Tuesday, January 12, 2016

ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆԷՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐ ՄԸ


Իր նահատակութենէն ճիշդ 100 տարի ետք, այսօ՛ր, սփիւռքահայ ճակատի վրայ, հայ մարդը ի՞նչ գիտէ Ռ. Զարդարեանի մասին, կամ ի՞նչ կը կարդայ անկէ։
Թերեւս ոմանք յիշեն մեր այս գրագէտին «Զարնուած որսորդը» հեքիաթը, ուրիշներ՝ «Գամբռը» այլաբանական պատմուածքը։
Ոմանք թերեւս յիշեն, թէ Զարդարեան Խարբերդէն կու գար ու հո՛ն էր որ աշակերտեր էր նշանաւոր Թլկատինցիին, ու յետոյ ալ որոշեր էր հետեւիլ անոր գրական ուղիին՝ դառնալով Գաւառի Գրականութեան մշակներէն մին։
Տակաւին, յիշողներ պիտի ըլլան թերեւս, թէ Զարդարեան խմբագրապետն էր Պոլսոյ «Ազատամարտ» օրաթերթին, 1909-1915։
Հիմա սակայն, մեր այս տեղեկութիւնները թարմացնելու առիթ մը կ՛ընծայուի մեզի՝ լոյս ընծայումովը գիրքի մը, ուր մէկտեղուած են Զարդարեանի գրիչէն ընտիր յօդուածներ։
Լուրը կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը։ 
Ըստ թերթին, Կաղանդի նախօրէի սա օրերուն, «Ժամանակ» հրապարակ հանած է իր սեփական մատենաշարէն այս նոր գիրքը, հոն ժողվելով նահատակ գրագէտին այն գրութիւները, որոնք 1908-1909-ի միջեւ հրատարակուեր են նոյնինքն Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթին մէջ։
Նախաձեռնութիւնը հետաքրքրական ու գնահատելի է անշուշտ։ Թէեւ չենք գիտեր, թէ այդ գրութիւնները գեղարուեստակա՞ն գործեր են, թէ հրապարակագրական էջեր։
Գիրքը հրատարակութեան պատրաստած ու զայն խմբագրած է «Ժամանակ»ի օգնական խմբագիրներէն Սեւան Տէյիրմէնճեան։ Իսկ յառաջաբանը գրի առնուած է գերմանաբնակ պատմաբան Վահէ Թաշճեանի կողմէ։
Ուշագրաւ է նորատիպ հատորին կողքն ալ։ Անիկա կը ներկայացնէ 1908-ի Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակումին յաջորդող գինովութեան ցոյցերէն պատկեր մը։ Ա՛յն Սահմանադրութիւնը, որուն սին խոստումներէն խաբուած՝ Զարդարեանն ալ Պոլիս վերադարձաւ Պուլկարիայէն, քանի մը տարի յետոյ զոհերէն մին դառնալու համար Մեծ Եղեռնի մանգաղին
Հարցում մը եւս.- Մեծ Եղեռնի 100-ամեակին առիթով, շռնդալից արտայայտութիւններէ անդին, մեր գաղութներէն մէկը ոգեկոչե՞ց Ռ. Զարդարեանի յիշատակը։
Այս նորատիպ գիրքը լաւագոյն ոգեկոչումն է ապահովաբար։ Լ.ՇԱՌՈՅԵԱՆ

 

No comments:

Post a Comment