ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ «ԳԱՆՁԱՍԱՐ»ին կը գրէ.
Իբրեւ թէ Հայաստանը ապահով երկիրներու շարքին 60-րդն է… եւ ուրախացողներ ալ կան, քանի վաթսունը հարիւրէն աւելի լաւ է…
Մարդաբաններն ու հոգեբանները կ՛ըսեն, որ արեւելքցին աւելի զգացական կ՛ըլլայ եւ անոր հետեւանքով ալ` տաքարիւն, դիւրագրգիռ, դիւրազգաց, շուտ հակադարձող, տաք վիճող, շուտ ջղայնացող, եւայլն, եւայլն:
Այս բնութագրումը կը թուի թէ բաւական ճիշդ է, երբ փորձենք, որպէս արեւելքցի, մենք մեր մէջ եւ մեր շուրջը դիտել:
«Բաւական ճիշդ»ը կ՛ըլլայ «լրիւ ճիշդ», երբ կը ծանօթանանք Հայաստանի հայերուն: Այստեղ է, որ վարկածը կը դառնայ շօշափելի իրականութիւն: Գրեթէ շաբաթ չ՛անցնիր, որ Հայաստանի մէջ սպանութիւն չպատահի: Սովորական տարակարծութիւն մը, վէճի կը վերածուի, վէճը քաշկռտուքի, որուն կը յաջորդէ ծեծուըտուքը, դանակն ու ատրճանակը եւ անպայման մի քանի դիակ…
Հայաստանը, կ՛ըսեն, աշխարհի ամենագրագէտ ու զարգացած ժողովուրդը ունի. անուս, անգրագէտ մարդ չկայ ընդհանրապէս: Հոյակապ, հպարտացնող իրականութիւն, սակայն եկուր տես, որ այդ զարգացած մարդիկն անգամ, խօսքով իրար չեն հասկնար ու կը կռուին: Քաղաքակիրթ (իբր թէ), կերած-խմած, դրամ դիզած մարդիկ են այս տխուր պատմութիւններուն հերոսները եւ անշուշտ հիմնական պատճառը կա՛մ դրամն է, կ՛ամ կինը. ընդհանրապէս դրամը, քանի կնոջ համար շատ չեն կռուիր: Դրամ եւ տոլար, եւրօ… եւ սեփական «ԵՍ»ի պարտադրանքը:
Հասկցանք, որ ձեր «դժուար շահուած» դրամին տէրն էք, նաեւ կըռնակնիդ զօրաւոր է եւ անպայման ձեր խօսքը կ՛ուզէք քալեցնել. լա՛ւ, բայց ինչու՛ ձեր հարցերը ոտքով ձեռքով կը լուծէք, ինչու՛ անմիջապէս դանակի ու ատրճանակի կը դիմէք դիմացինին լռեցնելու, կամ ձեր իրաւունքը ետ առնելու համար: Ոստիկանութիւն չկա՞յ, դատարան չկա՞յ. ինչու՞ կը դիմէք լուծումի ամենադաժան ու ողբերգական ձեւին, առանց մտածելու, որ ձեր զոհին հետ դուք ալ պիտի տուժէք, բանտ պիտի մըտնէք, (եթէ անշուշտ բռնուիք)…
Հայաստանը իսկապէս ապահով երկիր է, անապահովութեան հարցը սահմանային գօտիներուն կը վերաբերի, ուր ազերիներ յաճախ կը կրակեն սահմանամերձ գիւղերու վրայ: Հայաստանի մէջ, ցերեկ թէ գիշեր, քալած ատենդ ոչ մէկը քեզ կ՛անհանգստացնէ, գողութեան դէպքեր գրեթէ աննշան են, ո՛չ ճամբադ կտրող կայ, ոչ ալ դանակով, կամ ատրճանակով սպառնացող. բայց իրար մէջ, անհանդուրժողականութիւնը եւ ալքոլի ազդեցութեան տակ ալ, հաշիւ մաքրելը ծայրայեղ միջոցներով, կը խանգարէ ընդհանուր ապահովական պատկերը:
Ի միջի այլոց, ալքոլի մասին խօսեցայ եւ անպայման կ՛ուզեմ ըսել, որ Հայաստանի մէջ ալքոլի անսահման գործածութիւն կայ. ջուրէն աւելի ալքոլ կը սպառի: Այս օրերուն պէտք է տեսնել Երեւանի հանրախանութները, ուր Նոր Տարուան որպէս նախապատրաստութիւն, ինչ առատ ալքոլի վաճառք կայ: Երեխաներուն խաղալիքներուն չափ, մեծերու «խաղալիք» դարձած է ալքոլը, որուն զոհերը իրե՛նք խաղալիք կը դառնան մի քանի գաւաթ կոնծելէ ետք:
Յակոբ Միքայէլեան
No comments:
Post a Comment