Friday, September 4, 2015

ՊԱՊԻ'Կ, ՔՈՒ ՔԱՂԱՔԻԴ ԱՆՈՒՆԸ Ի՞ՆՉ Է...


ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Թոռնիկիս, Վանային իր տարեդարձին իբրեւ նուէր այս տարի խաղալիքի փոխարէն վարդագոյն կողքով յուշատետր մը գնած էի, որուն առաջին իսկ էջին նախ պիտի արձանագրէր իր անունն ու ազգանունը, ծննդեան թուականն ու ծնած քաղաքը եւ ապա ըստ մեր ներքին համաձայնութեան, ամէն երեկոյ քանի մը տող յուշ պիտի գրէր։
Նուէրիս այս բաժինը բացատրելու եւ կամ պարզելու համար միասին սկսանք մեր «աշխատանքին»։ Տրամադրութիւնները լաւ էին եւ բարձր, երբ յանկարծ իննամեայ մեր «օրիորդը» անմեղօրէն ինծի հարց տուաւ.-
-Պապի՛կ, ի՞նչ է քու ծնած քաղաքիդ անունը, ո՞ւր է, ինչպէ՞ս է, «բըլիզ» ըսէ՛...։
Իրապէս, որ այս անակնկալ հարցումին առջեւ շուարեցայ։ Զարմացած էի։ Ուրկէ~ ուր: Բայց ինչո՞ւ ես այսպէս իրար անցայ, բեմ գիտեր։ Զարմանալի։ Չ հասկցայ։ Քաղաքիս անունը կ՛ուզէ: Թող ուզէ.- ես ալ կ՛ըսեմ։ Սակայն պէտք է ըսեմ, որ ինծի համար այս անուան հետ շատ բաներ կապուած էին, թերեւս անոր համար էր, որ քիչ մը տատամ-սեցայ։ Քաղաքս, ծննդավայրս: Ահա քեզի հարցում: Հիմա սակայն հարցը այն է, թէ ինչպէ՞ս պէտք էր, որ պարզէի միտքս, չէի գիտեր։ Ինչո՞ւ կ՛ուզէր իմ քաղաքիս անունը գիտնալ։ Անոր ժամանակն է՞ր։ Չար սատանայ։ Ի՞նչ պէտք էր, որ ըսէի տակաւին շատ մանուկ այս ուղեղին, մեր այդ վիրաւոր քաղաքի մասին, այդ մէկն ալ ինծի համար հանելուկ մըն էր: Չէի գիտեր։ Որովհետեւ խօսիլ մեր քաղաքի մասին կը նշանակէր խօսիլ նաեւ արեւելքի մասին։ Ցաւալի ու տառապելի։ Ուստի ձեւով մը փորձեցի սահմանել մտածումներս, առանց բացայայտելու յուզումս ու մտահոգութիւնս։ Ու մտովի որոշեցի հետաքրքիր թոռնիկիս քաղաքիս անուան հետ նաեւ պարզ ձեւով ներկայացնել մտքիս պատերուն մէջ բանտուած պահած ծննդավայրիս հին ու նոր կեանքը, անցեալն ու պատմութիւնը, յոյսերն ու յոյզերը։ Թող գոնէ քիչ մը տեղեակ ըլլար իր պապիկի անցեալէն: Լաւ առիթ էր. տրամաբանեցի:
Բայց ինչպէ՞ս եւ ուրկէ՞ սկսէի: Ինչպէ՞ս բացատրէի, թէ որոշ պարզութիւն մը կար, մեր քաղաքէն ներս, ե՛ւ անօրինակ, ե՛ւ նախանձելի, ե՛ւ աւանադապաշտ։ Ինչպէ՞ս իրեն հասկցնէի, թէ հոն մեծերը աւելի հարուստ էին զգացումով։ Հապա՞ մեր մայրենիին հանդէպ մեր որդեգրումը։ Ինչպէ՞ս պարզէի, թէ հայոց լեզուն մեզի համար հայ հոգիին եւ մտքին յաղթանակն էր ու մեր կեանքին արտացոլումը։ Եւ տակաւին մեր եկեղեցին իր պատմական զանգակով եւ որ միշտ մեր ականջները կը լեցնէր սուրբ բաներով եւ որ հաւատալ կու տար մեզի, թէ հոն իսկապէս իջած էր մեր Աստուածը։ Այլ խօսքով հոն, մեր հաւատքը մեր կենաքին ատաղձը դարձուցած էինք։ Այս բոլորը արդեօ՞ք պէտք էր, որ ըսէի, պատմէի։ Այս փոքրիկը պիտի հասկնա՞ր: Հաւատացէ՛ք, այդ վայրկեանին ինծի համար շատ դժուար էր այս բոլորը թոռնիկիս բացատրել։ Տակաւին նաեւ կ՛ուզէի մատնանշել, թէ մեր քաղաքէն ներս նոյնիսկ տեղացիները կը հաստէին որ մենք հոն իբրեւ հայեր, ինքնուրոյն էինք եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ։ Մենք եղբայր էինք իրենց հետ, խաղաղութեան հետ, աշխատանքին հետ։ Թէեւ միշտ մտա-հոգ ճակատներ ունէինք, սակայն ապագային կը նայէինք առողջ մտքով։ Միշտ դէպի նորը կամուրջ մը նետած էինք, ու մեր աչքերուն կեդրոնը Արարատն ու եռագոյն դրօշը դարձուցած։ Ու ամէնէն հաճելին՝ ամրան, գիշերուան լռութիւնը լսելու համար բակը կամ տանիքը կը պառկէինք արեւելեան գեղեցիկ սովորութեան համաձայն։ Ու այդ վայրկեանին երկինքը ցած կ՛իջնէր ու տանիքներուն կը կապուէր։ Ու պառկած տեղերնէս մեր նայուածքները ինքնաբերաբար կը հետեւէին աստղերու ճամբուն։ Մտովի կը ճամբորդէինք գիշերուան թեւերուն վրայ, մինչեւ որ մոռնայինք մենք զմեզ ու ժամանակը։
Իմ այս քաղաքս, ուր գիշերը աւելի գեղեցիկ էր ցերեկէն, եօթ դրացիներով խճողուած մեր բակին մէջ գիշերուայ անդորրը չխանգարելու համար, ամէն մարդ իր սենեակի դրան առջեւ փոքր աթոռակներու վրայ նստած, ցած կը խօսէր։ Կը խօսէր իր ցաւերուն եւ յոյսերուն մասին, իր իղձերուն եւ նպատակին։ Միայն մզկիթներէն աղօթքները կը խանգարէին համատարած լռութիւնը։ Ու ամէն գիշեր, չպատմուած հէքեաթներ կ՛ար-թննային։ Եւ տակաւին՝ աշնան պահածոներ կը պատրաստուէին։ Անձրեւի ջուրը կը հաւաքուէր վարը խորունկ մառանին մէջ տեղ մը։ Սենեակներուն գետինները գորգե-րով կը ծածկուէին։ Սնտուկներէն բուրդէ հագուստներ կը հանուէին, ու բոլորին տան մէջ կ՛իջնէր սէրը, վաղուան յոյսին ու լոյսին հետ։ Ըսէ՛ք, ինչպէ՞ս բացատրէի, թէ մեր քաղաքը ոգեւորիչ հայութեամբ լեցուն էր։ Անոր համար ան գրաւած էր մայր գաղութի տիտղոսի աթոռը Սփիւռքի պատմութեան էջերուն մէջ։ Անձնապէս երախտապարտ եմ քաղաքիս, ծնողքիս չափ։ Արդեօ՞ք Վանան պիտի հասկնար այս մէկը եւ աւելին՝ պիտի հասկնար, թէ հո՛ն մեծեր ունէինք ու բոլորս ալ զիրար կը յարգէինք ու կը սիրէինք, թէեւ երկար ալ կը վիճէինք, սակայն միշտ միասին կը կառուցէինք։ Միասին կը ծրագրէինք: Մեզի հետ կը պտտցնէինք մեր վարդագոյն երազները։ Մեր քաղաքը աննման էր։
Հիմա այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրէի իմ սիրելի թոռնիկիս, մանաւանդ որ յանկարծ օր մը մեր այդ քաղաքին կեանքը իր կշռոյթը կորսնցուց։ Իր կեանքը հալածեց զինք անգու-թօրէն եւ տակաւին այդ հալածանքը կը շարունակուի։ Տնտեսական, ընկերային ու յատկապէս քաղաքական պայմանները նետեցին մեր քաղաքի զաւակները դէպի ուրիշ ափեր։ Ինչպէս կ՛ըսեն, ամէն բաժանում քիչ մը մահ է եւ ամէն մահ խորունկ ցաւ։ Այդպէս ալ եղաւ։ Այս բոլորին իբրեւ հարազատ արդիւնք, յանկարծ ամէն ուղղութեամբ տարածուեցանք կամովին եւ ակամայ։ Լքեցինք մեր տուներն ու մեռելները ու շատե-րուս մօտ օտարութիւնը իր կնիքը դրաւ օտար երկինքներու տակ։ Օտար ձեւեր մտան մեր մարմիններուն մէջ։ Մեզմէ շատեր կորսնցուցին հայկական իրենց պարզութիւնը։ Կեանքին համը փոխուեցաւ, սակայն Հայաստանն ու Արարատը մնացին միշտ մեր հոգիներուն մէջ։ Եթէ հայրենիքը գոյութիւն ունէր քարտէսի եւ կամ դուրսը երկրի վրայ, մեր մօտ, ներսը մեր հոգիին մէջ էր, հաստատապէս։
Ըսէ՛ք, այս բոլորը ինչպէ՞ս բացատրէի այս աղջկան։ Ինչպէ ՞ս ըսէի, որ մեր քաղաքը հիմա փլատակներու վրայ նստած խոր տխրութիւն մը ունի իր մէջ։Հիմա հոն իսկապէս որ դժուար է հայ մնալը։ Հոն կռիւ, ոճիր, մահ կայ։ Ամէն վայրկեան մարդու գլխուն ֆի-զիքական ոչնչացման տագնապը կախուած է։ Ամէն ինչ չափազանց բարդ է եւ անըն-դունելի։
Ու գաղտնիք մը չէ ,երբ ըսեմ, որ քաղաքս նաեւ իր բոլոր մանրամասնութիւններով, հին ու նոր յիշատակներով եւ սէրերով մինչեւ հիմա արձանացած կը մնայ էութեանս մէջ։ Մօտս մանկական, պատանեկան եւ վաղ երիտասարդութեանս անմեղ ու շքեղ յիշատակներու խառն բոյրը կայ տակաւին, իբրեւ պարզ գիրք, անուշ շարական ու նաեւ իբրեւ պայծառութեան եւ երանութեան աշխարհ։ Հակառակ իր աւերակ ու տխուր ներկայ իրավիճակին տակաւին քաղաքս իր հայու հեւքը պահած է։
Մեր քաղաքը ինծի համար կեանք է. աղջի՛կ ճան, եւ պատմութիւն եւ գեղեցիկ առասպել։ Տակաւին շատ փոքր ես այս բոլորը հասկնալու համար սիրելի թոռնիկ, վերջապէս ըսի մտովի եւ զգացի, որ կրկին անգամ ուժգնօրէն թափանցուած էի ծննդավայրիս յիշատակներով։ Տակաւին յուշերս ունէին իրենց հարազատ աշխար-հագրութիւնը։ Ճիտէյյէ, Սալիպէ, ակումբ, դաշտ, քաղաք, պարտէզ, Նոր Գիւղ, Ճեմա-րան, Քառասուն Մանկանց եկեղեցի։
Իսկ հիմա սիրելի թոռնիկս, դուն այս բոլորը պիտի չկարենաս հասկնալ, որովհետեւ հասկնալու համար նախ պէտք է, որ ապրիս, որոնես անոր կեանքի գաղտնիքը, ժամանակի գիտակցութիւնն ու կամքի խորհուրդը։ Ու գիտցիր, որ հազարաւորներու նման ես՝ պապիկդ. ճակատագրի բերումով այս օրերուն հեռու եմ ծննդավայրէս։ Բայց անոր նկարը կախուած է սրտիս մէջ եւ տրտմօրէն ամէն առիթով հետս կը խօսի։ Ահա թէ ինչո՞ւ յաճախ անորոշը զիս ամրօրէն կլանած է։
Է ~ հ, աշխարհ։ Երկար շունչ մը քաշեցի ու վերջապէս ըսի բարձրաձայն.
- Հիմա, սիրելի Վանաս, այս բոլորէն ետք, այսօր քեզի շնորհակալ ու երախտապարտ եմ, որ անգամ մը եւս քու այս հարցումովդ կանաչ օրերս բերիր մտածումներուս:
Ըսի արագ մը ու կարծես կրկնակի զարմանք պատճառեցի խեղճ աղջկան: Յետոյ սա-կայն բարձրաձայն եւ հպարտօրէն եւ նոյնքան ալ յուզուած խօսքս շարունակեցի.-
-Անուշիկ Վանաս, լսէ՛. քաղաքիս անունը Հալէպ է, յիշէ՛. Հալէ՛պ, հասկցա՞ր, քաղաք մը ուր հո՛ն տակաւին ամէն ինչ պատմութիւն է եւ պատմութիւնն ալ կենդանի է։
Այսօր այսչափ միայն։

ԵՒ..... ՕՐ ՄԸ


Իրապէս շատ գեղեցիկ յիշատակներով եւ աննկարագրելի ապրումներով ողողուեցան հոգիս,սիրտս եւ միտքս այս եզակի ճամբորդութեան ընթացքին. զոր կատարեցի երկու տարի առաջ, երբ բախտը աղուոր անակնկալ մը ուզեց ընել ինծի:: 
Եւ ես կրցայ վերջապէս «Մերին Պոլիսը» տեսնելու եւ վայելելու փառքին արժանանալ:
Այն Պոլիսը, որ մեր երեւակայութիւնը կը բոցավառէր, երբ մենք ուսանողի գրասեղաններու ետին, մեր գրականութեան ուսուցչին հետ, Զարթօնքի շրջան, Ռոմանթիկներ, Իրապաշտ Շարժում, Գեղապաշտ Շարժում կը սորվէինք եւ անյագ կերպով կը կարդայինք Զօհրապ, Պարոնեան, Մեծարենց , Դուրեան եւ, .......
Անոնց գործերուն մէջ, կը հանդիպէինք Բերա,Սամաթիա,Կէտիկ Փաշա , Սկիւտար բառերուն, անուններ, որոնք ոչ մէկ նշանակութիւն ունէին մեզի համար. լոկ թաղամասերու անուններ էին. բայց հիմա,երբ սեփական աչքերով տեսայ այս վայրերը, Կալաթա Սէրայը, Այա Սօֆիան ,այդ պատմուածքները տաբեր բնոյթ ստացան այլեւս եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը մտքիս մէջ զուգորդուեցաւ գրողի մը անուան հետ:
Գնալը կղզին, որուն մասին յաճախ լսած էի եւ միւս կղզիները զիս հմայեցին իրենց ինքնուրոյն գեղեցկութեամբ, որ անբացատրելի է: Գեղածիծաղ Վոսփորի ափին նստած՝ դիտել արեւամուտը, ճաշակել թարմ եւ համեղ ձուկերը,ունկնդրել մեղմ երաժշտութիւնը, եւ նայիլ ջուրին վրայ հարսի նազանքով սահող զբօսանաւերուն, հրաշալի վայելք մըն էր,զոր լիովին ըմբոշխնեցի: 
Գոյներու, բուրմունքներու, ձայնի, մէկ խօսքով մեր զգայանքներուն յագուրդ տուող քաղաք մըն է Իսթանպուլը. արեւելքի եւ արեւմուտքի միաձուլում:Ինծի համար կրկնակիօրէն հաճելի էր շրջիլ զառիվերներով լեցուն քաղաքին մէջ, երբ ես կարօտախտէ կը տառապէի իմ սիրելի ծննդավայրիս՝ «Երազային Հալէպ»էն հազարաւոր մղոններ հեռու ապրելուս: Մեր քաղաքի անուշավաճառները կը տեսնէի, նշանաւոր «փախլաւաճիները» գունագեղ ցուցափեղկերուն ետին: «Պալըք պազարի»ձուկերը, կողքին համեմունքները եւ լոխումները.(թող ներեն պոլսեցիները բայց մեզի համար լոխում կը շարունակէ ըլլալ եւ ոչ նրբացուած« լոքումը»): Եւ այդ համերու եւ հոտերու խառնիճաղանճին մէջ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին, ուր պսակի մը արարողութեան ներկայ գտնուեցայ հաճելի զուգադիպութեամբ:
Օ՜հ որքան սիրեցի «Քաբաթլը Չարշը»ն, որ իր դարձդարձիկ փողոցներով եւ այլազան ապրանքներու, անհատնում խանութներով, ինծի կը յիշեցնէր Հալէպի «Ներսի Շուկան» որ աւա՜ղ այլեւս գոյութիւն չունի:
Եռեւեփող քաղաք մըն է Պոլիսը:Մանաւանդ շատ սիրեցի վառ գոյներով Իսթիքլալ փողոցը, ուր հրապուրիչ վաճառատուներու ցուցափեղկերուն առջեւ, կը հանդիպիս տարբեր ազգութիւններու պատկանող անցորդներու, զբօսաշրջիկներու, կը լսես այլազան լեզուներ եւ կը քալես մինչեւ Թաքսիմի կեդրոնական նշանաւոր հրապարակը, որուն անունը յաճախ կը կրկնուէր վերջերս, հոն տեղի ունեցող ցոյցերուն պատճառով:
Պոլսոյ ընդմէջէն առիթը ունեցայ նաեւ ծանօթանալու մեզի համար շատ կարեւոր միւս երեսին, հայկականին, « Մերին» ին: Այցելեցի Պատրիարքարանը,դպրոցներ, հայկական հրատարկաչատուն, թերթերու խմբագրատուներ եւ ականատես եղայ այն անսպառ ճիգին եւ անխոնջ աշխատանքին , որ ի գործ կը դրուի գիտակից եւ հայութեամբ ապրող եւ շնչող եւ ամէն օր մեծ զոհողութիւններու գնով իրենց իտէալին ծառայող մարդոց կողմէ: Բացառիկ անձնաւորութիւններ, որոնք անձնուրաց նաւապետի մը նման՝ ապաւինելով իրենց անդրդուելի եւ աննկուն կամքին եւ հաւատքին, հակառակ սպառնացող, փոթորկալից եւ ալեկոծ ծովուն, անվհատ եւ յամառօրէն կը թիավարեն հոսանքն ի վեր:Դժբախտաբար այդ անձերուն թիւը հետզհետէ կը նօսրանայ մեր սփիւռքի ազգային կառոյցներուն մէջ, հակոտնեայ համեմատութեամբ.որքան կը բազմանան պահանջքները: Անոնք մեր ազգային ինքնութեան պահպանման ծառայող անանուն հերոսներ են : Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր գործունէութեան դաշտին մէջ կը մաքառի պահպանելու համար մայրենին, որ ցաւ ի սիրտ կը հիւծի ինչպէս ամենուրեք , հոս եւս:
Եկեղեցիները անխափան կը գործեն, իրենց պատկառելի դպրաց դասով, հոգեւորականներու անսպառ ճիգով եւ կորովով եւ հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ: 
Եւ տակաւին պիտի ուզէի խօսիլ....
Այսօր վերյիշեցի այս բոլորը, քիչ մը գոյն եւ կեանք տալու համար մթագնած, տխուր երկնքին եւ գեղանկարիչի վրձինով, ոսկի եւ ուրախ արեւներով զարդարել հոգւոյս ամպամած պաստառը:
ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ 

«ԱՄԷՆ ՏԱՐԻ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ»


ՄԱՆՈՒԷԼ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Իրիկնամուտ է: Կանգնած եմ Քուէյք գետի ափին եւ ականջ կը դնեմ գորտերու կռկռոցին:
Ամէն տեղ մարդիկ կը սրտնեղին հաւանաբար եւ տարակուսանքով իրար երես կը նային երբ նկատեն, թէ իրենց կողքով անցնող գետին ջուրը քիչ մը նուազած է. մենք` հալէպցիներս կը սարսափինք, երբ տեսնենք որ ճահճացած գետին ջուրը սկսած է բարձրանալ` ուրեմն հերթական անգամ առանց ջուրի պիտի մնանք, որովհետեւ պատկան մարմինները չեն կրցած ջուրը մղելու եւ բաշխելու անհրաժեշտ վառելանիւթը հասցնել ջրամբարներուն, որոնք կը գտնուին զինեալ ընդդիմադիրներու շրջանի մը մէջ եւ որոնք, այս կամ այն պատճառով (կամ պահանջով), անջուր կը ձգեն պետութեան ազդեցութեան տակ գտնուող Հալէպի թաղերուն բնակիչները, որոնց թիւը կէսի իջած է եւ կրնար շատ աւելի նուազած ըլլալ, եթէ միւս շրջաններէն բազմահազար գաղթականներ հոս ապաստանած չըլլային:
Ամրան սկիզբը արդէն թափ առած էին հոր փորելու գործողութիւնները: Հոր փորող գործիքներու դղըրդիւնը մեր ականջներուն ագռաւներու չարագոյժ կռինչի տպաւորութիւնը կը ձգէր ու կսկիծ կը պատճառէր մեր անմխիթար սիրտերուն:
Հորերը փորողները կրօնական եւ մարդասիրական հաստատութիւններ էին` պետական քաջալերանքով:
Կը կարծեմ թէ գորտերը կ՛ապրին ճահճացող ջուրերու մէջ, եւ հիմա ես չորցած լորձունքով գետափին կանգնած, ամրան քառասունէն վար չիջնող ջերմաստիճանին, կը վայելեմ մահերգի տպաւորութիւն ձգող համանուագը հազարաւոր գորտերու:
Չկարծէք, որ քաղաքէն դուրս վայրի մը մէջ կը գտնուիմ, ուր չեմ ալ կրնար երթալ, որովհետեւ ամէն կողմ ընդդիմադիրներուն կը պատկանի. ես կը գտնուիմ Հալէպի վիլլաներ թաղին մէջ: Աչքս կ՛ուղղեմ գետի հունին կողմը. հինգ-վեց հարիւր մեթր անդին գետին մէջ, ուր մամուռ եւ այլազան բոյսեր հասակ առած են եւ լայնքին աճելով կը սպառնան ամբողջ գետը գրաւել, եւ ուր կը տեսնեմ գետէն ջուր քաշող ինքնաշարժ մը:
Աչքս կը դարձնեմ հոսող ջուրին կողմը. հինգ-վեց հարիւր մեթր անդին տեղական Կարմիր Մահիկը եւ Միջազգային Կարմիր Խաչը ջուրի հսկայ եօթը տակառներ տեղադրած են, զորս կը լեցնեն գե¬տի «զտուող» ջուրով եւ կը բաշխեն ժողովուրդին...
Հալէպը ծարաւ է: Քառասուն ջերմաստիճանի տակ (թէ` մէջը ինչ բառ կ՛ուզէք դրէք) ապրիլ ձեւացնող Հալէպը անջուր է: Այս երկու նախադասութիւններուն այնքան շատ կը հանդիպինք վերջերս, որ արդէն գրեթէ բան չեն ըսեր. չեն կրնար պատկերել այն ողբերգութիւնը զոր յառաջացուցած է ջրազրկութիւնը: Խնդիրը միայն լոգնալու ջուր չունենալը չէ՛, միայն ճաշ եփելու, պնակ լուալու, տունը մաքուր պահելու, խմելու ջուր ապահովելը չէ՛. խնդիրը այն հազարաւոր դժուար շահուած եւ անարժէք դարձած լիրաները չեն, զորս կու տանք քանի մը օր անգամ մը մեր հազար լիթրանոց սեփական ջրամբարները լեցնելու: Խնդիրը միայն դրամով գնած ջուրին համար մղած հերթի կռիւներդ են, ե՞րբ պիտի գայ կարգդ, վաղը՞, մի՞ւս օրը.. տան մէջ ալ կռիւ-կռուըտուք է, որովհետեւ կինդ քեզ պիտի մեղադրէ, որ դուն ջուր ճարելու հոգ չես ըներ: Հապա այդ դրամը չունեցողնե՞րը, որոնք բացարձակ մեծամասնութիւն կը կազմեն, հապա ասո՞նց կռիւները, հորերու ջուրը մարդոց հասցնող ծորակներուն առջեւ: Հապա ասոնց տուներուն մէջի կռիւը, թէ որո՛ւն հերթն է ջուրը քաշքշելով, շալկելով, ճամբան քանի մը անգամ շունչ առնելու համար կենալով բերելը, ու այս ամէնը քանի մը ժամ կարգի կենալէ ետք, ծեծուըրտուքներու ականատես ըլլալէ ետք. ծեծուըրտուքներ, որոնցմէ հեռու կը կենաս դուն, ձգելով որ մէկ-երկու հոգի քեզմէ առաջ ջուր լեցընեն եւ կորսուին երթան, դժոխք, դրախտ, ուր կ՛ուզեն թող երթան, միայն թէ երթան:
Կրնա՞ք պատկերացնել, թէ ի՛նչ ըսել է նոյն ջուրը քանի մը անգամ գործածել: Այսինքն` ձեռքերդ լուացող ջուրը չես թափեր, կը հաւաքես տեղ մը, որ յետոյ տունը լուաս անով: Պնակները լուալու համար նոյն ջուրը քանի մը անգամ կը գործածես, կամ գաւաթի մը մէջ լեցուցած ջուրդ այլ գաւաթի մը մէջ կը դատարկես... Ասոնք խնդիրներ չե՞ն...
Իսկ եթէ ամբարած ջուրդ հրաշքով քանի մը օր չգործածես եւ յանկարծ նկատես, որ պետական ամբարուած ջուրի յատակը մէկ մատ հող գոյացած է... Տարուան ընթացքին քանի մը հարիւր լիթր ջուր չի՞ խմեր իւրաքանչիւրս, ուրեմն այսքան հո՞ղ կուլ կու տանք: Կարեւոր չէ՛, հող թէ չեմ գիտեր ինչ կուլ տալերնիս, կարեւոր չեն աղիքային հիւանդութիւնները, թեթեւ եւ ծանր թունաւորումները, կարեւորը ջուր կարենալ ճարելն է..
Հապա եթէ այսօր ամբարած ջուրերնիս սկսի վաղը արագօրէն նուազիլ.. Աստուած իմ, նորէն հերթ, նորէն կռիւ, իսկ եթէ կարգս չեկած ջուրը կտրեն, չէ՞ որ օրական քանի մը ժամ կը բանան հորի ջուրին ծորակները:
Խնդիրը այսօրուան չափ վաղուան վախն է, վախը ջուր չկարենալ ճարելու եւ յանկարծ միտք մը կը սողոսկէ ուղեղիդ մէջ. հապա եթէ կռիւները չվերջացած հորերը ցամքի՞ն...
Եւ այս ապրիլ ձեւացնող Հալէպին մէջ ջուրը, եղած եւ չեղած ջուրը կ՛ապականէ, կ՛աղտոտէ մարդոց հոգիները, եւ մենք չենք ալ անդրադառնար, թէ ինչպէ՛ս կը վերածուինք մարդակերպ այլ էակներու, որոնց ի՛նչ անուն տալ: Ի՛նչ անուն կ՛ուզէք` տուէք, միայն չպահէք ՄԱՐԴ յորջորջումը. չի վայելեր:
Ամէնէն կարեւորը Հալէպին կորաքամակներու քաղաքի վերածուիլը չէ: Ամէնէն կարեւոր խնդիրը այս ամէնուն ընտելանալն է:
Առաջին անգամ ըլլալով շատ պիտի ուզէի, որ չտպուէր գրածս` ողբերգութիւն մը ամբողջութեամբ չներկայացնող գրութիւնս... Ո՛չ, շատ կ՛ուզեմ որ լոյս տեսնէ, կը ցանկամ որ ամէն ոք կարդայ ու հոգեպէս վիրաւորուի որպէս մարդ` փոխարէնս, որովհետեւ ես սկսած եմ մոռնալ մարդ ըլլալս:
-Ամէն տարի այս օրերուն,- աչքալուսանք կու տայ անծանօթ մը:
Զարմացած կը նայիմ երեսին:
-Նոր Գիւղ սկսած է ջուր գալ... կաթիլ-կաթիլ, բայց սկսած է գալ...
Ջուրը սկսած է գալ եւ մեր տան մօտ երկու հարիւր մեթրի վրայ երկու նոր հորեր կը փորուին...:

Տաք Օրուան Մը Օրագիրէս


ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Օգոստոսի ամէնէն տաք օրերէն մէկն էր: Գործէս արձակուեցայ` մտածելով. «Նախորդ գիշեր օդերեւութաբանը յանձնարարեց խուսափիլ ուղղակի արեւու ճառագայթներուն ենթարկուելէ. Է՜, ո՜վ է ան, որ կ՛որոշէ, ոչ թէ սովորական մարդու, այլ հայու մը ընելիքը: Մենք` հայերս, գիտենք մեր ընելիքը. «Կէսօրուան տաքուն պիտի քալեմ», մրթմրթացի ու շատ հանգիստ, շորորալէն ճամբաս բռնեցի դէպի տուն:

Ցուցափեղկերուն դիմաց երբեմն կը դանդաղիմ` բան մը փնտռողի դերը լաւապէս կատարելով, բայց իրականութեան մէջ չգիտնալով, թէ ճիշդ ի՛նչին կը նայիմ: Իսկութեան մէջ կը դիտեմ մարդոց դէմքերը: Շատեր գործ ստանձնած կը շտապեն, ուրիշներ` ցաւէ բռնուած, կարծես բժիշկի կ՛երթան: Մէկը սուրճի ափսէն շալկած կը սուրայ: Անցորդներուն մէջ սեւամորթներուն թիւը զգալի է. ես ինծի կը մտածեմ. «Հա՛, ասոնք չեն վախնար արեւէն, որովհետեւ խանձուեր ու սեւցեր են, ի՜նչ պիտի ընէ իրենց արեւը»: Քիչ մը անդին խանութի մը առջեւ ծերունի մը քովինին բարձրաձայն կը խրատէ. «Գաղտնիքդ ուրիշին պիտի չտաս, եղբա՛յր»: Ես ալ կը համաձայնիմ ծերուկին ու կը մտածեմ ըսուածին մասին. յանկարծ թա՜րխկ, գլուխս կը զարնեմ սիւնին, որուն քով նստողը կ՛երերցնէ գլուխը քմծիծաղով մը. կարծես ըսել ուզելով. «Խելքդ ո՞ւր է»:

Կը շարունակեմ ճամբաս: Ինքնաշարժ վարելու համար արտօնագիր պէտք է, բայց այս օրերուն քալողներն ալ պէտք է հետեւին դասընթացքի, որովհետեւ ո՛չ ճամբայ կայ քալելու, ո՛չ ալ մայթ. օրինակ` տեղ-տեղ շեղակի պիտի քալես, որ մայթին երկայնքին կախուած տասնեակ պայուսակներու կապերէն մին, չար բախտէդ չանցնի թեւիդ ու չիյնաս գետին, բայց ուղիղ ալ կարելի չէ քալել. յանկարծ ստիպուած պիտի թեքիս, չկոխկռտելու համար մայթերուն վրայ խանութպաններուն փռած առարկաները, կ՛որոշես անցարգել ընել, եւ ահա լայնքին-երկայնքին շարուած կը տեսնես ինքնաշարժ մը, ստիպուած պիտի վերադառնաս, կանգ առնես ու պահ մը մտածես, ի՞նչ ուղղութիւն բռնել այս անելէն դուրս գալու…:

Հովիկ մը փչեց, օ՜ֆ… կրկին կը դանդաղիմ, ճիշդ նոյն պահուն դիմացէս կու գայ շուրջ 70 տարեկան մարդ մը, որ քաւ լիցի ո՛չ ծեր էր, ո՛չ ալ տարիքոտ, այլ երիտասարդներէն աւելի կայտառ. ճերմակամորթ, կաս-կապոյտ աչքերով, դեղին առատ մազերով, որոնց մէջ հազիւ կը նշմարուին սպիտակ թելեր: Հակառակ յառաջացած տարիքին, իր գեղեցկութիւնը պահած այս օտարականը կը ժպտի ինծի, ես` փոխադարձաբար: Դեռ չմօտեցած` կը կանչէ.

– Մարօ՜, դուն ո՜ւր ես, Մարօ՜:

Մարոն չըլլալուս չեմ կասկածիր, բայց չեմ գիտեր ինչո՛ւ կանգ կ՛առնեմ:

– Մարօ՛, աղջի՛կ Մարօ, քեզ երկար փնտռեր եմ….

Համոզելու նուրբ եղանակով մը կ՛ընդմիջեմ` ըսելով, «Մարոն չե՛մ»:

– Չէ՜, դուն ճիշդ Մարոն ես, եկուր ինծի պաչիկ մը տուր, տարիներէ քեզ կը փնտռեմ,- այս գեղադէմ մարդուն յուզմունքը կարելի չէր անտեսել, բայց կը ստիպուիմ ընդհատել.

– Ես Մարոն չեմ, կը ներէք, սխալած էք,- կ՛ըսեմ ու կը շարունակեմ ճամբաս:

– Բայց դո՛ւն ես, չի կրնար ըլլալ, դո՛ւն ես,- կը կանչէ մարդը, երբ արդէն կռնակս դարձնելով կը շարունակեմ քալել:

Տաքը կը սաստկանայ: Անցորդներուն քրտինքը ճակատներէն կը կաթկթի, բայց ի՜նչ փոյթ, ես կ՛իյնամ Մարոյին ով ըլլալը բացայայտելուն մէջ: Երեւի սիրուհին էր, կորսուած սէրը կամ թերեւս աշակերտը, կրնար նաեւ դրացին ըլլալ:

Ու կը հասնիմ տուն… Շէնքի մուտքին ի յայտ կու գայ, որ երեկտրականութեան հոսանքը անջատուած էր, ուստի ստիպուած էի ոտքով բարձրանալ. առաջին անգամն ըլլալով առանց գանգատելու կը բարձրանամ, որովհետեւ Մարոյին հարցը պէտք է վճռէի:

Այո՛, Մարոն չէի, բայց կը կարծեմ ամէն արարած Մարօ մը ըլլալու հանգամանքը կը վայելէ. ով որ էր կամ ուր ալ էր Մարոն, մէկու մը համար կը մնար շատ սիրելի ու փնտռուած: Ովքեր ալ ըլլանք մենք կամ ուր ալ գտնուինք, մէկու մը համար անապայման փնտռուած պիտի մնանք ու անչափ սիրելի, իսկ մեր սրտին մէջ միշտ անթեղուած պիտի մնայ սիրած էակին կարօտով հանդիպելու գեղեցիկ պահը:

Եագուպիէի ուխտագնացութիւնը

Կը յիշէ՞ք, հալէպահայեր...
Ամէն տարի այս օրուան պէս, այսինքն Օգոստոս ամսուան վերջին շաբաթը, տեղի կ՛ունենար ուխտագնացութիւն դէպի Եագուպիէ, ուր Ս․ Աննայի վանքին շրջաբակը կը թնդար հայութեամբ, հերիսայի անուշ բոյրը կը տարածուէր շրջաբակին մէջ, վանքին ղօղանջները կը հնչէին հաւատացեալ ժողովուրդը Ս. Պատարագի հրաւիրելով։
Ս. Աննայի հրաշագործ զօրութեան կը հաւատային ոչ միայն հայեր, այլև օտարազգիներ։ Ուխտաւորներէն ոմանք կու գային իրենց մանուկները մկրտելու, ոմանք՝ հիւանդներու բժշկութիւն խնդրելու, ոմանք՝ զաւակ ունենալու։
Աւանի հրապարակէն մինչև եկեղեցի կը հանդիպէինք ճոխ բազմութիւններու, պարային մթնոլորտը ողողած կ՛ըլլար երիտասարդներուն, ծանօթ-անծանօթ ժպտադէմ ողջոյններ կը փոխանակէին։
Հիմա ի՞նչ վիճակի է արդեօք Ս. Աննա վանքը և Եագուպիէի հայաշատ աւանը։
Կը շնորհաւորեմ բոլոր Աննաները իրենց անուանակոչութեան առիթով, մնաք ժպտուն ու կենսառողջ։
Անի Բրդոյեան- Ղազարեան

Կեանքը ուրախ ապրելու միջոց է


Ի՛նչ հաճելի է այսօր Երևանը։
Վերամուտ է։ Ամբողջ քաղաքի համար տօնական օր։ Գունագեղ փուչիկները զարդարած են ամէն կողմ, նոյնիսկ հանրակառքերը փուչիկներ կախած կը բաժանեկցին քաղաքի ուրախութեան։ 
Դպրոցներու դէմէն կ՛անցնիմ։ Արդէն երաժշտութեան ձայնն ու մարդոց բազմութիւնը կը յուշեն այնտեղ, քիչ մը անդին դպրոցի գոյութեան մասին։ Ծնողները տօնական այս օրուան համար գեղեցիկ հագած, իրենց զաւակներու ձեռքէն բռնած ու ծաղկեփունչերով ուրախ-զուարթ կը յառաջանան դպրոցներու դարպասներուն մօտ։ Մտքովս կ՛արտասանեմ «բարի վերամուտ հայրենիքիս բոլոր զաւակներուն, միշտ ժպտաք»։
Ուրախութեամբ կը յիշեմ մեր անցեալի դպրոցական վերամուտերը։ Այո, այս անգամ ուրախութեամբ։ Ուրախ եմ, որ ես ալ ապրած եմ վերամուտի երջանկաշատ պահերը, աշակերտներու անմեղ աշխարհին հետ շփում ունեցած, անոնց հոգեկան խռովքները կիսած, յուզուած ու երջանկացած անոնց հետ։ Շատ քաղցր յուշեր։ 
Յաճախ աշակերտներուս կը հանդիպիմ Երևանի գեղեցիկ փողոցներուն մէջ։ «Օրիորդ, նոյն ժպիտն է ձեր դէմքին» կ՛արտայայտուին։ 
Այո, նոյնն է։ Նոյնն ալ պիտի մնայ։ Կորուստի ցաւը, կարօտի կսկիծը խեղդելով պիտի ժպտանք։ Մենք մեր ազատ կամքով լքեցինք մեր կալուածները։ Մեր կեանքի փրկութիւնն էր առաջնայինը, մեր զաւակները արժանի են ամէն զոհողութեան։ Իրենց տեսածն ու ապրածը ծանրօրէն դրոշմուած է իրենց հոգիներուն մէջ։ Մեր պարտականութիւնն է այդ ծանրութիւնը թեթևցնել, ժպտալ իրենց դէմքին, ուրախացնել և զգացնել կեանքի հաճելի պահերը։ Կեանքը ամէն օր հաճելի և անհաճոյ անակնկալներ կը պատրաստէ մեզի։ Միայն ժպիտով կարելի է յաղթահարել բոլոր խոչընդոտները։
Բարի վերամուտ աշխարհի բոլոր փոքրիկներուն։

Վերամուտ

Հալէպի Ազգ. Սահակեան վարժարանի ուսուցչուհի Սօնա Թիթիզեան, այժմ Գանատաբնակ, իր հոգեխռով ապրումները կ'արտայայտէ դիմատետրի էջին՝ դպրոցական վերամուտին առիթով:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ իր գրածը.-

Այսօր վերամուտ է: Ամէն տարուան պէս բոլոր աշակերտներն ու ուսուցիչները քիչ մը դժգոհելով, քիչ մըն ալ նոր թափով ու եռանդով կը պատրաստուին դպրոց երթալու... Ե՛ս ալ, ամէն տարի, այսօրուան պէս նոր ծրագիրներով եւ նոր եռանդով կը պատրաստուէի եւ զաւակներուս հետ դպրոց կ'երթայի: Այսօր սակայն, զաւակներս ուղուեցան դէպի նոր վարժարան, այս անգամ՝ ոչ հայկական... իսկ ես՝ մնացի առանձին, տան չորս պատերուն մէջ փակուած... Սուր կսկիծ մը կը խայթէ հոգիս: Այսօր ես պիտի չլսեմ աշակերտներուս անմեղ դժգոհանքները, պիտի չլսեմ իրենց ամառնային արձակուրդի անվերջանալի պատմութիւնները, պիտի չապրիմ իրենց հոգիի խռովքը նոր տարեշրջանի մը սեմին, պիտի չկիսեմ իրենց ընկերներուն միանալու բերկրանքը եւ պիտի չլսեմ «Օրիո՛րդ, ձեզի շա՜տ կարօտցանք»-ը... անոնց հետ կ'երիտասարդանար հոգիս ու կը վերագտնէր իր անմեղութիւնը...
Սիրելի՛ պաշտօնակից ընկեր-ընկերուհիներ եւ սիրելի՛ աշակերտներ, այսօր ես առանց ձեզի ՈՐԲԱՑԱԾ զգացի... 
Սօնա Թիթիզեան
Գանատա
31/08/2015