Tuesday, January 12, 2016

ԱՆՈՒՇԱՊՈՒՐ, ԶԱՀՐԱՏ ԵՒ ԲԱԳԱՐԱՏ ԹԵՒԵԱՆ…


ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Ժընեւաբնակ մեր սիրելի բարեկամը՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան, որ Հալէպի հրդեհէն խոյս տալով գնաց հաստատուեցաւ խաղաղաւէտ Զուիցերիոյ մէջ, անցեալ օր դիմատետրի վրայ մեր ախորժակը գրգռեց՝ անուշապարի շա՛տ սիրուն նկար մը զետեղելով։
Երբ նայեցայ այդ պատկերին, անմիջապէս յիշեցի Զահրատի «Անուշապուր» խորագրեալ կարճ բանաստեղծութիւնը, որ տեղ գտած էր հեղինակին «Մէկ քարով երկու գարուն» ժողովածուին մէջ։
Ահաւասիկ.-

ԱՆՈՒՇԱՊՈՒՐ

Կաղանդ Պապա մը գար
Նուէրներ բերէր
Տար տար չհատնէր

Ծառ մը բարձրանար
Թիզ թիզ -օրէ օր-
Երկինք չհասնէր

Ինչ որ կեանք կ՛ըսենք
Անուշապուր մը ըլլար -ուտէինք-
Կեր կերչհատնէր

Բայց անուշապուրը միայն այս չէ։ Ու ինչպէս Մաթիկն ալ կը յիշէր արդէն, անուշապուրը է՛ր նաեւերգիծաթերթի մը անունը։
Այդ երգիծաթերրթը լոյս ընծայուած էր Պոլսոյ մէջ, 1926-1928, ԲԱԳԱՐԱՏ ԹԵՒԵԱՆի խմբագրութեամբ։
Օ՜, զիս որքան հեռուները տարաւ այս մոռցուած անունը։ 
Բագարատ Թեւեան 20-ական թուականներէն սկսեալ մինչեւ իր մահը (1967) տիրական ներկայութիւն մը եղած էր Պոլսոյ գրական ու հրապարակագրական բեմերուն վրայ։ Ուսանած էր Կեդրոնականի ու Պէրպէրեանի մէջ։ Ի ծնէ կաղ էր ու անթացուպով կը քալէր։ Ու այդ անթացուպին յենած՝ կը վազէր սրահէ սրահ, ձեռնարկներու ներկայ ըլլալու ու ատոնց մասին թղթակցութիւններ պատրաստելու համար։ Ի՜նչ կամք եւ ի՜նչ պատրաստակամութիւն։
Բ. Թեւեան եղած էր գիր-գրականութեան մեղուաջան մշակ մը։ Կատարած էր թերթօնային թարգմանութիւններ, գրած էր պատմուածքներ, յուշագրութիւններ, մանկական թատերգութիւններ, վէպերԲանտարկեալի մը օրագիրը»-1937, «Զսպանակի վրայ»-1951)։ Գործակիցներու օժանդակութեամբ հրատարակած էր «Պարտէզ» մանկաթերթը, երկար տարիներ։
Բայց ան, պոլսահայ գրականութեան պատմութեան մէջ թերեւս առաւելաբար պիտի յիշուի իր շա՛տ տարածուն «Երջանիկ Տարեգիրք»երով։
Արդարեւ, 1928-էն սկսեալ, ան ամէն Կաղանդի նախօրէին վարժեցուցեր էր իր պոլսահայ անհամար ընթերցողները ուրախացնել՝ անոնց սեղանին դնելով իր խմբագրած «Երջանիկ Տարեգիրք»ի հերթական համարները։
Ինչե՜ր ու ինչե՜ր կային այդ տարեգիրքերուն էջերուն մէջ։ Գրականութիւն, արուեստ, ազգային իրադարձութիւններ, երգիծանք, կաղանդչէքեր, եւայլն, եւայլն։ Տարեգիրքերու այս շարքը լոյս ընծայուեցաւ շուրջ 40 տարի, մինչեւ խմբագրին մահը։ 
Իր դուստրը եւս՝ Սեդան, գիրի համեստ ծառայող մըն էր։ Իսկ իր մանչը՝ քահանայ ձեռնադրուելով անցած էր Նիս ու հովուած տեղւոյն գաղութը։
Անո՛ւշ ըլլայ ձեր ճաշակելիք անուշապուրը։ Լ. ՇԱՌՈՅԵԱՆ

 

No comments:

Post a Comment