Monday, January 11, 2016

ՎՐԷԺԸ


Իրապէս շատ ծանր էր մէկ անձի համար այդքան ծաւալով տգեղութիւն շալկել: Կարելի էր զայն հանգիստ կերպով բաժնել մի քանի հոգիի միջեւ , բայց ճակատագիրը այդպէս տնօրինած էր, որ ինք մինակը ուսամբարձ կրէր այդ պատիժը:
Եւ իր տգեղութեան չափ, կամ աւելի անհաճոյ՝ Նուարդ իրեն հետ կը պտըտցնէր նաեւ ստորակայութեան բարդոյթը:
Խեղճ մօրը համար եւս տառապանք մըն էր:Դառնութեամբ եւ նախանձով կը տեսնէր իր աղջկան ընկերուհիներուն մէկ- մէկ հարս ըլլալը: Յոյս չունէր, որ Նուարդը այդ ուրախութիւնը պարգեւէր իրեն:
Երկրորդականի դասընկերուհիներէն Հուրին, որ միաժամանակ իրենց մօտիկ ազգական էր, Նուարդին ճիշդ հակապատկերն էր:
Այն ինչ որ բնութիւնը զլացած էր Նուարդին, շռայլօրէն Հուրիին վրայ թափած էր. գեղեցկութիւն, վայելչութիւն, սլացիկ հասակ, ուշիմութիւն եւ ....հարստութիւն: Եւ ան գիտակից էր իր ունեցած բնատուր շնորհքներուն: Յոխորտ՝ կաքաւի քալուածքով, միշտ մանչերուն նայուածքը իր վրայ հրաւիրելով՝ դպրոց կը մտնէր գողտրիկ ժպիտ մը դէմքին վրայ: Բոլոր հանդէսներուն բեմին զարդն էր: 
Իսկ Նուարդին գոյութիւնն անգամ կ'անգիտանային, կամ կ'արհամարհէին: Այդ օրերուն մանկավարժութիւնը չէր զբաղեր «խտրականութիւն» ըսուած հարցերով:
Հուրիին մայրը երբեմն իրենց այցելութեան կու գար եւ առիթ չէր փախցներ աղջկան բարեմասնութիւնները գովելու, Նուարդին մօրը յաւելեալ կսկիծ պատճառելով: 
Նուարդին միակ բաւարարութիւն տուող բանը, ուտելն էր. չըսելու համար որկրամոլութիւնը: Տգեղութեան կողքին, գիրութիւնը կ'ամբողջացնէր իր մարմնին տձեւութիւնը:
Անյագօրէն կ'ուտէր: 
-
Կը բաւէ որոճա՜սկը բարկանար մայրը- նայէ՛ ինչի վերածուած ես:
-
Ինծի մի՛ նայիր, որ չնեղուիս - կը պատասխանէր Նուարդ հանդարտ , բերնին մէջ թխմելով կարկանդակի խոշոր պատառը:
Երկրորդական վարժարանին մէջ բաւական քաշքռտուելէ յետոյ, ամէն տարի վերաքննելի նիւթերով ծանրաբեռնուած, վերջապէս.... աւարտեց եւ անմիջապէս գործ մը գտաւ իրենց մօտակայ հիւսուածեղէնի գործարանին մէջ: 
Իսկ Հուրին անշուշտ համալսարանական ուսում պիտի ստանար եւ ան ընտրեց այդ օրերուն, Արեւելքի մէջ աղջիկներուն համար քիչ մը յանդուգն ասպարէզ նկատուող, ճարտարապետութեան ճիւղը: Բայց իր առջեւ ամենադժուար դռներն ագամ լայնօրէն կը բացուէին: Բախտաւոր աստղի տակ ծնած էր:
Որոշ ժամանակ մը յետոյ, փայլուն ապագայի հեռանկարով՝ Նուարդ մուտքի դիմում կատարեց Հիւսիսի երկրի դեսպանատան, գործարանատիրոջ իսկ թելադրութեամբ , որ արդէն իրեն համար գործ ապահոված էր հոն:
Պատասխանը չուշացաւ դեսպանատունէն. ընդունուած էր: 
Ձմրան ցուրտ եւ ձիւնոտ առաւօտ մը Նուարդ օդանաւ մտաւ հեռանալու համար այդ անբաղձալի միջավայրէն: Պիտի երթար տեղ մը, ուր ոչ ոք կը ճանչնար զինք, ուր պիտի ընդունէին զինք ինչպէս որ էր:
Տարիներու թաւալումին հետ, իր նիւթական վիճակը բարելաւուեցաւ եւ շնորհիւ սննդականոնի եւ գեղագիտական խնամքի, բաւական վայելուչ տեսք մը ստացաւ:Մայրն ալ իր քով բերել տուաւ.մինակ չէր այլեւս: .
Իր մէջ մարած էր նախանձի եւ ստորակայութեան զգացումը: Հիմա երջանիկ էր: Կեանքը սկսած էր ժպտիլ իրեն:
Օր մըն ալ նամակ մը ստացաւ Հուրիէն, որուն մէջ կ'իմացնէր, թէ իր մօր հետ պիտի այցելէին իրենց: Քիչ մը տարօրինակ թուեցաւ իրեն այս ինքնակոչ հրաւէրը,բայց չդժգոհեցաւ: 
-
Աս որքա՜ն փոխուած եմըսաւ ինք իրեն, -որ Հուրին այլեւս նախանձ չ'արթնցներ մէջս:
Երբ օդակայան գացին զիրենք դիմաւորելու, Նուարդ նկատեց, որ Հուրիին փորը բաւական կլորցած էր: Նախ վերագրեց գիրութեան, բայց, երբ իմացաւ իրականութիւնը տեսաւ, որ գիրութիւնը այս պարագային կը նշանակէր հինգ -վեց ամսու յղութիւն:
Հուրի սիրային արկածախնդրութիւն մը ունեցած էր իր դասընկերներէն մէկուն հետ, որ խոստացած էր ամուսնանալ իրեն հետ. սակայն հազիւ յղութեան լուրը իմացած, մէկ օրէն միւսը անհետացած էր:
Հուրիին ստացած կրօնական դաստիարակութիւնը եւ իր մօր խստաբարոյ սկզբունքները վիժում չէին թոյլատրեր. ոճիրի համազօր մեղք էր: Իսկ ամուրի աղջիկ մը, եթէ մայրանար Արեւելքի մէջ, արդէն մեծ գայթակղութիւն էր:
Միակ ելքը, ծնելիք պէպէքը որդեգրութեան տալն էր:Եւ Նուարդը որպէս ազգական եւ երկրէն դուրս ապրող, այս պարագային ամենայարմար եւ վստահելի անձն էր: 
Այդ գիշեր Նուարդը եւ մայրը երկարօրէն խորհրդակցեցան այս բարդ հարցին մասին: 
Առաւօտուն յայտնեցին իրենց դրական պատասխանը Հուրիին, պայմանաւ սակայն, որ որդեգրութիւնը ըլլար օրինաւոր, որպէսզի յետագային չնախատեսուած բարդութիւններ չստեղծուէին: 
Ամիսներ անցան: Նուարդ գիրկը առած էր անուշիկ, գիրուկ պէպէք մը եւ կուշտ ու կուռ կը համբուրէր եւ գորովալից զինք կուրծքին կը սեղմէր:Մէկ օրէն միւսը «մայրացած» էր: Իր ուրախութեան չափ ու սահման չկար: Կեանքը լիցքաւորուած էր:
Հուրիին պնդումներուն վրայ, մի քանի անգամ Նուարդ պէպէքին նկարները ղրկեց. այնուհետեւ նամակները երկուստեք դադրեցան: 
Տարի մը յետոյ, բարեկամուհիէ մը իմացաւ Հուրիին ամուսնութիւնը մեծահարուստ թեկնածուի մը հետ: 
Առտու մը սակայն , անակնկալ նամակ մը զինք տակնուվրայ ըրաւ : Հուրին կ'իմացնէր թէ պիտի գար զաւակը տեսնելու եւ շարժառիթը կը բացատրէր: 
Մի քանի ամիս առաջ վատորակ ուռի մը պատճառով, արգանդը հանած էին եւ այլեւս յղիանալու բախտէն զրկուած էր:Նամակին մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրէր վիրաբուժական գործողութիւնը, կազդուրումը , բայց մանաւանդ իր հոգեկան տագնապը, յուսահատութիւնը: Մխիթարանքի վերջին լաստը պիտի ըլլար գալ իր մանկիկը գրկել . իր մայրական բնազդին յագեցում տալ մի քանի օր:
Ապա վերջաւորութեան, քիչ մը տարակուսանքով , կը հարցնէր, թէ արդեօք Նուարդ նկատի առնելով իր ամլութիւնը, բարի պիտի չըլլա՞ր զաւակը իրեն վերադարձնելու. թէեւ գիտէր , թէ օրինաւոր կերպով անոր կը պատկանէր այլեւս:
Առաջին անգամ էր, որ Հուրին ալ այլոց նման կը իր մորթին վրայ կը զգար տառապանքը, յուսալքութիւնը: Ճակատագիրը իրեն հանդէպ անգութ գտնուած էր այս անգամ:
Նուարդ սկիզբը խղճաց ընկերուհիին , սակայն երբ կարդաց վերջին պարբերութիւնը՝ բարկութենէն արիւնը գլխուն խուժեց :Ինք Հուրիին խաղալի՞քն էր, որ իրեն հետ վարուէր ըստ իր քմահաճոյքին: Երեք տարիներու ընթացքին, փոքրիկը դարձած էր իր կեանքին,իր էութեան առանցքը,իր երջանկութեան միակ աղբիւրը:
Իր մէջ տարիներով կուտակուած արհամարհանքը , վիշտը, անտեսումը, որոնք անթեղուած էին հոգիին խորքը, հիմա յանկարծ արթնցան, գլուխ բարձրացուցին: Եկած էր հաշուեյարդարի վայրկեանը: 
***************
Երկու ամիս յետոյ Հուրիին ուղարկած նամակը վերադարձաւ իրեն: Հասցէագրուած անձը հոն չէր ապրեր այլեւս:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

 

No comments:

Post a Comment