Tuesday, January 12, 2016

ՆՈՐ ԳԱԼԻՔԻՆ ՀԱՒԱՏՔՈՎ

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ- ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ


Սիրելի' Aleppo Armenians-ի խումբի անդամներ : 
Նոր տարուան շեմին կ'ողջունեմ բոլորդ եւ ապահով , խաղաղ ու ուրախ Նոր Տարի կը մաղթեմ: Ինծի համար հարազատ դարձած այս խումբին մէջ Մարտ ամիսէն ի վեր համեստ մասնակցութիւնս բերելով ՝ ես հարիւրաւոր մարդիկ ճանչցայ եւ նկատեցի, որ աշխարհով մէկ սփռուած հայերը նոյն նկարագիրը ունին: Ջիղ մը կայ , որ բոլորիս մարմինէն կ'անցնի հաւասարապէս՝ նոյն յոյզերով ու ապրումներով համակելով բոլորս: Ահա հոս է որ հայը հայութիւն կը դառնայ, անհատականէն դէպի ազգային մտահոգութիւններ անցում կատարելով:
Սուրիահայութեան եւ հալէպահայութեան թեման էր կրկին խումբին մէջ գլխաւորաբար արծարծուողը այս տարի: Եթէ վիճեցանք երբեմն՝ յանուն բարիին, եթէ ցանկացինք՝ միշտ բարին ու լաւը կամենալով: Եթէ յուսահատեցանք, սակայն նշոյլը յոյսի երբեք չկորսնցուցինք: 
*** 
...5-
րդ տարին է ահա, ծննդավայրէն ներս թէ դուրս ապրող հալէպահայը նոր գալիքին բարի սպասումով մը կ'ուզէ ոգի ի բռին գլորել անցածը, ետին ձգելով անմարդկայնութիւնը ու սարսափազդու վայրկեանները: Պիտի վերադառնա՞ն փառքի օրերը, պիտի գա՞ն նորերը, աւելի լաւերը. այս զգացումը խաբկա՞նք է, պատրա՞նք. Չեմ գիտեր, բայց եւ այնպէս զօրաւոր բաղձանք է: «Կաղանդի ծառ մը շտկելու համար
երկու բան պէտք է.
ծառը եւ զարդը անոր վրայ-
կաղանդի ծառ մը շտկելու համար 
երեք բան պէտք է
ծառէն, զարդէն զատ. 
ՀԱՒԱՏՔԸ գալիք աղուոր օրերու»:

Բարի սպասում եւ բարի կաղանդ
Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

 

ՀԱԼԷՊԻ «ՕԹԷԼ ՊԱՐՈՆ»Ը ԴԱ՛ՐՁԵԱԼ ԼՈՒՍԱՐՁԱԿԻ ՏԱԿ

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

Անկասկած, Հալէպ քաղաքի խորհրդանիշներէն մէկն է Օթէլ Պարոնը։
Թէեւ այսօր լրիւ անշքացած, աւելի քան հարիւրամեայ այս անուանի պանդոկը դեռ կը շարունակէ իր վրայ հրաւիրել հետազօտիչներու ուշադրութիւնը։ 
Եթէ մէկը փորձէ ի մի բերել բոլոր այն գիրքերն ու գրութիւնները, որոնք տասնամեակներու երկայնքին գրի առնուած են Օթէլ Պարոնին մասին (տարբեր լեզուներով), ապա ձեռքի տակ պիտի ունենանք պատկառելի գրականութիւն մը։
Այս տեսակէտով գոնէ՝ բախտաւո՛ր է Օթէլ Պարոնը։
Վերջերս, պանդոկին մասին գիրք մը հրատարակուեցաւ նաեւ թրքերէն լեզուով։ Պոլսոյ հայկական ԱՐԱՍ հրատարակչատան նախաձեռնութեամբ լոյս ընծայուեցաւ «Հալէպի Պարոնները» խորագրեալ հատորը, զոր գրի առեր են իտալացի երկու լրագրողներ։ Իտալերէն գիրքը թրքերէնի թարգմանուեր է Ելտա Կիւրլէքի կողմէ։ 
Աւելի քան 200 էջանի այս ուսումնասիրութեան մէջ՝ հեղինակները կը խօսին անուանի այս հաստատութեան հիմնադրութեան, հիմնադիր Մազլումեան եղբայրներուն, եւ այն երեւելի պետական ու միջազգային դէմքերուն մասին, որոնք օր մը իջեւանած են անոր երդիքին տակ։
Ծանօթ է որ պանդոկը հիմնուած էր 1911-ին՝ Օննիկ եւ Արմէն Մազլումեանններու կողմէ։ Պանդոկին պատմութիւնը սերտօրէն առընչուած է Մեծ Եղեռնի իրադարձութիւններուն, Ա. եւ Բ. Աշխարհամարտերուն, Սուրիոյ անկախութեան եւ քաղաքական այլ կարեւոր եղելութիւններու։
Հիմնադիրներուն մահէն ետք, պանդոկին ղեկը ստանձնած էր անոնց անմիջական շառաւիղը՝ պր. Գօգօ Մազլումեանը։ Իսկ անկէ ետք՝ այս վերջնոյն որդին՝ Արմէնը։
Հալէպի նորօրեայ պատերազմը, որ քաղաքին համատարած քանդումին զուգահեռ փճացուց նաեւ զբօսաշրջական կալուածը, անշուշտ որ լախտի հարուած մը եղաւ նաեւ Օթէլ Պարոնին (եւ միւս բոլոր պանդոկներուն) համար։
Կրնա՞յ օր մը վերապրիլ այս պատմական իջեւանատունը՝ իբրեւ ՀԱՅԱՊԱՏԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԻՒՆ, թէ ա՛ն ալ պիտի բռնէ փլուզումի ճամբան, մօտիկ ապագան ցոյց պիտի տայ։