Մարիանա-Պերթիզլեան-Ղազարեան եռագոյնին կը գրէ.
Երկինք է թէեւ, բայց հարբած է, հեւք ունի սրտին, տխուր տարուած է մտքերով: Ամպերը իրարու անցած, գունաթափած, թուլօրէն կը շնչեն` համակուած ամպրոպին սպառնալիքով: Հողը մերկ է, կ՛այրի, գետերուն ուղղութիւնը փոխուած է: Անապատացած անդունդները ծարաւ են ծուէն մը ամպի զոհաբերման սպասումով: Անոնք կը պատրաստուին ճեղքուելու, որ անյագօրէն ըմպեն եւ կլանեն անձրեւի բարեբեր լիութիւնը, ուր որ է` ընդերքը կը պայթի անյագ յուզումով, անձրեւախառն խոնաւութեան բուրմունքը կը տարածուի ամէնուր: Շուտով դաշտը կ՛ընձիւղի, կը յորդի տաք ծիլերով, բողբոջներով:
Ծիլերուն եւ անապատացած մակերեսին միջեւ սէրն է հիմա թափանցիկ կախուած շնչառութեան նման, որ հաստատակամօրէն կը ժպտի` թոյլ չտալով հրաբուխերուն, որ ժայթքին, արեւը ձեռքով բռնած ամուր, որ չսահի, թէեւ բոլորի տեսողութենէն անտես կը կաթի երկինքէն իբրեւ բարիք, իբրեւ խօսք:
Երկինքը հիմա պարզ է, տիրական ու սթափ. ամպերը ցօղ կը կաթեցնեն, կը բաշխուին տոչոր ցամաք ու բերանաբաց անհամբեր սպասող վարիններուն` համբոյրի ջերմութեամբ…
Երկինքը կրկին հարբած է…
Գունաւոր, կապոյտի երանգներով պճնուած մոլորակը կ՛ըմպէ երկնային գինին, զգլխիչ երանգներով, տաքուկ շնչառութեամբ ինք եւս կը ստեղծագործէ:
Ի՜նչ լաւ է ամէն բան…
……………………………………………………………………..
Լռութիւն է, կը խողխողեն կրակոցով
Լուռ կը ճեղքուի սիրտը խաղաղութեան:
Ոսկեգոյն խաչեր կարմիրով կը ներկուին, գմբէթներ կը փշրուին արիւնարբուի ժանիքներով… Հոս-հոն սպաննուած աղաւնիներ են… օդին մէջ մնացած ճօճող մարդկային անզօր ձեռքեր…
Հիմա գինով պոռթկացող բիծեր են սպիտակ թուղթին, թարախոտ բիծեր` կապոյտ մոլորակի մակերեսին, յետոյ` փոսեր ահագին… Անձրեւի կաթիլներ ցիր ու ցան բառեր կը սփռեն… արիւնով հարբած ծիլ ու բառ կը ծաղկին հերոսի հողաթումբին:
Կը հոսի արեւի գինին…
Լուռ կը խոցուի սիրտը երկրագունդին…
Արիւնաքամ հողը կրկին կը քամուի արիւնահոսութեամբ:
Արեւը հսկայ երկնակամարին գիրկը լռիկ ու անխօս կու լայ իր Միածին երկրի այրիութիւնն ու ցաւը:
Լուսինը կասկարմիր արիւն կը հեղէ, լուսնի մակերեսը ողողուած է արեամբ աստուածներու, որոնք իբրեւ փրկագին իրենց մարմինն ու դնդերները տուած էին սուտ ու դաւաճան հերոսներուն…
Արեւը կը յայտարարէ. «Դեռ չէ հասած իմ հեռացման ժամս»: Ոչ ոք գիտէ ահեղագոռ այդ պահուան մասին… Դեռ որքան մարդկային սրտեր պէտք է փորձուին ու խողխողուի սիրտը երկրագունդին: Մինչեւ խաղաղի, ամպերով վեր ելլէ կամ վար իջնէ ամէն բան, ու երկրի մակերեսին` նոր երկինք ստեղծուի ու նոր երկիր…
Թզենիին ճիւղերը կակուղցեր են, տերեւ կ՛արձակեն, ամառը մօտ է: Հունձքը պատրաստ է ժողվուելու…
Նշանները ամբողջացած…
Կը շտապեն, կը վազեն բոլորը , բայց դէպի ո՞ւր, ոչ ոք գիտէ…
No comments:
Post a Comment