Friday, January 30, 2015

Նախկին մշակոյթի նախարար Րիատ Նաասան Աղա կը յայտնէ՝

(Ex Minister of Culture of Syria Riad Naasan Agha talks about the Syrian crisis. Translated into Armenian)
Միշտ կը ցանկամ որ մարդոց մէջ բարձր մնայ խղճմտանքի ձայնը:
Դժբախտաբար Սուրիացիներուն ձեռքին մէջ չէ լուծումը: Սուրիացիները այլեւս չեն կրնար որոշում առնել իրենց ապագային վերաբերեալ: Այս օրերուն Մոսկուայի մէջ տեղի կ'ունենայ խորհրդակցան ժողով մը: ՄԱԿի կողմէ ալ կայ լուծում գտնելու որոշ նախաձեռնութիւն: Կան ցանկութիւններ: Կան քննարկումներ Եգիպտոսի ստանձնելիք դերին մասին: Ցաւալի է, որ Սուրիացիները այսօր կորսնցուցած են ինքնուրոյն լուծում գտնելու հնարաւորութիւնը: Այս մէկը ես կը շեշտեմ նաեւ վարչակարգին գծով: Օրինակի համար վարչակարգը այժմ չի կրնար որեւէ բան որոշել Իրանէն, Հըզպոլայէն կամ Մոսկուայէն անկախ: Ընդիմութիւնն ալ վարչակարգին նման կապուած մնաց իրեն զօրավիգ կանգնողներուն: Ընդիմութիւնը այսօր չի կրնար անջատօրէն վարուիլ:
Ժնեւ 2Ի կարեւոր յառաջխաղացումէն ետք Սուրիացիները կորսնցուցին իրենց կողմնորոշումը, մանաւանդ երբ ԻՍԻՍը սկսաւ հրապարակի վրայ երեւիլ, պարագայ մը որ լրիւ ձեւափոխեց յեղափոխութեան նպատակները:
Սկիզբը կարելի է վերագրել Հըզպոլայի մուտքին Քըսեր շրջանին մէջ, երբ (շիական) ծայրայեղ դրօշներ սկսան երեւիլ հոն, որմէ ետք ԻՍԻՍը սկսաւ հող գրաւել որպէս հակադարձութիւն: Վարչակարգը շատ լաւ գիտէր որ բանտերէն դուրս հանելով (սիւննի) ծայրայեղականները այսպիսի բարդութիւններ պիտի ստեղծուէին Սուրիոյ մէջ:
Միջազգային ուժերը դիտմամբ կ'անտեսեն Սուրիոյ հարցը, որովհետեւ տակաւին չեն որոշած թէ ինչ պիտի ըլլայ Սուրիոյ պարագան:
Սուրիոյ մէջ այլեւս որեւէ յաղթող կողմ պարտուած կարելի է նկատուելու: Ենթադրենք որ վարչակարգը յաղթեց: Ի՞նչ պիտի ըսէ՝ ես տունին մարդն էի եւ յաղթեցի, որովհետեւ իմ զաւակներս սպանեցի ու անոնց գլխուն վրայ փլեցի տունը: Քանդեցի Հալէպը, Հոմսը, Տէր Զօրը ու տասը միլիոն գաղթական մէջտեղ բերի: Ի՞նչ տեսակ յաղթանակ է այս: Չկայ ուրեմն յաղթող կողմ՝ նոյնիսկ եթէ մէկը ինքզինք այդպէս կարծէ:
Լուծումի պէտք ունինք մենք: Վերջ ի վերջոյ Սուրիացիներ ենք բոլորս: Կարելի չէ բնաջնջել զիրար: Աշխարհի բոլոր ցեղասպանութիւնները ձախողած են եւ չեն հասած իրենց նպատակին: Պէտք է միասին ապրինք: Պէտք է լուծում գտնենք: Հարցը այն է թէ՝ ինչպէ՞ս:
Այսքան զոհողութիւններէ ետք կարելի չէ վերադառնալ նոյն կէտին:
Ժնեւը նշեց որ փոխանցման շրջան պէտք է տեղի ունենայ: Վարչակարգը ըսաւ՝ առաջնահերթութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարն է: Օպաման նշեց որ ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը տարիներ կրնայ տեւել: Ուրեմն մենք ի՞նչ պիտի ընենք այս տարիներուն ընթացքին: Ինչպէ՞ս պիտի վարուինք գաղթականներուն հետ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ բանտերուն մէջ մնացած մարդոց վիճակը:
Ռուսերը, ՄԱԿը եւ միւս բոլոր կողմերը յստակ կէտեր չեն ներկայացներ: ՄԱԿԻ լուծումները մինչեւ հիմա այնքան պարզ են որ նոյնիսկ թաղային երեւելիները կրնան նման առաջարկներ տալ:
Աշխարհը լո՞ւրջ է Սուրիոյ խնդիրը լուծելու գծով: Դժբախտաբար ո՛չ:
Մոսկուայի վերջին հանդիպումը նոյնիսկ անհատական մակարդակի իջաւ եւ մարմիններու ներկայութիւն չարձանագրուեցաւ հոն: Մոսկուան պէտք էր աւելի լուրջ լուծում առաջարկեր: Ռուսիան սկսաւ ինքզինք մեկուսացած զգալ եւ ուզեց ցոյց տալ որ ինք պիտի կարենայ լուծել Սուրիոյ հարցը:Բայց Արեւմուտքը շատ աւելի ուշիմ է եւ պիտի ըսէ Ռուսերուն՝ հրամեցէ՛ք, փորձեցէ՛ք:
Ես Սուրիոյ մէջ յեղափոխութիւն պահանջողներէն չէի, բայց երբ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ ըսի որ զինուորական լուծումը երկիրը պիտի կործանէ եւ դժբախտաբար այդպէս եղաւ: Ես տակաւին քաղաքական լուծումի զօրավիգ եմ, բայց ոչ այս ձեւով որ հիմա կ'ընեն Ռուսերը եւ աշխարհի միւս ուժերը:
Երբեմն կը խորհիմ թէ տեղի ունեցած քանդումը կարելի է որոշ գումարով եւ աշխատանքով վերականգնել, բայց հիմնական աղէտը հոգեբանական կործանումն է որուն ենթարկուեցան Սուրիացիները: Օրինակի համար ես, կեանքս Սուրիոյ մէջ անցուցած էի եւ հիմա շատ մը նախկին բարեկամներու հետ կապս խզուեցաւ իմ կեցուածքներուս պատճառով, պարզապէս որովհետեւ ես ըսի որ զինուորական լուծումին չեմ հաւատար: Իսկ անոնք ըսին պէտք է «դաստիարակենք» ժողովուրդը եւ ոտքով կոխենք ու ճզմենք անոր պահանջները: Ես տակաւին Սուրիա էի երբ մեժեցի այս մօտեցումը: Իմ ընկերներէս մէկը նոյնիսկ կայաններէն մէկուն մէջ երեւցաւ ըսելով որ կը ցանկայ որ նախագահը օդանաւներ ուղարկէ ընդիմադիրներուն դէմ ու բնաջնջէ զանոնք: Լսեցի իր խօսքերը ու այդ րոպէին ի հարկէ իմ ընկերութիւնս այդ մարդուն հետ վերջ գտաւ: Դժբախտաբար շատ մը ամուսնութիւններ նոյնիսկ այսպիսի վախճան ունեցան:
Շատ ժամանակ պէտք է այս հոգեվիճակէն դուրս գալու համար: Ես տակաւին կը պահպանեմ իմ ընկերութիւններս կարգ մը մարդոց հետ, որոնց մասին գիտեմ թէ իրենց սրտերուն մէջ չեն ուզեր որ նման բաներ պատահին: Նոյնիսկ կրնամ կռահել որ ապահովական մարմիններու պատասխանատուներ կան որոնք չեն կրնար բանտարկեալներուն չարչարանքի քանակը պակսեցնել վախնալով որ այդ պիտի կասկածի տակ առնէ իրենց հաւատարմութիւնը վարչակարգին կողմէ: Միշտ կը ցանկամ սակայն որ մարդոց մէջ բարձր մնայ խղճմտանքի ձայնը:

Friday, January 9, 2015

Վահէ Շահինեան ոչ եւս է

Well known Syrian Armenian photographer Vahe Shahinian has passed away on 09 January 2015
Սրտի տագնապէ մահացած է մեր անդամներէն Դամասկոսցի յայտնի լուսանկարիչ Վահէ Շահինեանը:
Ունեցած է յայտնի լուսանկարչատուն Դամասկոսի Հիճազի պատմական կայարանին կողքին՝ Քասր Ալ Շարք պատմական հիւրանոցէն ոչ շատ հեռու:
Միջին Արեւելեան հայկական լուսանկարչական աւանդը բարձր պահող անձնաւորութիւներէն մէկն էր:
Իր լուսանկարները երկար ժամանակ օգտագործուած են Սուրիոյ Զբօսաշրջիկական նախարարութեան կողմէ հրատարակուած բազմաթիւ գործերու մէջ:
Հայաստանի բնաշխարհը եւ հնութիւնները նկարած է մանրամասնութեամբ, երկար ժամանակ տրամադրելով այդ գործին:
Եղած է Ասատի փեսային Ասեֆ Շաուքաթին շատ մօտիկ բարեկամը եւ այդ կապին միջոցով լուծած է ազգօգուտ շատ մը հարցեր:
Սուրիոյ պատերազմի առաջին շրջանին թալանուած է իր բնակարանը իրեն ծանօթ անձերու կողմէ, որուն պատճառով իր վրդովմունքը արտայայտած է եւ մեծ ափսոսանք ապրած: Այնուամենայնիւ միշտ զուսպ եղած է:
Վերջին տարիներուն որոշ շրջան մը Հայաստան ապրած է հեռանալով Սուրիական իրավիճակէն, ուր կազմակերպուած է Սուրիական բնաշխարհին եւ հնութիւններուն մասին իր լուսանկարներուն յատուկ ցուցահանդէսը:
Ունէր քննական եւ անհանդարտ ոգի եւ չէր վարաներ (մանաւանդ Սուրիական տագնապի սկզբնական շրջանին) մատնանշելու երկրի մէջ գործող մութ անձնաւորութիւնները:
Իր լուսանկարչական աւանդը կը շարունակէ իր դուստրը Նայիրին, որ ճանչցուած անուն դարձած է:
Լուսանկարներ՝ Շահինեանին գործերէն Սուրիա եւ Հայաստան:
Աստուած հոգին լուսաւորէ: Հետք ձգող անձնաւորութիւն էր եւ իր ասպարէզի վաւերական դէմքերէն:

Wednesday, January 7, 2015

Խօսելու Արուեստը / The Art of Public Speech

Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

Sosy Mishoyan Dabbaghian writes about the art of talking and expressing oneself. She describes the reasons why many people have difficulty in talking in public. She brings examples from Aleppo Armenians' social life to support her arguments.  



Հայերով նստած ենք սեղանին շուրջը ու համադամ ուտեստները կը վայելենք:Խմիչքներուն շիշերը,որոնք նոյնպէս շարուած են սեղանին մէկ կողմը կը ծառայեն սեղանակիցներուն քէ՜ֆ եւ բարձր տրամադրութիւն պարգեւելուն:

Հեքիաթներուն մէջ լսած ու կարդացած ենք,որ հայկական ուրախութիւններն ու տօնախմբութիւնները եօթը օր եօթը գիշեր կը տեւեն:Այո',այդ աւանդութիւնը ահաւասիկ երեւելի է Երեւանի մէջ: Քէ՜ֆ ընողին քէ՜ֆ չի պակսիր սկզբունքով հայաստանցիք ամէն հոգս ու դժուարութիւն մէկդի նետած կը փորձեն վայելել տօնական օրերու բերած բերկրանքը՝իւրաքանչիւր օր հարազատի կամ բարեկամի տուն այցելութիւն տալով: Հիւրասէր հայը ինչ ունի ինչ չունի սեղանին վրայ կը հրամցնէ ու ''օգտուէք'' առաջարկով քեզ կը հրաւիրէ մասնակից դարձնելու իր կեր ու խումին:

Սակայն կեր ու խումը այդքան չի գերեր հոգիս, որքան սեղանին վրայ հնչող բաժակաճառերը:Պզտիկէն մեծ ճարտասան են: Հինէն եկած այս գեղեցիկ սովորութիւնը պահապանուած է մինչ օրս: Մենք գիտենք,որ հայ դիցաբանութեան մէջ Տիր աստուածը կը ներկայանայ որպէս գիրի, դպրութեան,արուեստի եւ ճարտասանութեան հովանաւոր:Ան Արամազդի գրագիրն է եւ կը համապատասխանէ յունական Հերմէսին,հռովմէական Մերկուրիոսին եւ յատկապէս յունական Ապոլլոնին:

Հայաստանցիք կ'ըսեն.''ասողին լսող է պէտք, լսողին՝ համբերութիւն, համբերութեանը՝ բաժակ, բաժակին՝ բաժակաճառ ասող'': Եւ այսպէս սեղանը շէնցնող սեղանապետ՝ ''թամատա'' կ'ընտրուի ու կարգով կենացները կը սկսին ծաղկիլ: 

- Մաղթում եմ,որ 2015թ. լինի առողջութեան,խաղաղութեան եւ արդար պահանջների իրականացման տարի:

- Մաղթում եմ,որ ամէն մարդ գտնի երջանկութեան իր բանաձեւը եւ տարին իր համար իսկապէս յաջողուած լինի:Աստուած ձեզ օրհնի եւ միշտ բացի նոր լուսաւոր դռներ:

- Թող 2015թ. Բոլորին միայն ժպիտներ եւ սէր պարգեւի:Բոլոր կիսատ գործերը թող դրական ելքով աւարտուեն,իսկ ովքեր նոր ծրագրեր են մտորել,թող որ անսպառ եռանդով եւ ոգեւորութեամբ իրականացնեն...'':

Ամանորեան այս գեղեցիկ մաղթանքները աղն ու համը կ'ըլլան սեղանին: Հիւրաբար հրաւիրուած սուրիահայերը սակայն(երբ բաժակը բարձրացնելու իրենց կարգը հասնի) իրենց խօսքը կ'ամփոփեն ընդամէնը ''կենացնուդ'' կարճ մաղթանքով:Հարց կը ծագի մտքիդ մէջ:Արդեօք Ի՞նչն է մեզ խանգարողը,որ երկու խօսք արտայայտուելու համար անճրկինք: Համարձակութեան պակա՞սն է թէ անփորձ ու անվարժ ըլլալը: Ծայրագոյն պարագային կը վստահին միայն սեղանի երէցներուն, որոնք իրենց կեանքի փորձէն հարստացած անպայման ըսելիք մը կրնան ունենալ:Մինչդեռ տեղացի փոքրիկ աղջնակներ ի՜նչ գեղեցիկ խօսիլ գիտեն,որ բերանդ լայն բացած հմայուած հայեացքով մտիկ ընել կ'ուզես:Ինչու՞ գեղեցիկ խօսելու արուեստը չսորվեցնել մեր երեխաներուն փոքր տարիքէն,հաւատալով մանաւանդ մեծ ճարտասան Ցիցերոնի խօսքին, թէ '' բանաստեղծ կը ծնին,իսկ ճարտասան կը դառնան'': Վստահ որ իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ գեղեցիկ ցանկութիւն կամ իղձ պահուած կայ.ինչու՞ չթողնել, որ սրտի տաքուկ ձայնը դուրս գայ նաեւ շուրթերէն ու սեղանին վրայ դրուած սնունդէն զատ կարողանայ նաեւ հոգիները սնուցանել:

Thursday, December 25, 2014

Նանոր Ինճէճիկեանի տետրէն

Առայժմ 
կը դիտեմ
գուցէ տարիներ յետոյ
պատմեմ
բայց հիմա
զիս առանձին ձգէ
աչքերուս հետ:

Wednesday, October 22, 2014

Կիւլ Հայաստանի մասին կ'արտայայտուի արաբական թերթի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին

Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտալլահ Կիւլին հետ Ալ Հայաթ Լոնտոնեան արաբական թերթի ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին (11 Հոկտեմբեր 2014) թղթակիցը կը հարցնէ՝

- Հայաստան առաջին այց կատարեցիք, կը խորհի՞ք թէ այս շրջանին վէրքերը հայերուն հետ ինչպէս նաեւ սիւննիներուն եւ շիաներուն միջեւ եղած վէրքերը կարելի է դարմանել: Մեր մշակոյթը կ'օգնէ՞ այդ առումով:

Կիւլ կու տայ դիւանագիտական պատասխան, ուր սակայն նշմարելի է որ սովորական հակահայ տրամադրութիւններ չեն արտայայտուած: Կ'ըսէ՝

«Այդ բանը կարելի է իրականացնել ուժեղ ղեկավարութիւններու միջոցով որոնք չեն վարանիր կատարելու իսկական եւ իրադիտական վերաքննութիւններ: Բեռը շրջանի իշխանութիւններուն եւ ղեկավարներուն վրայ է: Եթէ խոր քննութիւն կատարենք եւ հետեւինք քուլիսներուն ետեւէն, պիտի նկատենք թէ բազմաթիւ պատերազմներու եւ խնդիրներու պարագային, մասնակցողներուն մեծամասնութիւնը մղուած էին կանգնելու այս կամ այն կողմին հետ կամ յայտնուելու այս կամ այն իրավիճակին մէջ, առանց իրենք այդ ընտրութիւնները կատարած ըլլալու: Ղեկավարութիւններն են միայն, որոնք կ'որոշեն ու կ'ընտրեն:

Saturday, September 27, 2014

ԾՆՆԴԱՎԱՅՐՍ՝ ԱՐԱԲ ԲՈՒՆԱՐ, ԱՅՆ ԷԼ ԱՐԱՊ, ՔՈՊԱՆԻՆ

ԽԱՉԱՏՈՒՐ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅ ՊՕՂՈՍԵԱՆ

Արաբ Բունար Այն էլ Արապ ծննդավայրս այսօր աւելի լաւ ձեւով յայտնի ու ճանչցուած Քոպանին գրաւուելու վտանգին տակ է։ Կը կարծուի որ գիւղաքաղաքը կրնայ մի քանի օր կամ ժամեր ետք իյնալ, եթէ քիւրտ մարտիկները քաջաբար չդիմադրեն ու չփրկեն իրենց քաղաքը՝արդիական ծանր զէնքերով յառաջացող «Իսլամական Պետութեան» հրոսակներէն։ 

Կեանքիս մէջ օր մը մտքէս չէի անցուցած, որ ծննդավայրս կրնար աշխարհի լրատուական լուսարձակներուն կեդրոնը գտնուիլ, բայց եղաւ, ինչպէս երբեմն եղաւ մօրս ծնողաց բնակած Ազէզը, որ Արաբ Բունարի պէս աննշան վայր մըն էր Հալէպէն ոչ շատ հեռու Թուրքիոյ սահմանին մօտ։

Երբ փոքր էի կը կարծէի որ Արաբ Բունարը աշխարհի ամենէն հեռաւոր վայրին մէջ կորսուած աննշան տեղ մըն էր, ուր ես ծնած էի՝ բաղդէս։ 

Ջարդերէն մազապուրծ ազատուած մեծ ծնողքս նախ Հալէպ հաստատուած էին եւ յետոյ չեմ գիտեր ինչու Արաբ Բունար եկած էին։ Երբ փոքր էի, մտքէս կ՛ըսէի՝ «մարդ աշխարհի ամենէն մեծ ու գեղեցիկ Հալէպ քաղաքը կը ձգէ ու հոս կու գա՛յ։» Կը խորհէի թերեւս հնարաւոր ըլլայ ձեւով մը մեր տունը բեռնակառքի մը կամ հանրակառքի մը վրայ բեռցնէին եւ Հալէպ փոխադրէին...։


Մեր գիւղաքաղաքին մէջ երկու մզկիթներ կային եւ անոնց քիւրտ սուննի եւ շիի հաւատացեալները երբեմն Ուրբաթ օրուան աղօթքի քարոզէն ետքը իրարու դէմ բուռն կռիւներ կ՛ունենային։ 


Անունը Արաբ Բունար էր, բայց այնտեղի արաբները իմ կարծիքով միայն քաղաքին կառավարական պաշտօնեաներն ու իրենց ընտանիքներն էին, քաղաքապետ, դատաւոր, ոստիկան, դպրոցի տնօրէն, ուսուցիչներ բանտապահներ, եւ քանի մը սահմանապահ զինուորներ, մնացեալը՝ քիւրտեր էին մեծաւ մասամբ, եւ հայեր իրենց առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներով, եւ հայախօս սուրիանիներ՝ իրենց եկեղեցիով, ու մի քանի թուրքման, զազա ու չերքէզ ընտանիքներ։

Արաբ Բունարը ունէր երկու մասեր՝ «ջուրէն ասդին» եւ «ջուրէն անդին»՝ գետակ մը կ՛անցնէր մէջտեղի կամուրջին տակէն։

Թուրքիան՝ մեր տունէն հազիւ 200 քայլ անդին էր, եւ միջոցին՝ կար մաքսատունը եւ դաշտ մը ուր դպրոցէն արձակուելէ ետք զանազան խաղեր կը խաղայինք, եւ երբեմն, երբ մեր մէջ հայկական արիւնը եռար՝ թուրք տղոց վրայ պարսատիկով քար կը նետէինք, իրենք ալ մեր վրան։ 

Մեր սահմանին վրան միայն մի քանի սուրիացի զինուորներ կային, մինչդեռ թրքական կողմի՝ զինուորականներուն թիւը անհամեմատ աւելի մեծ էր, եւ այդ էր գլխաւոր պատճառը իմ հոն ապրիլ չուզելուս։ Կ՛ուզէի հեռու ըլլալ թուրքերէն,՝որովհետեւ անոնք մեծ ծնողներուս հարազատները սպաննած էին եւ բռնագրաւեր էին իրենց տուներն ու կալուածները, որոնց փաստաթուղթերը մեծ հօրս տան խոշոր սնտուկին մէջն էին։ 

Սկիզբը Արաբ Բունարի բոլոր վաճառականները, արհեստաւորները, բժիշկներն ու մարզիկները հայեր էին, վերջը քիւրտերն ալ սկսան։ Ունէինք երկու ակումբներ ՀՄԸՄ եւ ՀԲԸՄ/ՀԵԸ, իրենց սկաուտական կազմերով փողերախումբերով եւ ֆութպոլի խումբերով, որոնք կը մասնակցէին Հալէպի մէջ Սուրբ Զատկին տեղի ունեցող տարեկան միջ-մասնաճիւղային զոյգ մրցումներուն ու տողանցքներուն։ 

Հայերը առաւելաբար Ուրֆա-Կարմուճի եւ Տիգրանակերտի բարբառներով կը խօսէին իրարու հետ։

Ծնած ժամանակ Արաբ Բունարի ժողովուրդին մեծամասնութիւնը քիւրտ էր։ Հայերն ալ շատ էին, այնքան շատ որ ունէին երկու դպրոցներ՝ Խրիմեան ազգային նախակրթարան վարժարանը, ուր կը յաճախէին քոյր եղբայրներս եւ ես, կար նաեւ Բարեգործականի Աւետիս Սարաֆեան նախակրթարան վարժարանը: Տարեվերջերուն փառաւոր դպրոցական հանդէսներ կ՛ունենայինք ու ես հարմոնիքա եւ աքորտէոն կը նուագէի: Ունէինք նաեւ թատերախումբեր։ 

Մեր գիւղաքաղաքի հայերուն մեծամասնութիւնը՝ Ուրֆացի/ Կարմուճցիներ էին, յետոյ՝ Տիգրանակերտցիներ՝ որոնց մեծամասնութիւնը իրարու ազգականներ էին եւ ջուրէն ասդին կը բնակէին՝ Թուրքիոյ սահմանին մօտ։ Կային նաեւ Պէրէճիկցի հայ ընտանիքներ։

Բայց, տարուէ տարի հայոց թիւը նօսրացաւ, Տէր Հայր եւ հայ ուսուցիչներ հեռացան, եկեղեցին այնքան ատեն որ հայրս հոն էր՝ բաց մնաց, Խրիմեան վարժարանը փակուեցաւ, հայոց կալուածները յանձնուեցան Հալէպի Առաջնորդարանին։ Բարեգործական դպրոցը բաւական ատեն բաց մնաց, եւ հոն յաճախող աշակերտներէն ոմանք Կիրակի օրերը հօրս հետ Սուրբ Պատարագի շարականները երգեցին տարիներով։ Մեր ակումբները փակուեցան, վաճառատուներն ու տուները ծախուեցան, մնացին միայն մէկ ձեռքի վրայ հաշուող հայեր՝ բժիշկ եւ դեղագործ։

Ունէինք գեղեցիկ լիճ մը ուր պտոյտի կ՛երթայինք, բայց դժբախտ օր մը անակնկալ հեղեղին քշած տիղմը անոր ակին աչքերը չորցուց եւ զայն խաղադաշտի վերածեց։ Կար նաեւ Պըզպըզ ակը, որուն ջուրը շատ համով, թեթեւ ու մարսողական էր։ 

Հայերը ունէին ֆութպոլի երկու դաշտեր։ Բլուր մը ունէինք՝ որուն գագաթին սրբատեղի մը կար Զիարաթ անունով։ Տարուան մէջ մի քանի անգամ հոն ուխտի կ՛երթայինք աղօթքի ու մոմ վառելու, անծանօթ սուրբին գերեզմանին։ Մեծ հօրս գերեզմանը հիմա այդ կողմերը կը գտնուի։ Հայերը գերեզմանատուն մը ունէին քաղաքապետարանէն քիչ մը անդին, որ երբեմն կը սրբապղծուէր քիւրտերուն կողմէ։ Քառասուն տարի է որ չեմ գացած հոն։

Հիմա, քաղաքին տէրերը՝ քիւրտերն են որոնք իրենց կեանքերը փրկելու համար Թուրքիա փախած են, եւ երիտասարդ կամաւորներէն ոմանք իրենց ընտանիքը հոն ձգած կը վերադառնան իրենց քաղաքը՝ ամրակուռ շարքերով կռուելով ու փրկելու Սուրիոյ երեք ամենէն աւելի քիւրտերէն բնակուած կեդրոնններէն մէկը՝ ծննդավայրս՝ որ ունի երեք անուններ՝ Սրաբ Բունար, Այն Էլ Արապ, Քոպանի...։

Նիս, 27 Սեպտեմբեր, 2014

Friday, September 12, 2014

Հայաստան – Սփիւռք համագումարը ի՞նչ կրնայ բերել սուրիահայերու տագնապին

Հրաչ Քալսահակեան


Few days ahead Armenia –Diaspora 5th conference will convene in Yerevan. Syrian Armenians will participate with a big delegation representing various (religious and non-religious) community establishments.


Are these representatives ready to present their cause to the Diaspora Armenians in the most engaging way or will they be just occupied in reciting their well-prepared reports and voicing some strongly worded rhetoric? Hrach Kalsahakian poses the difficult question.


Քանի մը օր ետք Երևանի մէջ պիտի գումարուի Հայաստան – Սփիւռք 5-րդ համագումարը, որուն չորս նիստերէն մէկը յատկացուած պիտի ըլլայ սուրիահայութեան տագնապին՝ «Սուրիահայ համայնքի հիմնախնդրիները» խորագրին տակ:


Նշեալ նիստին մինչեւ այս պահը արձանագրուած են տասնըմէկ նիստավարներ՝ 


1. Ֆիրդուս Զաքարեան - Սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար:

2. Վահան Պօղոսեան - Առողջապահութեան նախարարի տեղակալ:

3. Ժիրայր Րէիսեան - Բերիոյ թեմի մամուլի քարտուղար:

4. Գերաշնորհ Տէր Արմաշ եպիսկոպոս Նալբանդեան - Դամասկոսի թեմի առաջնորդ:

5. Գերաշնորհ Տէր Շահան արքեպիսկոպոս Սարգիսեան- Բերիոյ թեմի առաջնորդ:

6. Հայր Անդրանիկ ծայրագոյն վարդապետ Այվազեան – Ճէզիրէի հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ:

7. Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան – Սուրիոյ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ:

8. Վազգէն Եագուպեան - ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչական ժողովի անդամ:

9. Լևոն Պըլըխեան - ՌԱԿ Հիւսիսային Սուրիոյ շրջանային վարչութեան ատենապետ:

10. Շաւարշ Ակինեան- ՍԴՀԿ Սուրիոյ կեդրոնական վարչութեան անդամ:

11. Լենա Հալլաճեան - «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ:


Նիստավարներուն չորսը Սուրիոյ մէջ գործող համայնքապետեր են, իսկ մնացնեալներուն մեծամասնութիւնը այս կամ այն ձեւով կը ներկայացնեն հայկական աւանդական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները:


Յատկանշական է, որ նիստավարներուն կարեւոր տոկոսը յատուկ պիտի ժամանէ Սուրիայէն այս համագումարին ներկայ գտնուելու համար:


Այս բոլորը շեշտը կը դնեն նիստի պատմական հանգամանքին վրայ: Արդարեւ Սուրիոյ դէպքերէն ետք առաջին անգամն է որ սուրիահայ կրօնական եւ աշխարհիկ ղեկավարութիւնը հաւաքական կերպով պիտի ներկայանայ համայն հայութեան առջեւ ու ազգի սեղանին վրայ դնէ զինք յուզող հարցերը:


Վերջին ժամանակաշրջանի զարգացումները յստակօրէն ցոյց տուին թէ Սուրիոյ դէպքերը բաւական երկարաձգուելու են: Գոնէ պարզ տեսանելի է, թէ յաջորդող քանի մը տարիներու ընթացքին իրավիճակը նախկինէն շատ պիտի չտարբերի:


Հայաստան – Սփիւռք համագումարը կրնայ այն սովորական բեմը դառնալ ուրկէ պիտի ընթերցուին շտապ օգնութեան ու մարդասիրական գործունէութեան տեղեկագրութիւնները: Կրնայ նաև ծառայել որպէս ամպիոն աննկուն կամքի, հաւատքի ու քարի կառչածութեան մասին կոչեր արձակելու:


Բայց սոյն համգումարը կրնայ նաև վերածուիլ աննախընթաց առիթի մը, երբ սուրիահայ աւագանին, հայրենի հողին ուժը շօշափած, յաջողի դուրս գալ մեռելային շուրջպարէն ու վճռական իր խօսքը ուղղելով համայն հայութեան, պահանջէ որ ազգի բոլոր մասնիկները (ներառեալ սուրիահայերը) պատասխանատուութեան իրենց բաժինը ստանձնեն այս տագնապին դիմաց:


Ընդամէնը քանի մը օր մնացած է սուրիահայ ներկայացուցիչներուն դիմաց:


Պիտի յաջողի՞ն դէպքերու զարգացումները քննական ակնոցով դիտել ու համոզիչ ձեւով ներկայացնել իրենց դատը, ըստ այնմ նուաճելով համահայկական զօրակցութիւն, թէ պիտի բաւականանան իրենց պերճախօս տեղեկագիրները ընթերցելով ու բոցաշունչ քարոզները հնչեցնելով: