ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ - ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ
Ամէն անգամ Սեւակին դաշնամուրի ուսուցչուհին դասի աւարտին նոր յանձնարարութիւն մը տալով կ'ըսէ.« Մինչեւ յաջորդ գալս էս բաժինը լաւ կը ՊԱՐԱՊԵՍ»:
Իմաստային առումով կը հասկնամ անշուշտ ուսուցչուհիին ըսել ուզածը, սակայն այդ բայի գործածութիւնը հետաքրքրեց զիս ու ստուգաբանական պրպտումներու մղեց:
Եթէ ՊԱՐԱՊ կը նշանակէ դատարկ , անգործ, ունայն, եւ իրմէ սերած՝ ՊԱՐՊԵԼ բայը ( ա-ն սղած)՝ դատարկել, ՊԱՐԱՊԵԼը սակայն՝ պարապ ժամանակը զբաղմունքի մը նուիրելու, զբաղելու, եւ ուսումնասիրելու իմաստը կ'արտայայտէ, եւ առ այդ ալ ՊԱՐԱՊՄՈՒՆՔը՝ զբաղմունք:
Ուզեցի ճշդել արեւելահայերէնի մէջ տարածում գտած այս բայը գրաբարեան հիմք ունի՞ թէ ոչ , եւ Ագաթանգեղոսին քով գտայ « ՊԱՐԱՊԵՑՈՒՑԱՆԵԼ» բայը , որ կը նշանակէ զբաղեցուցանել, կրթել, վարժեցուցանել, վարժել , դատարկացուցանել « Պարապեցուցանել զաձն յիմիք»:
Գրաբարէն ունինք ՝
ՊԱՐԱՊ ԱՌՆՈՒԼ բայաձեւը, որ կը նշանակէ ազատ՝ յարմար ժամանակ գտնել հանգիստ առնել «Դարձեալ պարապ առեալ Շապհոյ ի պատերազմացն» կամ « Յորժամ առից պարապումն ի պատերազմէս » ( Խորենացի. 362)
Պարապ անձին գտանել՝ ժամանակ գտնել
Պարապ ժամ՝ միջոց « Տայր պարապ ժամ գնալոյ Արշակայ» ( Խորենացի )
Գրաբարէն դէպի Բարբառային ձեւեր անցում կատարելով մենք կը հանդիպինք ահագին «պարապ» ներու. այսպէս.-
ՊԱՐԱՊ ԽՕՍՔ՝ կարեւորութիւն չունեցող խօսք. ՊԱՐԱՊ ՁԵՌՔ՝ դատարկաձեռն,
ՊԱՐԱՊ ՉԷ՝ զբաղած է. ՊԱՐԱՊԻ ԵՐԹԱԼ (հանել) ( ելլել) (զարնել)՝ յոյսերը չարդարանալ , անյաջողութեան մատնուիլ. ՊԱՐԱՊ ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ, ՊԱՐԱՊ ՄԱՐԴ...եւայլն:
Այս արտայայտութիւնները որպէս թեւաւոր խօսքեր ալ կը գործածուին ժողովուրդին կողմէ , ինչպէս « պարապ- սարապ» կրկնաբառը, « խելքը պարապ է» կամ բոլորիս յայտնի « պարապ տակառ» արտայայտութիւնները:
Որպէս նորարար բառեր «պարապ»էն ունինք ՝ ԱՆՊԱՐՊՈՒՆ , որ կը նշանակէ անսպառ , անվերջանալի , ինչպէս նաեւ ՊԱՐԱՊՈՐԴ, որ կը նշանակէ անգործ, դատարկ:
Այս բոլորին մէջ չմոռնանք անշուշտ Խաչատուր Աբովեանի յայտնի « Պարապ Վախտի Խաղալիք» առակներու եւ զրոյցներու հաւաքածոն, որ թեւաւոր խօսքի վերածուելով լայնօրէն տարածում գտած է:
Ուրեմն, պարպել ՝ դատարկել, իսկ պարապել՝ սորվիլ:
Ջանանք մեր ՊԱՐԱՊ ժամերը հաճելի եւ օգտակար ՊԱՐԱՊՄՈՒՆՔով լեցնել: wink emoticon
Ս. Մ.Տ.
No comments:
Post a Comment