Monday, January 11, 2016

Գիրքերու եւ այլ բաներու մասին

ԳԻՐՔԵՐՈՒ ԵՒ ԱՅԼ ԲԱՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ

Ամերիկեան գիրքերու «շուկայ»ին վրայ ցանկերու կը հանդիպինք յաճախ, Top Ten-էն մինչեւ տարուան լաւագոյն 100 գիրքերը: Ասոնք «դասական» ցանկերն են: Վերջերս այլ տեսակի ցանկեր կ'երեւին ընկերային կայքերուն վրայ, ինչպէս օրինակ «32 գիրքեր, որոնք անպայմանօրէն կեանքդ կը փոխեն» (փոխեր են, պիտի փոխեն եւ այլն), կամ նման պոռոտ եւ ուսռւցիկ խորագիրներով ցանկեր: Բոլորն ալ կը կարդամ - ցանկերը անշուշտ - եւ միշտ երկու տեսակի ապրում կ'ունենամ. նախ զարմանք, որ այս բոլոր ցանկերուն մէջ կրկնուող խորագիրներ գրեթէ չկան, եւ ուրախութիւն, որ անոնցմէ մէկ քանին կարդացեր եմ: Անշուշտ խօսքս ընդհանրապէս ԱՄՆի մասին է - թէեւ Ֆրանսան, Աւստրալիան եւ Անգլիան ալ նման սովորութիւն ունին - ուր երբեմն այլ երկիրներէ եկող գրագէտներու գիրքեր ալ կը հրատարակուին: Եւ կրկին յարգանք կը զգամ ամերիկեան ծանուցողական մեքենային առջեւ, որ նախ կրնայ ոեւէ մէկուն հետաքրքրութիւնը կարթել որեւէ նիւթի առնչութեամբ, ապա համոզել այդ մէկը որ գոնէ փորձէ ծանուցուածը: Ասիկա արհեստավարժութիւն է: Այս բոլորը տեսնելէ եւ գիտնալէ ետք ինչպէ՞ս մեղադրել մերինները, որ հայերէն գիրք չեն կարդար, երբ մեր ցանկերը բնաւ չեն նորոգուիր: Ներողութիւն, ցա՞նկ ըսի. ի՞նչ ցանկ: Քանի մը տարի առաջ ձեռնարկեր էի «Այն տասը գիրքերը որ իւրաքանչիւր հայ պէտք է կարդայ կամ կարդացած ըլլայ» ցանկը կազմելու: Փառաւորապէս ձախողեր էի: Անոնք, որոնց հարցուցեր էի, չէին կրցած տասը գիրքի անուն քով քովի դնել եւ ներկայացնել: Ո՜ւր մնաց՝ նորոգուող ցանկեր ներկայացնել: Ալ ինչի՞ մասին կը խօսինք:

No comments:

Post a Comment