ՀՐԱՉ ՔԱԼՍԱՀԱԿԵԱՆ
Երէկ հողին յանձնուեցաւ վաստակաւոր կրթական գործիչ Մկրտիչ Թիւթիւնճեանի մարմինը՝ Լաթաքիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած թաղման կարգէն ետք:
Հանգուցեալը քսան եւ աւելի տարիներ ծառայած էր որպէս տնօրէն Հալէպի Կրթասիրաց Վարժարանին մէջ՝ 1970ական թուականներէն սկսեալ:
Ծնած էր 1941ին Հալէպ եւ շրջաւարտ եղած էր Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն:
Կեանքի վերջին տարիներուն Սուրիոյ դէպքերուն պատճառով հաստատուած էր Լաթաքիա:
Պաշտօնավարութեան իր շրջանին Կրթասիրաց վարժարանը (որ այդ ժամանակ նախակրթարան էր) յաջողած էր պահպանել 400ի հասնող աշակերտութեան թիւ:
Իր տիկինը՝ Սիհան Թիւթիւնճեանը, որ եղած է Կիպրոսի Մելգոնեանի շրջանաւարտ, երկար տարիներ պաշտօնավարած է Քուէյթի եւ Հալէպի Հայկազեան Ազգային վարժարաններէն ներս:
No comments:
Post a Comment