Monday, January 11, 2016

ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱԼԷՊԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ

Hagop Kitabjian ԳԻՐՔԵՐՍ ՄԻՇՏ «ԿԻՒԼԵՍԷՐ»ԷՆ ԿԸ ԳՆԷԻ։ ՈՐԲ ԸԼԼԱԼՈՒՍ ՀԱՄԱՐ ՄԻՇՏ ԿԷՍ ԳԻՆՈՎ ԿՈՒՏԱՐ ԻՆԾԻ։


Sosy Mishoyan Dabbaghian Ես ալ ,պրն. Յակոբ, անգլերէնի դպրոցական գիրքերս «Էրիկ- կնիկ»էն կ'ապահովէի ու նոյն զարմանքը ես կ'ունենայի (ինչպէս գրողը), թէ աս անկանոնութեան մէջ ինչպէ՞ս կրնար ուզած գիրքդ անմիջապէս գտնել ու տալ:

Hrair Hagopian Ես Էրիկ-Կնիկը չեմ ճանչցած բայց լսած եմ իրենց մասին Պր. Խանճեանին գրութեան նման յօդուածով մը որ ղրկուած էր Հայկազեանի յուշամատեանին համար որ դժբախտաբար լոյս չտեսաւ


Hrach Kalsahakian Ես Նոր Գիւղի ճիզմէճեան գրատունը կը յիշեմ որ թէեւ գործածուած գիրքերով շատ չէր զբաղեր բայց ունէր նկարչութեան ու ձեռային աշխատանքի վերաբերեալ տեսակաւոր իրեր: Կը յիշեմ ցուցափեղկին մէջ զետեղած կ'ըլլար փայտեայ ստեղծագործութիւններ (օդանաւ, շոգեկառք, եւայլն): Հիմա միայն ֆիլմերու մէջ այդպիսի գրախանութներ կը տեսնեմ:


Harout Topjian Իսկ էրիկ-կնիկ խանութին ճիշդ դիմացը՝ Պողարեանին գրատունը...


Vahe H. Apelian Հալէպի Նոր Գիւղի Ճիզմէջեան գրատունէն գնուած հանգուցեալ ամէրմօրս Սուրբ Գիրքին վրայի կնիքը

Vahe H. Apelian's photo.

 

Ara Mekhsian Նոր Գիւղի Պէքեարեան գրատան կնիքը դրոշմուած՝ Յ. Թ. Գայաեանի Բառարան - Գանձարան Հայերէն Լեզուի բառարանի առաջին էջին վրայ։

Ara Mekhsian's photo.

 

 

No comments:

Post a Comment