Monday, January 11, 2016

ԼԵԶՈՒՆ ԵՒ...

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Երեւան
Հայրենիքի մէջ հաստատուող սփիւռքահայուն համար էականը ոչ միայն լեզուի հարցն է, այլեւ մարդկային յարաբերութիւնը՝ բոլոր ծալքերով: Ահաւասիկ քանի մը պատկերներ, ուր կ՛արծարծուին այլաբնոյթ հարցեր:

Հանրակառքին մէջ
Շաբթուան մէջ հինգ օր առաւօտուն ժամը իննին թիւ ինն հանրակառքըաւթոպիւս»՝ տեղացիներու անուանումով, մեծ հանրակառք, իսկ փոքրերը կը կոչուին՝ «մարշուտնի») կը բարձրանայ հալէպցի հայր մը, ուղեղային թերաճութիւն ունեցող զաւկին ուղեկցութեամբ: Ան քսաներկու տարեկան թերաճ որդին ամէն օր թերաճներու կեդրոն կը տանի: Հանրակառքին յաճախորդները, որոնք նոյն ժամուն գործուղղուող նոյն անձերը կ՛ըլլան ընդհանրապէս, երբ հանրակառքը մօտենայ թերաճի սպասած կանգառին, թերաճին նստելու ազատ աթոռը պատրաստած կ՛ըլլան արդէն:
Հէ՛, հէ՛, հէ՛լսելի է թերաճին ձայնը հանրակառք բարձրանալու ժամանակ, անոր բարձրաձայն աղաղակները կը նուազին նստելէն յետոյ: Բոլորին համար անիմաստ այս աղաղակները վստահաբար թերաճին արտայայտութեան միակ միջոցն են: Մօտ տասնհինգ կանգառ յետոյ կը հասնի հանրակառքը թերաճներու կեդրոն: Մինչ այդ այլ կանգառէ մը կը բարձրանայ մայր մը, մանչուկին ձեռքը բռնած: Հազիւ փոքրիկը նկատած՝ թերաճը հրճուալից շարժուձեւերով նախկինէն աւելի բարձր ձայնով կը գոռայ, աջ ու ձախ կը շարժէ գլուխը. ուրախութեան արտայայտութիւններ ըլլալու են այս շարժուձեւերը, կարծես իւրայատուկ կերպով կը խօսի եւ կը խաղայ մանկան հետ:
Հանրակառքի յաճախորդները կը փորձեն մանուկը հեռացնել թերաճի տեսողութենէն, բայց ո՞ւր կրնան թաքցնել զայն: Ոմանց դժգոհ հայեացքները նկատելով, թերաճին հայրը ամօթէն չի գիտեր ինչ ընէ, մտքէն կ՛արտայայտուի՝ «Սա թաքսիները քիչ մը յարմար ըլլային, ամէն օր այս կացութեան չէինք մատնուեր», մինչ կողքի յաճախորդներէն մին՝ միջին տարիքի տղամարդը կը ջանայ մեղմել հօր վրդովմունքը.
Ախբեր ջան, մի՛ վշտանա, բան չի եղել, էսա կը հասնէք:

Շուկային մէջ
Սփիւռքահայ կին մը Երեւանի բանջարեղէնի շուկաներէն մէկուն մէջ հաճոյքով կ՛ունկնդրէ հայ վաճառողները: Գիւղացի կիներ, տղամարդիկ արտի բերքը բերած կը վաճառեն: Հազիւ թէ սփիւռքահայը կը նկատեն, կը սկսին բարձրաձայն ծանուցումներով հրաւիրել զայն, որսը կարթին մօտեցուցած ձկնորսներու նման.
Արի, քուրօ ջան, էժան կանաչի, պամիտոր, մրգեր ունեմ, թարմ ու համեղ
Ուրիշ մը.
Արի, քաղցր ջան, կծու կարմիր պիպառ ունեմ, դուք սիրում էք էս պիպառներից
Երրորդ մը, որ կաթնեղէններ կը վաճառէ.
Արի, քուրօ ջան, լաւ անալի թարմ պանիր ունեմ, ձերոնք ինձանից են առնում, թարմ կաթ, մածուն, ձու էլ ունեմ
Սփիւռքահայը կը մօտենայ բանջարեղէն վաճառողներէն մէկուն.
Սմբուկը թա՞րմ է:
Սմբուկն ի՞նչ ա, քուրօ ջան
Սփիւռքահայը ձեռքով ցոյց կու տայ.
Էս պատիրճան ա, թարմ ու քաղցր, էսօր եմ քաղել:
Իսկ ազատքեղ ունի՞ք,- կը հարցնէ սփիւռքահայը:
Ազատքեղն ի՞նչ ա, ի՞նչ էք ասում, բան չեմ հասկանում
Ազատքեղին փունջը ձեռքը առած ցոյց կու տայ վաճառողին:
Սա բետրուշքա ա, քուրօ ջան, հայերէնով՝ մաղատանոս, թարմ ա, հոտոտեցէք, կը զգաք, պամիտոր էլ ունեմ, հասուն, կարմիր, քաղցր:
Լոլիկն ալ պամիտո՞ր է, ի՛նչ լաւ, շատ չի տարբերիր արաբներու շուկայէն, անուանումները նոյնն են գրեթէ,- կ՛ըսէ սփիւռքահայը ու կը հեռանայ:

Հնակարկատին մօտ
Սփիւռքահայը արեւելահայ հնակարկատին.
Այս մոյկերուս կռունկները մաշած են, կարելի՞ է նորոգել:
Ի հարկէ, քուրօ ջան, բայց մոյկն ի՞նչ ա:
Ահա, այս ոտնամանները, դուք ի՞նչ կ՛անուանէք զանոնք,- եւ տոպրակէն հանելով ցոյց կու տայ զանոնք հնակարկատին:
Սրանք սապոք են, (ձեռքը բռնած կը զննէ ոտնամանները) նայեմ ո՞նց եմ սարքելու սրանց կռունկները:
Ի՞նչ լեզու է սապոքը:
Ռուսերէն է, քուրօ ջան:
Իսկ հայերէնով ի՞նչ կ՛անուանէք:
Հնակարկատը ձեռքի արագ շարժումներով երկու խումբի կը վերածէ ոտքերուն մօտ զետեղուած կօշիկները, մին՝ կանացի բոլոր տեսակի ոտնամաններ, միւսը՝ տղամարդու, ապա ցոյց կու տայ սփիւռքահայուն, մատնանշելով.
Սրանք կոչւում են կանացի կօշիկներ, իսկ սրանք՝ տղամարդկանց կօշիկներ:

Ազդալոյսին մօտ
Երեւանի ընդարձակ պողոտաներէն մէկուն ազդալոյսին մօտ սփիւռքահայ մայր մը գեղեցիկ, երիտասարդ դստեր կողքին կանգնած, այլ անցորդներու հետ կը սպասէ կանաչ լոյսին, յանկարծ.
Ո՛չ, ո՛չ
Կը լսուի աղջկան բարձր ձայնը: Արդէն կանաչ է լոյսը եւ անցորդները կ՛երթեւեկեն: Աղջկան մայրը բանէ անտեղեակ, անակնկալի եկած, կը հետաքրքրուի,
Ի՞նչ պատահեցաւ, ինչո՞ւ կ՛աղաղակես, ամօթ չէ՞:
Չտեսա՞ր, մա՛մ, կողքս կեցող երիտասարդը, չլսեցի՞ր ինչ ըսաւ, ի՛նչ համարձակութիւն
Ի՞նչ ըսաւ,- կ՛ըսէ մայրը, ուշադրութիւնը անցորդներուն վրայ կեդրոնացնելով:
Հետս ծանօթանալ կ՛ուզէ եղեր, առանց ամչնալուո՛չ բաց հագած եմ, ոչ ալ դէմքս շպարած (դողալով կ՛արտայայտուի աղջիկը), մենք արաբներէ՛ն չենք տեսած այս վարուելակերպը, մա՛մ, երբեք չէի ակնկալեր այս երեւոյթներուն հանդիպիլ հոս:
Մայրը կը փորձէ մեղմել աղջկան զայրոյթը, կը համոզէ զինք, որ ամէն հասարակութեան մէջ ալ կարելի է հանդիպիլ նման երեւոյթներու, կը յիշեցնէ, որ ծննդավայրին մէջ իրենք կը բնակէին առաւելապէս քրիստոնեայ շրջաններու մէջ, հեռու իսլամական թաղամասերէ, ամէն տեղ լաւն ալ կայ, գէշն ալբայց ի զուր, ո՞վ կրնայ հիասթափութիւններու շարանին վերջակէտ մը դնել:

Մանկապարտէզէն ներս
Երեւանի բոլոր թաղամասերու տարածքին կը գործեն քանի մը մանկապարտէզներ, դպրոցներ (տարրական, միջնակարգ, երկրորդական), ուստի բոլոր բնակիչներու մանուկները կը յաճախեն մօտակայ կրթական հաստատութիւններ: Նոյնն է պարագան նաեւ սփիւռքահայերուն, որոնք բնակութիւն հաստատած են Երեւանի գրեթէ բոլոր թաղամասերուն մէջ:
Ի դէպ, մանկապարտէզները մանկամսուրներու նման բացառիկ հոգատարութիւն ու խնամք կը տանին երեքէն վեց տարեկան մանուկներուն: Մանկապարտէզներու գործունէութիւնը կը սկսի առաւօտեան ժամը իննին եւ կ՛աւարտի յետմիջօրէի ժամը չորսին: Մանուկները զանազան աշխատանքներ կը կատարեն այս ժամանակահատուածին:
Սփիւռքահայ մայր մը կ՛ուղղուի շրջանի մանկապարտէզը հինգ տարեկան ճլվլուն, արագաշարժ ու խելացի դստրիկը տուն բերելու, ու հազիւ ներս կը մտնէ.
Մա՛մ, եկուր տես ի՞նչ ըրած եմ այսօր:
Ի՞նչ, աղջիկս:
Տե՛ս ի՞նչ գեղեցիկ ձեռայիններ պատրաստած եմ,- մօր ձեռքէն բռնած կը քաշէ դէպի ձեռային աշխատանքներու ցուցասրահը:
Նայէ՛, մա՛մ, աշնան տերեւները իրար եմ կպցրել, գունաւոր խմորներով գեղեցիկ աշնան մրգեր ու բանջարեղէններ եմ սարքել, Ընկեր Կարինէն ասաց, որ իմ ձեռայինները ամենագեղեցիկներն են: Նայիմ սրանց միջից իմ սարքածները կը գտնե՞ս: Սրանք պամիտորներն են, սրանք էլ քազարներ:
Ի՜նչ գեղեցիկ շիներ ես, աղջի՛կս,- մայրը ձեռքը բռնելով ստեպղինը՝ ի՞նչ էր այս բանջարեղէնին անունը,- կը հարցնէ աղջկան:
Քազար է մա՛մ, չե՞ս գիտեր:
Ոչ, աղջիկս, ստեպղին է, չե՞ս յիշեր անցեալ տարուան գիրքիդ մէջ նկարին տակ այդպէս գրուած էր:
Այո, մա՛մ, յիշեցի, բայց երեւի քազար ալ կ՛ըսեն, Ընկ.Կարինէն սխալ բան չի սորվեցներ:
Լաւ, աղջիկս, իսկ ի՞նչ ճաշեցիք այսօր:
Հաւու տոշով փլաւ եւ սուփ…:

 «ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

No comments:

Post a Comment