Saturday, May 16, 2015

Նշմար- Ի՞նչ Անուն Տամ



Կեանքիս մէջ այսքան դժուար կացութեան չեմ մատնուած: Ի՞նչ անուն տամ Հալէպին, ի ՞նչ որակումով կոչեմ հալէպահայութիւնը: Տարատեսակ, հակոտնեայ, իրար խաչաձեւող այնպիսի լուրեր կը սփռուին, այնպիսի պատկերներ կը պարզուին դիմատետրի էջերուն, հեռախօսային ուղիղ միացումով այնպիսի խօսքերու ականջալուր կ'ըլլանք, որոնք մեզ զարմանքէ զարմանք կը տանին: Մտահոգութեան ալիքները Ցունամիի կը վերածուին եւ զուգահեռաբար, մտահոգութիւնը փարատող, հանգստացնող լուրերը կը վանեն կուտակուած գորշ ամպերն ու ճանապարհ կու տան պայծառ արեւին, յաջորդ վայրկեանին կրկին մթագնելու, ապա դարձեալ պայծառանալու... Այսքան շուար վիճակի չէինք մատնուած: Աշխարհով մէկ Հալէպի փրկութեան կոչեր, հալէպահայերուն տեղափոխելու առաջարկ-պահանջքներ: Մէկ կողմէն ռմբակոծում, մահ, աւեր, միւս կողմէն իրար ետեւէ հրապարակային ձեռնարկներ, շաբաթաթերթ ու պարբերաթերթ, նշանտուք, պսակ, հարսանիք, երջանկացած զոյգեր, ժպիտ, ծիծաղ, ուրախութեամբ ողողուած դէմքեր... (Միւս տեղաբնակներուն մօտ, վստահ եմ այսպիսի բան չկայ. եթէ նոյնիսկ կայ, ապա, բնաւ նոյն տարողութեամբ ու մակարդակով): Եւ այս «Խառնարան»ին ի տես, եկուր եւ անուն մը տուր այս վիճակին: Թող ամենախելացի քաղաքագէտը, կամ ընկերաբանը, կամ հոգեբանն ու փիլիսոփան փորձեն եզրայանգում մը ընել. անհնար է, անկարելի, քանի որ այսպիսի բան չէ եղած: Հալէպահայերու ջերմութիւնն ու հիւրասիրութիւնը աշխարհով մէկ տարածուած է. անոնց ազգային ոգին, նուիրուածութիւնը, եկեղեցասիրութիւնը, արուեստասիրութիւնը, արհեստասիրութիւնը, ճարտարութիւնը, ստեղծագործական հնարամտութիւնը, ընտանեկան սրբութիւնը, նրբաճաշակութիւնը անուրանալի նկարագրային գիծեր են, որոնք չեն խաթարուած եւ դիմացած են ժամանակի մաշեցումին: Վկայ աշխարհով մէկ տարածուած հալէպահայերը, որոնք ուր որ գացած են, առաջնորդ ու ղեկավար դարձած են, մտաւորական, գիտնական ու արուեստագէտ. ուր որ հանգրուանած են, տեղւոյն գաղութին համ ու հոտ տուած են: Իսկ, ահա այսօր, վախը անտեսելով դիմադրողական այնպիսի լիցքաւորումով մը կը շարունակեն գոյատեւել, որ զարմանքէն անդին, բան մը կը պարտադրեն. ՅԱՐԳԱ'ՆՔ: Ի՞նչ անուն տալ հալէպահայութեան. «Անհոգ ու անտարբե՞ր », «Համբերատար ու դիմացկո՞ւն», «Անճար ու յուսահա՞տ», «Անվախ ու հերո՞ս»... Իւրաքանչիւրը իր անկիւնէն կը դիտէ, իր լսածովը կը մեկնաբանէ. կը մտահոգուի, կը ցաւի, օգնութեան բարձրաղաղակ կոչեր կ'ընէ... Քանիցս հեռախօսով կապուած եմ Հալէպ մնացած բարեկամներու հետ, առաջին իսկ «ինչպէ՞ս էք» հարցումիս, «Լաւ ենք»ով կը պատասխանեն. «Հոսանք չկայ ՝ լաւ ենք, ջուր չկայ՝ լաւ ենք, վառելանիւթ չկայ՝ լաւ ենք, համացանց չկայ՝ լաւ ենք...»: Լաւ եղէք: Ես ձեր ցաւը տանիմ: 

 Յակոբ Միքայէլեան 

Friday, May 15, 2015

ՍՈՒՐԻԱԿԱՆ ՕՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ (ԿԹ.)


ԼԱԼԱ ՄԻՍԿԱՐԵԱՆ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ 

«Ժողովո'ւրդ, ամէնէն առաջ քո ազատութեան յոյսը քո վրայ դիր, քո խելքին եւ բազուկին ո'ւժ տուր, մարդ ինքն իրմէն պէտք է աշխատի որ փրկուի»: Խրիմեան Հայրիկ 
Ապրիլ 24: Անմոռուկ: Հարիւրամեակ: «Կը յիշեմ ու կը պահանջեմ»: Իսկ մի ՞թէ մոռցած էի, որ յիշէի. մի՞թէ «մարդակեր գազան մարդը» մէկ օր իսկ մոռնալու առիթ տուած էր ազգային գիտակցութիւն ու սիրտ ունեցող հայուն: Մեր պատմութեան, գրականութեան, մեր ընտանեկան յիշողութեան, մեր հոգիներու ծալքերուն ո՞ր էջը թերթատենք, ուր մեր դէմը չկենայ ան՝ իր կեռ եաթաղանէն կաթող մեր թանկ արիւնով: Այսօր, երբ տարագիր ու թափառական՝ կը հալինք աշխարհի խառնարաններուն մէջ, երբ կ'են թարկուինք ե'ւ կարմիր, ե'ւ ճերմակ ջարդի ՝ որո՞ւն «շնորհիւ» է այդ. որ հարիւրամեայ այս գաղութը կը քայքայուի, որո՞ւն «շնորհիւ» է ու որո՞ւն դժնի երազն է, որ կ'իրականանայ... Կարծես թէ այս տարի մեր ձայնը քիչ մը աւելի լսելի դարձաւ մարդկութեան. լսելի ու ընկալելի անոնց, որոնք իբրեւ էութիւն հագուած են մարդ կոչումը, անոնց, որոնք կ'ուզեն մարդ ըլլալ ու նաեւ անոնց, որոնք կը ձեւացնեն մարդ ըլլալ գէթ օր մը ու խօսքերով ողոքել մեր սիրտերը՝ ծարաւի ընկալումի ու արդարութեան: Բազում երկիրներու մէջ ու տարբեր մակարդակներու վրայ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը նահատակներուն: Մեզի հետ մեր ցաւը կիսելու եւ արդար լուծումի հասնելու ուղիներու որոնումի համար Հայաստան ժամանեցին տարբեր ազգերու մեծ արուեստագէտներ, գիտնականներ, նաեւ՝ դիւանագէտներ, ու պահ մը զգացողութիւնը որոշ եղաւ, թէ անկախ մեր գոյնէն ու տեսքէն, մեր գրպանէն ու ուժէն՝ Երկիր մոլորակը տունն է բոլորիս ու անոր հարցերը բոլորիս են: Մեծ արուեստի մարդիկ լաւ կը հասկնան այդ իրողութիւնը: Զիս հետաքրքրեցին դիւանագէտները ու յատկապէս անոնք, որոնք սերտօրէն առնչուած են մեր ճակատագիրին՝ Սփիւռքի կամ հայրենիքի մէջ: Ահա «բարեկամ» Ֆրանսայի նախագահը: Չակերտի մէջ կ'առնեմ բարեկամ բառը, նկատի ունենալով դիւանագիտական աշխարհի յայտնի կարգախօսը՝ «Քաղաքականութեան մէջ յաւերժական բարեկամներ ու թշնամիներ չկան, կան յաւերժական շահեր»: Մարդը այնպէս ազնիւ կը խօսէր, աշխարհի խաղաղութեան ու արդարութեան մասին այնպէս յուզիչ կ'արտայայտուէր, որ ես պահ մը մոռցայ, թէ Սուրիոյ մէջ հոսող արիւնի կարեւոր պատասխանատուներէն է ինք... Ռուսիոյ կայսրը... ոչինչ կրնաս ընել. այս մարդը շատերու համակրանքը կը վայելէ, թերեւս Ամերիկայի ախորժակներուն "քացախ" հրամցնելու իր կարողութեան համար: Ու Հայաստանի մէջ ինչպէ¯ս «իր տանը» կը զգար, կամ, մեղմելու համար՝ կրտսեր «եղբօր տանը»: Ան կրկին զմեզ իր հզօր թեւերուն տակ առաւ, որմէ շատերու սիրտերը ուռեցան, մինչդեռ իմս սեղմուեցաւ. յիշեցի մարդու եւ արջի բարեկամութեան առակը: Ընկերոջ քունը հսկող հոգատար արջը, աներես ճանճը քշելու մտահոգութեամբ, իր ծանր թաթը այնպէս ուժգնօրէն իջեցուց բարեկամի ճակտին, որ... Չէ' բնաւ դէմ չեմ արջին բարեկամութեան, մանաւանդ որ ճանճի տեղ վրաս իջնողը գորշ գայլն է: Միայն թէ անոր գրկախառնութենէն շնչահեղձ չըլլալու համար շնչառական վարժութիւններ պէտք է սորվիմ... Ամերիկայի «մարդուն» մասին խօսիլ իսկ չ'արժեր: Իր նախնիքը ինչպէ՞ս՝ չեմ գիտեր, բայց մեր նախնիքը անպատիւ կը նկատէին իր խոստումը չպահողը: Հաւատացի միայն սերպ դիւանագէտին, քանի որ «թշնամիիս թշնամին բարեկամս է», ու սերպ ժողովուրդը գրեթէ մեզի չափ կը ճանչնայ թուրքին էութիւնը: Չէ՞ որ մարդը միայն իր մորթին վրայ կրածը կը զգայ: Հարիւր տարին չսպիացուց մեր վէրքը, մինչդեռ պատմութեան համար ան ակնթարթ մըն է: Հնարաւոր է, որ նման "ակնթարթի" մը եւս պէտք ունենանք, զմեզ գէթ մասամբ գոհացնող հանգրուան մը թեւակոխելու համար: Մինչ այդ հաւանաբար մենք ալ ազատած կ'ըլլանք մեզի յատուկ զգացական մօտեցումներէն, մարդկութեան խիղճին խօսելու միամտութենէն, իւրացուցած կ'ըլլանք անոր հետ խօսելու հարկաւոր լեզուն ու կը յիշենք հայրիկին իմաստուն պատգամը:
***
Այլեւս բառերը անզօր կը մնան տարազելու համար հրթիռակոծումներու եւ ստորգետնեայ երկրասասան պայթիւններու տակ մեր սարսափը, աստիճան առ աստիճան, օր առ օր մեր մէջ խորացող, մեր հոգիները իր ափին մէջ ճզմող, մեր կամքն ու կառոյցը քայքայող սոսկումները եղածներուն համար ու նսեմ, քստմնեցուցիչ սպասումը հրէշաւոր գալիքի մը, որ յաճախ կը թուի՝ դուռին ետին է արդէն: "Մարդասէր" Արեւմուտքը եւ "ազնուարիւն" անապատային արքաները ոճրագործները օրէցօր աւելի նոր ու հզօր զէնքերով կ'օժտեն՝ կոտորելու համար ծերեր, մանուկներ ու կիներ՝ խաղաղ բնակչութիւն: Այս օրերուն տեղատարափը հրթիռներու՝ աննախընթաց է ե'ւ իր հզօրութեամբ, ե'ւ քանակով: Քաղաքին վրայ հսկայական հրթիռներու անձրեւ կը տեղայ, կը կործանէ ամէն ինչ: Փլատակներու փոշին, ծուխը, վառօդին բարկ հոտը, ստորգետնեայ քանի մը պայթիւններու հետեւանք երկրաշարժները կատարելապէս կամազուրկ կ'ընեն զմեզ: Ոչինչ կրնաս նախաձեռնել, փրկութեան ոչ մէկ ուղի. կը մնայ կծկտիլ «ապահով» անկիւն մը ու համրել պայթող հրթիռները, կամ տունին մէջ աջ ու ձախ վազվզել աննպատակ, անիմաստ. չի գործեր միտքը, միայն կենդանի մնալու բնազդն է: Իսկ եթէ տունը ունիս նաեւ անկեալ ծերեր, մանուկներ... Նման պարագայի դրացիներ կը մէկտեղուին ամէնէն «ապահով» կարծուած բնակարանը. կը նային իրարու շուար ու պատասխան փնտռող հայեացքներով. ի¯նչ կ'ակնկալեն իրարմէ. ապա ուշքի կու գան քիչ-քիչ, կցկտուր բառեր կը փոխանակեն. միասին կը համրեն կարկուտը. կը համարձակին ալ պատշգամէ դիտել ամէն կողմ վազվզող տագնապահար մարդե- րը՝ ոմանք տնային հագուստներով, ոմանք պայուսակներով, ոմանք ծածկուելու լաթերով՝ գացած տեղերը պաղ ու տաքէ պատսպարուելու, ոմանք հետիոտն, ոմանք ինքնաշարժները լեցուած կը փախչին. ո՞ւր: Եւ մեր կեանքին լալի՞ք թէ խնդալիք հակասականութիւնը՝ սայլի վրայ բանջարեղէն ծախողը, բոլոր ձայները խլացնել ջանալով, իր ապրանքները կը գովէ՝ երգեցի¯կ, աշ- խարհէն դո¯ւրս... Քիչ- քիչ, հրակոծութեան դադարին հետ կը բացուին լեզուները, ինչ որ մէկը իր ապրած սոսկումը ծածկել կը փորձէ՝ ծաղրելով «վախկոտները». մէկը կը խնդայ լալագին. ուրիշներ լուռ են ու ճնշուած: -Ճըսըր Շղուր երեսուն հոգի դրեր ու մորթեր են... -Թերեւս կառավարութեան կողմնակից ըլլալնուն համար... -Չէ', կիներ ու պզտիկներ... Լռութիւն: -Շուտով գիշերը օդանաւը կ'ելլէ ու կը խորովէ ատոնց... -Մինչ այդ մենք խորովուեցանք ալ, տապկուեցանք ալ... Լռութիւն կը տիրէ. կը լսուի տատրակներու ղունղունը: Շուտով «կը մոռցուի» աս ալ, մինչեւ նոր սոսկում ու ցնցում, մինչեւ եղածներու մասին տեղեկութիւններ հասնիլը. ո՞ւր մեծ վնասներ եղան, որքա՞ն մահ ու վիրաւոր, եւ արդեօ՞ք որքան յառաջացան «անոնք»դէպի մեզի... Խուլ ու կոյր սպասում... 
*** 
Ճիտէյտիէին ճակատագիրը ու մեր արժէքները հոն...Վերջին լսած ու դիտածը՝ Քառասուն Մանկանց Մայր եկեղեցւոյ աւերակները: Պահ մը փլատակ եղան նաեւ մեր հոգիները: Ուշի ուշով, մանրակրկիտ կը դիտենք լուսանկարները, փլատակներու ետին ճաքճքած ու երերուն կեցած զանգակատունը՝ ցաւի ու յոյսի փոփոխական հոգեվիճակներով: Լաւատեսներ աւերակներու ետին կանգուն մնացած եկեղեցւոյ մասին կը հաստատեն, Աստուծո¯յ մատը յուսալով: «Առջեւի շէնքերն են փլած», կ'ըսեն, ու կը փորձենք յուսալ, թէեւ այդ թաղամասին մէջ իւրաքանչիւր կառոյց պատմութեան, նաեւ՝ մե'ր պատմութեան կնիքը կը կրէ ու անհատական յիշատակներու... Չենք ուզեր ընդունիլ պատմութեամբ հաստատուած օրինաչափութիւնը, թէ յարատեւ չեն գաղութները, մանաւանդ՝ օտարասէր մեր ազգին համար: Չենք ուզեր հաւատալ, թէ «մե'ր Հալէպը» կը կործանի օր ըստ օրէ, թէ մեր հարիւրամեակներու պատմութիւնը կը ջնջուի, թէ Լեհաստանի, Հնդկաստանի, Նոր Նախիջեւանի, Խրիմի, Ռումանիոյ ու երբեմնի այլ շէն ու ծաղկուն բազմաթիւ գաղութներու պէս պիտի քայքայուի նաեւ բիւրաւոր նահատակներու ու հրաշքով վերապրածներու շունչը կրող այս գաղութը եւս... այնքա¯ն հայաբոյր ու հայադրոշմ, որ աւելին էր քան ծննդավայր: Ու հիմա, աշխարհի տարբեր ծագերէն որքա¯ն հոգիներ հայեացքները յոյսով յառած են իրենց մարմինին ու «հոգւոյն ծննդավայր»ին՝ վերադարձի ակնկալութիւնը հրաշքի մը կապած... Երբեմն ձայներ կ'առնեմ, թէ գրածս կարդալով կու լան շատեր. մի՞թէ արիւնակիցներս վշտացնելու համար կը գրեմ իրական պատկերին սա նուազագոյնը: Սակայն ի՞նչ սին լոյսեր վառեմ ու ի՞նչ յոյսեր կաթեցնեմ արդէն անձկութեան մէջ տուայտող անոնց հոգիներուն, ի՞նչ աղբիւրներ բանամ անապատին մէջ, ի՞նչ մոմեր վառեմ չար հողմե- րուն դէմ: Ահա թէ ո'ւր եւ ինչպէ'ս կը ծնին աստուածները...:

Wednesday, May 13, 2015

Անձրեւը


Անձրեւը նոյնն է, ընկալումը՝ տարբեր:
Մայիսը Մարտ ամսուան հետ դերերու փոխանակում կատարեր է կարծես, եւ անոր «խենթութիւնը» իր վրայ՝ կրեր:
Յորդառատ անձրեւին տակ ամէն կողմ թափթաց է: Այդ անձրեւոտ երկնքին տակ, մարդ կայ թախիծով կը համակուի, մարդ ալ կայ՝ հրճուանքով:
Այն մարդը, որ մռայլ տրամադրութեամբ կը պարուրուի, կ'ըլլայ անձեռնհաս ու անգործունեայ: Կը սեղմուի իր պատեանին մէջ եւ կ'իյնայ պայծառ օրերու յիշողութեան գիրկը ու կարօտի զգացումով անհամբեր կը սպասէ վառ արեգակնային օրերուն: 
Իսկ այն անձը, որ հրճուանք կ'ապրի ՝ ի տես անձրեւային ամպոտ երկնքին, առանց կաշկանդումի կը շարունակէ իր ուղին, որովհետեւ օրհնութիւն կը համարէ երկինքէն տեղացող իւրաքանչիւր կաթիլ եւ կը հաւատայ այն համոզումին, թէ ՝ ի՜նչ ծիածան առանց անձրեւի...: 
Անձրեւը իր կարգին կը շլմորի. Իրմէ արցո՞ւնք, թէ շնորհքն է որ կը ծորի...:
Սօսի Մ.Տ.