Monday, January 11, 2016

Ողջո'յն Ձեզի, Սուրիահայեր, Ողջո'յն Քեզի Հալէպահայ


ԿԻՐԱԿՈՍ (ԿԱՐՕ) ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Ողջո'յն ձեզի, դո'ւք որ արժանացաք եւ դեռ կ'արժանանաք ձեր հաստատ եւ պինդ կամքը գործադրելու հաճոյքին՝ կեանքի ամենադաժան պայմաններուն մէջ իսկ: 
Ողջո'յն ձեզի, դո'ւք, որ ձեր իմաստուն ենթագիտակցութեան մէջ ունիք համոզումը, որ ձախորդ օրերը կու գան ու կ'երթան: 
Ողջո'յն ձեզի, դո'ւք, որ ձեր դիմադրութեան պատճառներուն մէջ մեծ տեղ յատկացուցած էք մարդասիրական նպատակներուն եւ դուք ձեզ կը համոզէք, որ ձեր հեռանալով ՝ գուցէ լքած պիտի ըլլաք ծնողք, ընկեր մը, բարեկամ մը, աշակերտ մը, սիրելի մը, ծերունի մը, մանուկ մը կամ դրացի մը...
Ողջո'յն ձեզի, դո'ւք, այր մարդեր եւ հայրեր, որ կառչած կը մնաք ձեր անձնական տան, ձեր օճախին, ձեր գործատեղիին, հալալ հարստութեան եւ կենցաղին:
Ողջո'յն ձեզի, հայ մայրե'ր, որ ձեր տան հօր կողքին ամրօրէն կառչած կը մնաք ի սէր եւ ի խնդիր ձեր զաւակներուն եւ օճախին պաշտպանութեան ու պահպանման:
Ողջո'յնձեզի, դո'ւք, որ արդէն կը նկատէք, թէ հեռացողներուն մեծամասնութիւնը գոհ չէ իր գաղթօճախէն եւ կ'ուզէ վերադառնալ բոյն:
Ողջո'յն ձեզի, դո'ւք ազգային փառապանծ հոգիով եւ ոգիով լեցուած անհատներ ու անձնաւորութիւններ, դուք , որ կը հաւատաք եւ համոզուած էք, թէ ձեր հեռանալով՝ լքած պիտի ըլլաք շատ դժուարին պայմաններու մէջ ու հեւիհեւ, մեծ զոհողութիւններով յառաջացած եւ ստեղծուած ազգային վիթխարի հարստութիւններ՝ դպրոցներ, մարզական, մշակութային կառոյցներ, կրօնական հաստատութիւններ, կեանք եւ եռանդուն շարժում:
Ողջո'յն ձեզի, որ պաշտօնի վրայ կամ անպաշտօն չէք կրցած համոզուիլ, որքան ալ ուրիշներ համոզել ուզեն, որ կարելի չէ 100 տարուան երկար ժամանակամիջոցին կառուցուած եւ շինուած նիւթական ու մշակութային կառոյցներ, հայկական արուեստի անփոխարինելի արժէքներ, զորս իրենց տէրերը դէզ առ դէզ, օրէօր, ղուրուշ-ղուրուշ հաւաքելով յառաջացուցած են եւ հիմա կը զարմանան, թէ ինչպէ'ս կրնան երթալ ու հեռանալ՝ զանոնք թողելով այլազգին եւ կոտրել շղթան: 
Յատուկ ողջոյն կրթական եւ դպրոցական ասպարէզի մշակներուն, որոնք ամէն գնով եւ յաջողութեամբ կը պաշտպանեն ու կը պահպանեն հայ աշակերտին ու ուսանողին կրթական, բարոյական արժէքները, հայու հոգեբանութիւնն ու գիտացութիւնը՝ փորձելով զերծ պահել սուրիահայ մատղաշ սերունդը պատմութեան մէջ նմանը չպատահած, վայրագ ու քանդիչ առկայ կացութեան հետեւանքներէն:
Մե'ծ ողջոյն Ազգային իշխանութիւններուն, մանաւանդ՝ ազգի հոգեւոր ղեկավարներուն, որոնք իրենց իշխանական խիզախ խօսքով, գործով եւ վեհ, շարունակական կեցուածքներով տէր ու պահապան կը կանգնին ազգի զաւակներուն եւ հաստատութիւններուն՝ հակառակ կեանքի տիրող սպառնալից պայմաններուն: 
Ողջո'յն ձեզի, հայ մամուլի աշխատակիցներ, դուք գրիչի զինուորներ, որ ռումբերու տակ իսկ տքնեցաք եւ մայր գաղութին լուրերը հասցուցիք համայն հայութեան, երբ միւս բոլոր թերթերը Հալէպի մէջ լոյս չէին տեսներ եւ տակաւին կը շարունակեն լուռ մնալ: 
Խունկ եւ աղօթք ձեր շիրիմներուն, դուք՝ խելագար ռմբակոծումներու զոհ նահատակներ, թող ձեր հոգիները յաւէտ ըլլան խաղաղ, եւ ձեր յիշատակը մնայ միշտ վառ:
Ողջո'յն եւ ծափ ձեզի, դուք՝ սիրելի կտրիճ մարտիկներ, որ ձեր օծուած կուրծքերով կը հսկէք ազգն ու անոր լինելիութիւնը՝ ցուցաբերելով բարձրագոյն պատասխանատուութեան զգացում եւ սուրբ զոհաբերութիւն, դուք ՝ հայոց ֆետայի', հերո'ս հարազատ զաւակներ, հազա'ր համբոյր ձեզ:
Ողջո'յն քեզի, իմ սուրիահայ եղբայր, որ հազարումէկ տանջանքներով դիմագրաւեցիր առօրեայ անակնկալ պայթումներն ու դժբախտութիւնները, դուն եւ քու ընկերներդ, որ առանց նշանակուելու՝ պահակ դարձաք ազգին ստացուածքներուն եւ կալուածներուն, կառչելով ձեր հայրական հողին, սուրիական հայրենիքին, որ անկեղծօրէն կ'արժէ ձեր եւ մեր զոհողութիւնները, եւ դուք ամենախիզախ եւ պատուաւոր, վտանգին կեդրոնը ապրող հալէպահյեր, ողջո'յն ձեզի:
Հապա դո՞ւն, իմ ծննդավայր եւ օրրան Հալէպ քաղաք, դուն՝ քաղաքներու գեղեցկուհին, որ քու արատաբեր ստինքներուդ մեղրահամ կաթով կերակրեցիր մեզ եւ մարդկութեան բոլոր զաւակները անխտիր դարեր շարունակ, դուն՝ իմ սիրելիս, որ օրինակ դարձած էիր ամէնէն արգասաբերին, ամենաքաղցրին, ամենահաճելիին, ամէնէն ապահովին եւ ամենաբարեբերին. դուն՝ որ զոհ դարձար բարբարոս, վայրենի, անգութ դաւաճան խուժաններուն, որոնք դեռ կը բզկտեն քեզ, դուն որ փիւնիկի պէս շուտով պիտի վերածնիս եւ արծուի նման սաւառնիս դարձեալ՝ աւելի վեհ ու գեղեցիկ, դուն՝ իմ սիրելի'ս ի'մ Հալէպ, ազգիս հայոց առաջին բոյն ու ապաստան խաղաղութի'ւն քեզ:
«
Ազդակ» 12 Նոյեմբեր 2015

 

No comments:

Post a Comment