Tuesday, January 12, 2016

ՄՏԱՏԱՆՋ

Սօսի Թ Գայապալեան


Վերջին տարիներուն, յատկապէս՝ երբ համացացնցը ժողովրդականացաւ եւ գրաւեց մեր առօրեայ կեանքի ժամանակին մեծ բաժինը, ընդհանրացաւ նաեւ՝ "ԼԱՏԻՆԱՏԱՌ" հայերէնի դժբախտ երեւոյթը։
Մտահոգիչ է ներկայ սերունդի իրավիճակը՝ երբ անոնք, համացանցի ընկերական զանազան հաղորդական միջոցներով իրենց ընկերներուն հետ կը շաղակրատեն՝ լատինատառ հայերէնով։ Եւ ինչո՞ւ չէ, նոյնիսկ մենք, դիմատետրի զանազան հայկական կարծուած խումբերու էջերուն վրայ, երբ կը գրենք եւ կը վիճաբանինք լատինատառ հայերենով։
Ներկայիսհամայն հայութիւնը լուռ ու մունջ՝ ականատեսը կը հանդիսանայ, պատերազմներով շրջապատուած դժբախտ իրավիճակէն փախուստ տուած հատկապէս՝ իմ ծննդավայր, հայապահպանման հիմնաքարը նկատուած՝ Հալէպի գաղութին նման գաղութի մը տեղահան կամ ինչո՞ւ չէ եթէ ըսենք՝ բռնագաղթ ըլլալը, եւ աշխարհի տարածքին, չորս ծագերուն միջեւ տարածուիլը։
Յաճախ ես ինծի կը հարցնեմ, ինչո՞ւ երբ հայերէն գիրեր ունինք կը խուսափինք զանոնք գործածելէ։
Հիմա, հաւանաբար, անձեր պիտի ըլլան, որ ըսեն այս կինը անկասկած խենթացած ըլլալու է․․․ մենք մահու եւ կենաց պայքար մը կը մղենք եւ դիմատետրի հայկական խումբերու էջերու վրայ, Սուրիոյ պատերազմին առնչութեամբ զբաղած՝ "համակիր եւ ընդիմադիր" կը քաշքշուինք, այս կինը մեզի հայերէնի, ճերմակ ջարդի եւ հայապահպանման մասին կը խօսի։
Մանկութենէս ի վեր, հօրս հայ մնալու մտահոգութիւնը, պայքարը եւ գոյատեւումը կարծէք, շնչած ըլլայինք իր՝ բարի եւ միաժամանակ խի՛ստ հայ հօր մը դաստիարակութեան հետ, եւ ճաշակած՝ մեր առօրեայ հաց ու պանիրին հետ։ Բայց, հաւանաբար այդ պատասխանատուութիւնը, ժամանակակին չէի ըմբռնած եւ հօրս ճիտին պարտքը մարմնիս վրայ չէի զգացած, այնպէս, ինչպէս այսօր երբ արբունքի տարիքով զաւակներու մայր եմ արդէն։
Ու մտահոգութիւններս բազմապատկուեցան, երբ մենք ալ, ամէն ինչք կորսունցուցած, Հալէպէն՝ արմատախիլ, բռնագաղթ եւ որբացած դուրս ելանք եւ օտար ափեր ապաստանելու ծրագիրով․․․ տակաւին հայ մնալ կը հոլովեմ։
Խե՛նթ եմ թէ՞ խելացի ! չեմ գիտեր, բայց միշտ մտահոգ թէ՝ ներկայ սերունդը ի՞նչ կը խոստանայ հայոց ապագային համար։ Արդեօ՞ք մենք, իբր՝ ՀԱՅ ծնողք, ձախողեցանք հայապահպանման առաքելութեան փոխանցումը լի ու լի կատարելու թէ՞ տակաւին յոյս կայ ազատել այն ինչ, որ կարելի է ազատել։
Եւ․․․ սիրտս կ՛արիւնի անպատասխան մնացած մտահոգութիւններես։
Հայե՛ր դէպի ո՞ւր․․․

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնցմէ, որոնք ժամանակ տրամադրեցին եւ մտահոգութիւններս կարդալով բաժնեկից եղան։



No comments:

Post a Comment