Friday, November 6, 2015

Խա­ղալ գիտ­նա­յի

Ծովիկ Կարապետեան

Այս խա­ղին մէջ հմուտ չէի,
հի­մա քիչ մը սոր­վե­ցայ.
ետ սկիզ­բէն խա­ղանք.
պա­տե­րազ­մի խաղն է այս.
ե­րազ­նե­րուս մէջ նոյ­նիսկ բո­լո­րը ի­րար ան­ցան, մա­հա­ցող­ներն ու ապ­րող­նե­րը, գաղ­թող­ներն ու մնա­ցող­նե­րը.
ի՞նչ գործ ու­նէինք շու­նին սատ­կած տե­ղը... բայց շու­նին ու­րախ ապ­րած տե­ղը ո՞ւր է.
ետ սկիզ­բէն խա­ղանք.
ա­մուր պի­տի բռնեմ հա­րա­զատ­նե­րուս՝ ըն­կեր­նե­րուս, բա­րե­կամ­նե­րուս օ­ձի­քը, այդ­քան ա­մուր որ, երբ եր­թան... գո­նէ ի­րենց­մէ կա­խո­ւած հե­տեր­նին եր­թամ.
ա­մէն ինչ կէս մնաց.
ըն­կե­րու­հիս մէկ շաբ­թո­ւայ հա­մար Հա­յաս­տան գնաց... ե­րեք տա­րի է դեռ չե­կաւ.
հայրս խնդրեց ինձ­մէ, որ մա­ծու­նով քուֆ­թէ պատ­րաս­տեմ, սե­ղա­նը շտկած եմ... մա­հա­ցաւ.
Գօ­գօն ը­սաւ. «Նս­տիր, հե­տեր­նիս սուրճ մը խմէ՛» պար­տէ­զը, ը­սի՝ «­Գալ ան­գամ». յա­ջորդ օ­րը հրթի­ռի հա­րո­ւա­ծով նա­հա­տա­կո­ւե­ցաւ.
սկիզ­բէն կ'ու­զեմ խա­ղալ,
գո­նէ ա­փիս մէջ որ­քան որ մարդ բա­ւէր՝ ա­մուր բռնէի.
մատ­նե­րուս մէ­ջէն սա­հե­ցան գա­ցին:


 

Ի՞նչ պիտի կարենան իրականացնել ռուսերը Սուրիոյ մէջ

Հրաչ Քէլսահակեան


Ռուսական զինուորական միջամտութիւնը տակաւին մէկ ամիս չբոլորած, ռուս քաղաքական դէմքերը սկսան աւելի յաճախակի ակնարկել քաղաքական լուծումի մասին:

Բայց ի՜նչ քաղաքական լուծում առանց սուրիական տարբեր կողմերու փոխադարձ ճանաչումին ու բանակցութիւններուն:

Եթէ նախորդ տարիներուն Ասատ յաջողած ըլլար գոնէ «իշխանամէտ» ընդդիմութիւն մը ստեղծել, ռուսերուն գործը դիւրացած պիտի ըլլար ու թերեւս զինուորական միջամտութեան ալ հարկը չստեղծուեր:

Բայց պարագաները տարբեր են այժմ:

Ինչո՞ւ օրինաւոր ընդդիմութիւն չստեղծուեցաւ Սուրիոյ մէջ: Մի գուցէ կարեւոր պատճառնե՞ր կային: Նոյն պատճառները տակաւին ի զօրու չե՞ն: Ռուսերը ի՞նչ պիտի կարենան փոխել:

Հալէպի ջուրը

Թամար Գասպարեան

Բարեւ բարեկամներ
Աշխարհի մէջ գոյութիւն ուներ թափանցիկ, առանց հոտի, առանց համի հեղուկ մը, որ կ'ըսէինք կեանքն է մոլորակին, կը յիշեցնէք ինչ էր անունը.....

Ինքնիկ մը Յունաստանի տաք կղզիէն:


ԱՆԻ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Անամպ երկինքէն արեւը իր շողերը շռայլօրէն սփռած էր կապոյտ ,խաղաղ եւ զուլալ ջուրերուն մէջ գտնուող կղզիին վրայ:
Հաշուած քայլերով օդակայանէն դէպի գետափ տանող ճամբան ուզեցի փոխել եւ քաղաքին խորերը մտնել որոշեցի :
Հին, նեղ , խորտուբորտ ,մարդաշատ ու առեւտրական իրերով լի փողոցները զիս առին եւ լայնասիրտ Հալէպ տարին: 
Շատ քիչ վայելած եմ Հնադարեան Հալէպը,թէեւ 20 տարի բաւարար է արաբական միջավայրի ազդեցութեան տակ ապրիլ :
Այստե'ղ մարդիկ խաղաղօրէն իրենց կենցաղային արժէքներով անցեալէն հասած բարքերը կը վայելեն, իսկ այնտեղ` մարդկային անթիւ կորուստներ եւ բարքերու սարսափելի անկում կը տեղայ: 
Քայլերուս հետ միատեղ «Քառասուն Մանկաց» տանող ճամբան կ'որոնէի ,բայց չգտայ.. 
Ո~րքան նման են երդիքները զիրար միացնող կամարները, երկաթեայ դռները, արեւին ջերմութիւնը եւ մարդկանց կանչուըռտուքը «հո'ս հրամմեցէք, հո'ն հրամմեցէք» ի բառերով:
Կարճատեւ վերյիշումներս եւ ապրումներս այնտեղ թաղեցի ու փոթորկուած ներաշխարհով հեռացայ: