Friday, April 24, 2015

Ապրիլ 24-ը եւ խոցուած Տէր Զօրը

Այսօր յուզումով յիշեցի թէ մենք ինչու պէտք է Տէր-Զօր չըլլայինք ու արժանավայել ձեւով հոգեհանգստեան արարողութիւնը կատարէինք մեր բիւրաւոր նահատակներուն, որոնց ոսկորներն իսկ անգամ մը ևս պատերազմի արհաւիրքը ապրեցան
Ներողութիւն կը խնդրենք ձեզմէ Ցեղասպանութեան անմեղ զոհեր:


Արփի Քիլէճեան

Վերապրող Ժողովուրդը

Նահատակները սրբադասուեցան։Հանգի՛ստ անոնց հոգիներուն։ 
Անոնցմէ նուազ սուրբեր չէին նաեւ վերապրողներըորոնք թերեւս քիչ մըն ալ աւելի արժանի էին սուրբ կոչուելու։ 
ՙՎերապրողՙ բառը ինքնին հաստատումն է՝ հարազատ աչքերով մահը տեսնելէ ետք վերստին ապրելու պարտադրանքն ու տանջանքը կրելուն։
Ապրիլ՝ տեսնելէ ետք հարազատներու կոտորուիլը։ 
Ամուսնանալ՝ բռնաբարումներու ենթարկուելէ ետք։
Կրկին ծնանիլ՝ սեփական ձեռքերով թաղելէ ետք երեխաները։
Ալ ի՞նչ ՎԵՐԱՊՐԻԼ երբ յօշոտուած են միտք ու հոգի։ 
Փորձենք յիշել մեր մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն խոժոռ դէմքերըանոնց ապրած հոգեկան վերիվայրումները տրամադրութեան անկանխատեսելի անկումները եւ յատկապէս՝ անոնց մեծ մասին լուռ պոռթկումները։
Այսօր համայն հայութիւնը վերյիշեց իր նախնիներուն վիճակուած ահաւոր զազրելի ճակատագիրը։ 
Բոլորս ալ ջանացինք առնչուիլ անոնց ապրումներունմասնակցելով՝ կազմակերպուած քայլարշաւներուն։
Այսօր հոգիս խայտաց՝ ի տես աշխարհով մէկ սփռուած ազգիս նոր սերունդի հազարաւոր ներկայացուցիչներուն։
Անուրանալի իրականութիւն է որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած սերունդը ապահովեց հայ ազգի ֆիզիքական գոյատեւումը՝ կրելով աներեւակայելին կամրջելով զոդելով նախաեղեռնեան եւ յետեղեռնեան սերունդները իրարու։ 
Մինչայսօրուա՛յ սերունդն է հայ ազգի ՎԵՐԱՊՐՈՂ տարրը իր թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ հոգեմտաւոր դրսեւորումներով։


Պէթթի Մինասեան

Եղեռնի նահատակներու սրբադասումը

Յուզումնալի օր մըն էր այսօր։ Մէկ կողմէն առօրեայ կեանքը շարունակել, միւս կողմէն մէկ աչքով, մէկ ականջով, կէս միտքով եւ լման սրտով հետեւիլ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցած Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու սրբադասման արարողութեան։ Մարմնով տեղ մը՝ սրտով ուրիշ տեղ ըլլալ։
Թէեւ շատերս վերապահութեամբ մօտեցած էինք նահատակներու սրբադասման որոշումին, բայց այս միասնակամ քայլը կարծեմ ամէնաարժանավայել ոգեկոչումը եղաւ մեր նահատակներուն։ Մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ընտանիքի նախահայրերը սրբադասուած տեսաւ հոն։ Ճիշդ ինչպէս որ հարազատ մը կորսնցնողը պիտի ուզէր փառաւոր ու արժանավայել թաղում մը կատարել իր հարազատին համար, արժեւորել անոր կեանքը եւ յարգանքի վերջին տուրքը մատուցել, որմէ ետք միայն պիտի կրնար անցնիլ իր ցաւին վրայէն եւ անոր յիշատակը վերածել ներշնչանքի։ Աշխարհի բոլոր կողմերէն հնչած եկեղեցիներու ղօղանջները մեզ մեր հարիւրամեայ կսկիծէն արթնցնողները եղան։ Չենք կրնար ամբողջ սերունդներ կեանքերնիս անցնել ցաւով ու սուգով։ 
Շատերս ըսինք հարիւրամեակէն յետոյ ի՞նչ։ Ես անձնապէս այսօր զգացի որ նոր էջ մը բացուեցաւ իմ եւ ընտանիքիս կեանքին մէջ։ Նոր էջ մը, ուր ցաւին եւ վիշտին պիտի փոխարինեն յոյսն ու կամքը։ Զոհի հոգեբանութիւնը ա՛լ տեղ պիտի չունենայ մեր մէջ։ Մեր ինքնութեան արժեւորումը պիտի չի սպասենք ուրիշներէն։ Աւելի պիտի հպարտանանք մեր իրագործումներով, քան՝ տառապանքով։ Այսօր մեր անթաղ նահատակներու հոգիները գտան իրենց անդորրութիւնը։ Մեզի կը մնայ շարունակել իրենց կտակը։ 
Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք առիթը ընծայեցին որ մասնակից զգանք հոգեպարար այս արարողութեան։
Անի Փանոսեան Մուրատեան