: Ուզածդ գրէ, գծէ, նկարէ, տեղադրէ ինչ որ ուզես:Ոեւէ մէկը հոս կրնայ գրող, բանաստեղծ ըլլալու փառքը ապրիլ ժամեր, կամ օրեր, կամ նկարիչ ըլլալ, բժիշկ, հոգեբան, երաժիշտ եւ դեռ.... ինչե՜ր: 
Իմ պարագայիս՝ ես շատ ուրախացայ վերայայտնումովը, տասնամեակներէ ի վեր մոռացման դատապարտուած՝ կամ կորսուած դէմքերու (իմա՛ բարեկամներու), որոնց գոյութիւնն անգամ մոռցած էի: 
Դիմատետրը տիեզերք մըն է դէմքերու, դէպքերու, անուններու եւ անհատնում նիւթերու:
Սկսելով գրականութենէն, անցնելով գեղարուեստի ճիւղաւորումներէն, թակելով դռները փիլիսոփայութեան, հոգեբանութեան, պատմութեան, բժշկութեան, (որ ի միջի այլոց, կը թելադրէ ինչ ուտել, կամ ինչ ուտելիքներէ խուսափիլ քաղցկեղէ զերծ մնալու համար), հասնելու համար աւելի դիւրամարս եւ հաճելի բաժիններու. խոհանոց, նորաձեւութիւն, զբօսաշրջութիւն, կատակներ եւ այսպէս իրերայաջորդ, այլազան եւ ամենակարեւորը՝ յարափոփոխ պարբերութիւններ:
Մէկ խօսքով հսկայ ցուցափեղկ մըն է, ուր անդադար կը տողանցեն մեր ուզած կամ չուզած,երեւակայած կամ աներեւակայելի ապրանքները:
Բայց կայ միւսը, որ ձեւով մը կը ճնշէ քեզ . երբ կը ներկայանայ Սուրբի պատկերով, կամ խաչով, եւ կը խնդրէ, կամ կը պարտադրէ, որ զայն կիսես (share), որովհետեւ հիւանդները բուժելու յատկութիւն ունի, կամ նիւթական առատութիւն եւ սէր պարգեւելու, եւ հակառակ պարագային ալ խիստ կերպով պատժելու: 
Այս առիթով յիշեցի շատ տարիներ առաջ, ինծի պատահած միջադէպ մը, երբ մարդկութիւնը տակաւին չէր «համացանցուած»:
Օր մը, երբ տուն պիտի մտնէի, մեր դրան առջեւ անանուն, գոց պահարան մը գտայ: Կնոջական անտեղի հետաքրքրութենէ մղուած՝անմիջապէս բացի զայն. մէջը գրութիւն մը կար. Սուրբի մը ուղղուած աղօթք մըն էր. եւ վարը աւելցուցած էին. «այս գրութիւնը պէտք է ցրուես տասներեք տուներու մէջ. այլապէս մեծ դժբախտութիւն կը պատահի ձեզի սիրելի անձի մը»:
Պահ մը շուարած մնացի: Այն ատեն համակարգիչ չկար, ոչ ալ տպիչ. Պէտք է երթայի յատուկ տեղ մը լուսապատճէնը հանելու: Տասը տարեկան աղջիկս ըսաւ.
-
Մամի,՛ կարեւորութիւն մի՛ տար, բան մը չ'ըլլար:
-
Չէ՛ աղջիկս, -ըսիկրնայ արկած մը պատահիլ մեզմէ ոեւէ մէկուն, կը վախնամ:
Եւ ապուշի պէս գացի տասներեք օրինակ հանեցի եւ ճամբուս վրան դռներուն տակ սպրդեցի: Անշուշտ յետոյ ամուսինիս եւ զաւակներուս ծաղրուծանակին արժանացայ:
Դիմատետրը եւ ընկերային ցանցի իր յարակիցները իրապէս մոլութեան վերածուած են մեծին եւ փոքրին համար: 
Անցեալ օր աղուոր նկար մը դրած էին. կին մը նստած համակարգիչին առջեւ, դիմատետրի էջին վրայ իր վեցեօթը տարեկան զաւկին նկարը դրած՝ անոր նուիրուած գովաբանութիւններ կը հիւսէր. իր ունեցած անսահման սէրը կը ծանուցանէր: 
Իսկ զաւակը քովը կեցած կը պոռար, կը բարկանար.
-
Մամա՛, կը բաւէ. ելի՛ր այլեւս համակարգիչին առջեւէն. ճաշը պատրաստէ՛, անօթի եմ:
Այս նշանաւոր էջին բաժանորդները, եթէ իրենց «ստեղծագործութենէն» նմոյշ մը տեղադրեն, կը սպասեն տեսնելու համար, թէ որքան "like" ստացած են, կամ "share" եղած է. եւ ով դրած է, որ ստայնմ իրենք ալ փոխադարձեն: 
Պէտք է խոստովանիլ սակայն, որ շատ օգտակարութիւններ ունի:Երբեմն իսկապէս գեղարուեստի նմոյշներ, կամ լուրջ գրական կտորներ կու գան մի քանի ժամ բազմելու այս վաղանցուկ էջին վրայ: Նաեւ իրազեկ կ'ըլլանք սփիւռքի եւ հայրենիքի առկայ իրադարձութիւններուն:
Ոմանք նոյնիսկ իրենց կեանքի ընկերը գտնելու բախտը կ'ունենան:
Մէկ խօսքով բոլորին ճաշակին գոհացում տուող պատառիկներ կան
****************
Վերջապէս խմորը կրցայ բանալ, ափսէն լեցուեցաւ:
Ստիպուած՝ մտածումներուս ալ վերջակէտ դրի. թէեւ դեռ շատ ըսելիքներ ունէի:
Հրամմեցէ՛ք միասին ուտենք այս համեղ «մանթը»ն: :
Բարի եւ ուրախ տարի մը կը մաղթեմ դիմատետրի սիրելի բարեկամներուս:


 

No comments:

Post a Comment