Tuesday, January 12, 2016

ՎԵՐԱԴԱՐՁ

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ


Հապճեպով բարձրացաւ սանդուխներէն. վերելակը նորէն աւրուած էր: Այս զառամած շէնքին մէջ, արդէն ամէն օր բան մը կ'աւրուէր. օր մը ելեքտրականութիւնը, ուրիշ օր մը կազին խողովակը,կամ ալ օրերով առանց ջուրի կը մնային: Հապա յարկաբաժիններուն միջեւ տարածուող անցքերուն, կամ մուտքին աղտոտութիւ՞նը: Շաբաթը երկու անգամ կին մը կու գար կը լուար, կը մաքրէր, բայց ժամ մը չանցած՝շէնքը կը վերստանար իր նախկին թափթփածութիւնը: 
Երբ Լեւոն մի քանի անգամ իր դժգոհութիւնը յայտնեց տանտիրոջ, ան հեգնական քմծիծաղով մը պատասխանեց.
-Այս ջնջին վարձքին փոխարէն, կը յաւակնի՞ս ուրիշ շէնքերու հետ բաղդատել զայն: Գիտե՞ս թէ որքան կը գանձեն ասանկ յարկաբաժնի մը համար:

« Ասանկ» յարկաբաժին կոչուածն ալ, որ անարժանաբար այդ անունը կը կրէր, տարիներէ ի վեր ներկի գոյութիւնը մոռցած, ջարդ ու փշուր փեղկերով, անխնամ, փոքրիկ սենեակ մըն էր, որ կ'ամբողջանար խոհանոցի նմանող անցքով մը եւ լուացարանով մը: 

Քաղաքին ծայրամասը գտնուող, շատ համեստ թաղամասի մը մէջ կը բնակէր Լեւոն, առանձին, ուր որպէս դրացի ունէր կասկածելի մարդիկ, որոնք չես գիտեր ինչ խորհրդաւոր, կամ վտանգաւոր գործերու մէջ էին: Կը ջանար խուսափիլ անոնցմէ:
Եօթը յարկ բարձրանալէ յետոյ, հեւասպառ եւ քրտնաթոր վիճակի մէջ՝դուռը բացաւ եւ թիկնաթոռին վրայ նետուեցաւ: Անհաճոյ եւ նեղացուցիչ օր մը եղած էր: Օդն ալ իր խոնաւութեամբ անշնչելի էր:
Արձակուելէն մէկ ժամ առաջ, զինք գրասենեակէն կանչած էին: Լեւոն տխուր նախազգացում մը ունեցած էր: 
Գործատէրը միապաղաղ արտայայտութեամբ եւ մի քանի բառով արձակած էր վճիռը: Ընկերութիւնը տեսնելով, որ տարեկան հաշուեկշիռը ակնկալուած մուտքը չէր արձանագրած՝ որոշած էր անձնակազմին թիւը նուազեցնել: Գործէ պիտի հեռացուէին նորեկ պաշտօնեաները:Յաջորդ շաբաթ դրամատան մէջ պիտի մուծէին իր հատուցման գումարը:Այսքան:
Լեւոն գլխիկոր՝ պարտուողական ոգիով՝առանց բառ մը արտասանելու դուրս ելած էր :
Թէեւ անօթի էր, բայց ո՛չ ախորժակ, ո՛չ ալ տրամադրութիւն ունէր ուտելու: Բան մը ըրած ըլլալու համար, սառնարանը բացաւ. ողբալի վիճակ մըն ալ հոս պարզուեցաւ . միայն շիշ մը հանքային ջուր եւ չորցած պանիրի կտոր մը. ո՛չ իսկ շերտ մը հաց կար:
Ուզեց գաւաթ մը ուիսքի խմել, սառ չկար:
Ահա թէ ինչ ըսել է ,երբ տան մէջ կին չկայ:
Երեք տարի միասին ապրելէ յետոյ, իր սիրած աղջիկը օր մը յայտարած էր, որ այլեւս ձանձրացած էր իրմէ, սէրը մարած էր, չըսելու համար մեռած: Պայուսակը առած եւ գացած էր տունէն: Ճիշդ է չէին ամուսնացած, սակայն Լեւոն զինք խենթի պէս կը սիրէր եւ չէր կրնար երեւակայել, որ այդքան կարճատեւ պիտի ըլլար աղջկան սէրը իրեն հանդէպ:
Օր մը փողոցը հանդիպած էր իրեն. երիտասարդի մը հետ թեւանցուկ կը քալէր: Աղջիկներուն մէջ սէրը որքան շուտ կը ծնի, նոյնքան ալ արագ կը մեռնի,- մտածեց: Մինչ ինք կ'ափսոսար Ճեսիքային բաժանումը, անիկա արդէն նոր սէր նուաճած էր:
Մեծ պարապութիւն մը ստեղծուած էր Լեւոնին հոգիին մէջ. բայց այդ պարապութիւնը աւելի ուշ՝ դառնութեան վերածուած էր: Մանաւանդ որ Ճեսիքային պատճառով իր ընտանիքին հետ յարաբերութիւնը խզած էր:
Երբ զինք ներկայացուցած էր իր ծնողքին եւ քոյրերուն , շատ լաւ չէին տպաւորուած իրմէ: Անկախ՝ հայ չըլլալու հանգամանքէն, որ արդէն գլխագիր մեղք կը համարուէր, իր հագուածքը, շարժուձեւերը, խօսելու ոճը լաւ տպաւորութիւն չէին ձգած իրենց վրայ, մանաւանդ Լեւոնին հօր, որ ծայրայեղօրէն պահպանողական էր եւ չէր հանդուրժեր, որ անծանօթ աղջիկ մը այդքան համարձակութեամբ խօսէր իրեն հետ առաջին իսկ օրէն. կարծես վաղեմի ծանօթներ ըլլային: Հակառակ երկար տարիներէ ի վեր Արեւմուտք ապրելուն,տակաւին Արեւելքի մտայնութեան եւ խստաբարոյ աւանդութիւններուն ամրօրէն կառչած կը մնար : 
Իրենց զաւկին սիրոյն, Ճեսիքան պարբերաբար ճաշի կը հրաւիրէին:
Օր մըն ալ Լեւոն քիչ մը վախով, կասկածանքով , ընտանիքին յայտնեց, թէ նորութիւն մը ունէր ըսելիք: Բոլորն ալ վստահ էին, թէ աղջկան առընչուած լուր մըն էր:
Ըսաւ, թէ որոշած է երթալ Ճեսիքային հետ միասին ապրելու: Հայրը չհասկցաւ:
-Ի՞նչ ըսելէ միասին ապրիլ, հարցուց միամտօրէն:

- Երկուքս տուն մը վարձեցինք եւ հոն պիտի փոխադրուինքպատասխանեց Լեւոն, այս անգամ թուքը կուլ տալով. կը նախազգար պայթելիք փոթորիկը:

-Ի՞նչ- պոռթկաց հայրը- աս ուրկէ՞ ելաւ: Աս ի՞նչ բան է. առանց պսակուելու պիտի ապրիք եղեր: Տղա՛ս, դուն պատուի գիտակցութիւն չունի՞ս. Մենք քեզ ինչպէ՞ս դաստիարակած ենք, որ կը յանդգնիս նման քայլ մը առնել:

Մայրը լուռ էր. բերանը գոց կը հետեւէր վիճաբանութեան. նոյնպէս քոյրերը:
-Ես կ'ուզեմ պսակուիլ, բայց Ճեսիքան համաձայն չէ. կ'ուզէ որ նախ միասին ապրինք , փորձենք, նայինք թէ յարմար ե՞նք իրարու, թէ ոչ: Անկէ յետոյ կ'որոշենք, թէ ինչ պիտի ընենք: Մինչ այդ զաւակ պիտի չունենանք:

Հայրը ակնապիշ իրեն կը նայէր եւ ականջներուն չէր հաւատար: Ասիկա իր զաւա՞կն էր. բարի, հնազանդ, պատուախնդիր տղան: Այս մէկ տարուան մէջ այդ օտար աղջիկը զինք ինչպէս այլակերպած էր, անճանաչելի դարձուցած : Տարիներու տուած իրենց դաստիարակութիւնն ու կրթութիւնը աղբաման նետուած էին եւ աղջիկը ինք էր, որ հիմա սանձը ձեռքը առած էր: 
--Չէ՛ տղաս, չէ՛, ատանկ բան չ'ըլլար: Օրինաւոր կերպով կը պսակուիք եկեղեցին, անկէ յետոյ ինչ կ'ուզէք ըրէք: Զաւակ կ'ունենաք չէք ունենար, ատիկա ձեր գիտնալիքն է:

Բայց Ճեսիքա յամառեցաւ եւ սպառնաց Լեւոնին.կամ կ'երթային միասին ապրելու, կամ զինք կը ձգէր:Լեւոն չէր կրնար ինքզինք առանց Ճեսիքայի երեւակայել. անոր կախարդանքի սարդոստայնին մէջ ինկած էր:
Օր մըն ալ բուռն բախում ունեցան հայր ու տղայ: Անշուշտ Լեւոն կը գործէր Ճեսիքայի հրահանգներուն ենթարկուելով: Այս վերջինը արդէն զգալով, թէ իր ներկայութիւնը անբաղձալի էր, դադրեցուցած էր իր այցելութիւնները: 
Բաժակը յորդած էր այլեւս: Հայրը իր վերջնական «ոչ»ը ըսաւ. եւ աւելցուց.
- Եթէ տունէն երթաս ալ չես վերադառնար:Կը դադրիս զաւակս ըլլալէ եւ կապդ կը խզես մեզի հետ: 

Մայրը փղձկեցաւ. իր միակ մանչ զաւակն էր, իր հոգեհատորը: Ինք չէր դիմանար առանց իր Լեւոնին ապրելու:Բայց գիտէր թէ ամուսինը բարոյական գետնի վրայ անզիջող էր, խիստ. ետ դարձ չկար:
Այդ եղած էր իրենց վերջին հանդիպումը :
Արդէն անցած էին երեք երկար տարիներ:Ծնողքին, քոյրերուն կարօտը իր հոգին կը խանձէր. մանաւանդ Ճեսիքային մեկնումէն յետոյ:
Երանի՜ այդ վայրկեանին ձգէր եւ ոչ թէ հիմա-, կը մտածէր Լեւոն: Հայրս շատ ճիշդ ախտաճանաչում կատարած էր օրին, ըսելով որ այդ աղջիկը ինծի յարմար չէր. բայց ես խօսքը մտիկ չըրի: 
Տարեվերջը կը մօտենար: Լեւոն մինակ էր. առանց գործի, առանց կնոջ: 
Երկար ժամեր տատամսելէ յետոյ,հեռաձայնին ընկալուչը վերցուց վարանումով: Առաջին անգամն էր որ տուն պիտի հեռաձայնէր:
Հեռախօսին միւս ծայրէն լսեց մօրը քաղցր ձայնը, աչքերը լեցուեցան: Իր պաշտելի, բարի մաման:
-Մամա՛, պապան տու՞նն է, - հարցուց յուզուած, հազիւ ինքզինք զսպելով:

-Լեւո՜ն, ...տղաս, դու՞ն ես.....հոգի՜ս , որքան կարօտցեր եմ քեզի. ու՞ր ես, ե՞րբ պիտի գաս:

Մայրը իրար անցած էր:
-Պապային հետ կ'ուզեմ խօսիլ-ըսաւ Լեւոն:

Հայրը վերցուց ընկալուչը. Երբ լսեց տղուն ձայնը պաղ սարսուռ մը պատեց զինք: Ինք եւս շատ կարօտցած էր իր մանչը, որուն համար հոգին իսկ պատրաստ էր տալու. բայց իր բարոյական սկզբունքները ամէն բանէ վեր էին: 
-Պապա՛- այս տարի մինակ եմ. կրնա՞մ Կաղանդը ձեզի հետ անցընել- հազիւ կրցաւ շշնջել Լեւոն:

- Ա՜խ ...տղա՜ս, -ըսաւ հայրը եւ իր մէջ կուտակուած յուզումն ու կարօտը մէկէն ժայթքեցան բարձրաձայն հեկեկանքով:


No comments:

Post a Comment