ՊԵՐՃՈՒՀԻ ԱՒԵՏԵԱՆ
Դեկտեմբեր ամիսի ժամանման հետ զարդարանքները ողողեցին մայրաքաղաքը, խանութները, փողոցները կը խայտան ամենագեղեցիկ զարդարանքներով, նոյնիսկ սարսռացող, տերեւաթափ ծառերը լոյսի պլպլուն հատիկներով կեանք առած աչք կ՛ընեն: Հսկայ հրապարակներու վրայ կաղանդի ծառեր կ՛աւետեն սպասուած նոր տարին: Անցեալ տարի եւս նոյն հանդիսութեամբ մարդիկ կը դիմաւորէին այժմ ծերացած, դողդոջուն քայլերով հեռացող տարին… մարդկային վարմունք (ինչպէս կը դիտուին ծերունի հայրերն ու մայրերը):
Ու կը յիշես անցնող տարիները… այն ինչ ունէիր ու կորսնցուցած ես, այն ինչ ունէիր ու քեզի համար շատ սովորական ու անարժէք կը թուէր, այն ինչ մնաց հոն` պատմական քաղաքին մէջ, յուշերուդ խորքը:
Երբ փոքր էինք, հայրս կաղանդէն քանի մը շաբաթ առաջ եղեւնի կը բերէր, այդ օրերուն բոլորն ալ նոր տարուայ սեմին իսկական եղեւնի կը զարդարէին: Ես միշտ ալ սիրած եմ դիտել սիրուն զարդարուած տօնածառեր… բայց զարդարել բնա՛ւ, զարդարելն ու զարդարուիլը այլ մասնագիտութիւն է:
Ինչ խօսք այդ օրերու գոյնզգոյն խաղալիքներով ու բամպակի ծուէններով զարդարուած եղեւնին, ներկայի արուեստական տօնածառի պերճանքին, փայլփլուն աչք շլացնող լոյսերուն հետ բաղդատելով թէեւ աղքատիկ` բայց բնական հմայչութիւն ունէր: «Պարզութեան մէջ է գեղեցկութիւն»ը արտայայտութեան համաձայն:
Յետոյ քայլ պահելով նորաձեւութեան հետ, օր մըն ալ ունեցանք փոքր արուեստական տօնածառ մը:
-Ներսի շուկայէն ի՜նչ գեղեցիկ տօնածառ մը գնած է ընկերուհիս, երթանք մենք ալ առնենք,- կ՛ըսէ տան մէջ գեղեցիկ ու նորաձեւ իրեր զետեղելու հետամուտ քոյրս:
-Մեր ունեցածով կաղանդ չի՞ գար,- կը յարեմ, ընդհանրապէս զարդարանքներու հանդէպ վերապահ, հնաոճ ու զուսպ իմ մտածելակերպէս թելադրուած:
-Դուն ալ շատ զարմանալի ես, անշուշտ այդ տօնածառերը գեղեցիկ են,- մայրս կ՛եզրակացընէ իր կողմնակցութիւնը բացայայտելով:
Հայու կէներուն մէջ է կատարեալն ու գեղեցիկը ցանկալը, կ՛աշխատի, կը ճգնի ու լաւագոյնը կը կերտէ, հոգ չէ թէ օր մըն ալ այդ բոլորը ակնթարթի մէջ լքէ:
***
Այդ օրերուն ներսի շուկան…
Երկիրը բարիքներու մէջ կը լողար, իսկ Հալէպը` երկրի ճարտարաուեստի, վաճառականական մայրաքաղաքը իր փառքով կը ծաղկէր, մինչ մենք` հայերս աւանդական, ընտանեկան բարքերուն հաւատարիմ, կաղանդը, Սուրբ Ծնունդը, Յարութեան տօնը… բոլոր տաղաւարները արժանաւորապէս կը նշէինք:
Այդ օրերուն…
Նոր տարուայ սեմին, ներսի շուկայի «Սուէայ»ի խաղալիքներու բաժնին մէջ կողք-կողքի, իրար գրկած, իրար հրմշտկող, բայց միշտ իրար հետ հաշտ խանութներուն մէջ հայերէնը կը հընչէր, ուսուցչուհիներ, միութենական տիկիններ կ՛անցնէին կրպակէ-կրպակ, կ՛ընտրէին, կը սակարկէին… ու վաճառողները համբերատար, ժպիտով, դարձուածքներով, բարի գալուստի, երթաս բարովի քաղցր խօսքերով կ՛ընդունէին, ճամբու կը դնէին, նոյնիսկ եթէ ամէն ինչ խառնէիր ու բան չգնէիր:
Մենք երկրորդ խանութէն իսկ… զանազան տօնածառերու մէջ շրջելով, մին շարժելով, միւսին ճիւղերը շօշափելով, միւսին գոյնը բաղդատելով վերջապէս հատ մը ընտրեցինք, սակարկեցինք հաւատալով, որ յարմարագոյն տօնածառը, նուազագոյն գինով կրցանք ձեռք ձգել: Ապա սկսանք մտմտալ թէ այդ նեղ անցքէն մինչ պողոտայ ինչպէս պիտի հասցնէինք հսկայ տուփը: Վաճառողը հաւանաբար ենթադրեց մեր մտահոգութիւնը ու միջամտեց:
-Դուք անհոգ եղէք, գործաւորը մինչեւ անկիւնը կը տանի տուփը, հոնկէ թաքսի կ՛առնէք,- ըսաւ լուծելով հարցը:
Այդ օրերուն «Սապաա Պահրաթ»ը…
Անհամար անցորդներ մայթերուն վրայ, մայթերէն վար, անզգոյշ, անտարբեր լոյսին կամ շչակին պողոտան հատող: Անհամար ինքնաշարժներ, արգելակներու ձայներ, հայհոյանքներ, հրմըշտուքներ:
Հսկայ տուփը մայթին կռթնեցուցած` անցնող- դարձող թաքսիները կը հրաւիրենք անընդհատ, բոլորը անտարբեր, կարծես խօսքը մէկ ըրած կ՛անտեսեն ու կ՛անցնին. երկար սպասումէ յուսահատ կը գրկեմ հասակիս բարձրութեամբ տուփը ու.
-Քալելով պիտի տանինք, ուրիշ ելք չկայ… արդէն այս խճողումին թաքսին նեղ մուտքէն պիտի մերժէ անցնիլ,- կը փորձեմ մխիթարուիլ:
Ու անզգալաբար կը կրկնեմ.
-Ո՜ւֆ, եթէ այս ծառը չըլլար, կաղանդ չպիտի գար, շունչս գնաց.. թող քէֆդ գայ:
-Տուր ես շալկեմ, երբ զարդարենք` դուն ալ պիտի վայելես… տո՛ւր ըսի,- քոյրս կը քաշէ տուփը, այս անգամ ինք կորսուելով անոր հսկայ հասակին ետին:
-Ես չեմ զարդարեր, այսքանը բաւարար է,- կը նախազգուշացնեմ:
Քրտնաթաթախ կեցած ենք սենեակին սեմին, քոյրս ոգեւորուած նոր ծառը ցոյց կու տայ հիւանդ հօրս:
-Անպայման հասակիդ չափ պիտի ըլլայ,- հայրս անկողնին մէջէն գլուխը կը բարձրացնէ, տակաւին իր երգիծական ոճը պահած խօսելով:
-Անպայմա՛ն, բոլորիս հասակին,- կ՛երկրորդեմ ես:
-Հօրդ քիթէն ինկեր ես,- մայրս իր կարծիքը կը յայտնէ ցած ձայնով, որ հայրս չլսէ, մինչ ես կը նկատեմ հօրս գուշակող ծամածռութիւնը:
Կը պատկերացնեմ հին օրերու եղեւնին, որ հոն ճիշդ հօրս պառկած անկիւնը կը կանգնեցնէինք թիթեղէ տակառին մէջ:
«Կարմիր աստղը գագաթին, ծառին տակ ձմեռ պապին»…
Հիւսիսային պողոտան, հրապարակը, խանութներու մուտքերը, բոլոր, բոլոր փողոցները զարդարուն կը սպասեն նոր տարուան: Իսկ ի՞նչ է կը սպասուի նոր տարիէն, ի՞նչ է տարբերութիւնը հինին եւ նորին միջեւ.. պարզապէս ակնկալիքներ, բոլորն ալ բարի, յուսալի:
Մենք տունը տակաւին տօնածառ չունինք… հաւանաբար տօնածառ չզարդարենք:
Մեր երբեմնի տունը, տան այն անկիւնը, ուր հսկայ ծառը փառաւոր տեղ կը գրաւէր լման ամիս մը հասակը ցցած, պարտադրաբար թաղուած է յուշերու պահարանին մէջ… ու անսպասելի երբեմն գլուխ կը բարձրացնէ: Երբեմնի՞… ժամանակաւորապէ՞ս… ընդմի՞շտ, բառերը պիտի ծածկուին հին տարուան փոշիին տակ:
Նոր տարի ու նոր կեանք:
Հաստատ որ անհամար տօնածառերու տեսքը լաւատեսութիւն ու յոյս կը սփռէ:
Ու ամենասպասուած մաղթանքը` Բարի, Խաղաղ տարի ԲՈԼՈՐԻՆ:
No comments:
Post a Comment