Monday, January 11, 2016

ՆԱՄԱԿ...


ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Սագօն այդ օր տուն չվերադարձաւ:
...Ուսուցիչը շարադրութեան նիւթ տուած էր «Նամակ մօր, հեռաւոր զաւակէն»:

-Դուք այս տարի պիտի աւարտէք դպրոցը: Ձեզմէ շատեր կրնան ուսանելու համար հեռանալ երկրէն: Դուք ձեզ ձեր ընտանիքներէն հեռու տեղ մը պատկերացուցէք եւ գրեցէք: 
...Սագօն այդ օր տուն չվերադարձաւ: Զինք գտան իր դպրոցական պայուսակին շնորհիւ, որ միակ ճանաչելին մնացած էր իրմէ:, որովհետեւ ականուած ինքնաշարժի պայթումը բոլոր զոհերը անճանաչելի դարձուցած էր:
Մայրը օրական քանի մը անգամ կը կարդար հեռո՜ւ, շա՜տ հեռու գացած Սագոյին դպրոցական պայուսակին մէջէն գտնուած, դասարանը սկսուած, տունը շարունակուելիք,կիսատ մնացած նամակ-շարադրութիւնը...
«
Սիրելի, ամենասիրելի մամաս,...»
-
Համո՛վ, ամենահամով տղաս,- կը պատասխանէր մայրը
Գիտեմ, նամակս կարդալուդ ընթացքին աչքերէդ արցունքներ պիտի հոսին.. Մամա մի՛ լար հաճիս...
-
Չեմ լար, տղաս,- արցունքը զսպել կը փորձէր մայրը::
«
Անչափ կարօտցած եմ քեզ, կարօտիդ չդիմանալու չափ 
-
Տղաս, անուշիկ ձագուկս, ես քեզ կը կարօտնայի քովս եղածդ ատեն ալ...
«.
Հիմա առանձնութեան մէջ կը հասկնամ կարօտ բառին իմաստը, երբ հոգիս տաքցնող բան գոյութիւն չունի շուրջս, որ ամբողջութեամբ լեցուած է քու բացակայութեամբդ...
-
Ձագուկս, աղուոր ձագուկս...
«
Ի՛նչ անխելք էի եղեր երբ միակ մտածմունքս հեռանալ էր, ինչո՞ւ ձգեցիր որ հեռանամ քեզմէ... աշխարհի մէջ կա՞յ բան մը որուն համար արժէ հեռանալ ընտանիքէն՝ թերեւս միայն մայր բառին լիարժէք իմաստը գիտնալու համար, թերեւս միայն ու միայն գիտակցելու համար այն անտեղի ցաւերն ու տառապանքները զորս պատճառած էի ամենաթանկագին էակին, ամենաանհեթեթ պատճառներով, օրինակ եթէ օր մը ճաշը ուշացած էր.. գիտե՞ս որքան կը կարօտնամ ճաշերդ..»:
-
Տղաս վերադարձիդ ամենասիրած ճաշերդ պիտի եփեմ...
«...
Մամի (կը յիշե՞ս մանկութեանս քեզ մամի կը կոչէի) դուն աշխարհի ամենագեղեցիկ մաման ես, ամենաբարին..»
-
Դուն ամենալաւ զաւակն ես, տղաս...
«...
Աղուոր մամաս, կը կարծես որ չե՞մ գիտեր թէ ինչ զոհողութիւններու գնով զիս ուսանելու ղրկեցիր... երբ աւարտեմ քեզ թագուհիի պէս պիտի ապրեցնեմ..
Հոս նամակը կիսատ կը մնար: Սագօն այդ օր տուն չվերադարձաւ եւ չկրցաւ աւարտին հասցնել նամակը...
Մայրը հիմա, Սագոյի դպրոցական պայուսակը ձեռքին՝ փողոցը, ուրախ-ուրախ ծանօթ անծանօթի կը պատմէր.. հեռու շատ հեռու գացած զաւակը ոչ միայն զինք չէր մոռցած այլ...
-
Զաւակս նամակ գրած է.. ան զիս թագուհիի պէս պիտի ապրեցնէ... զաւակս,՝ աշխարհի ամենալաւ զաւակը.... Չե՞ս հաւատար, կարդա՛ ...

No comments:

Post a Comment