Tuesday, April 21, 2015

Հալէպի ճակատագրական վիճակը

Հալէպ ճակատագրական պահեր կ'ապրի: Ականատես ենք ամբողջ համայնքի մը քայքայումին:
Շաբաթ 11 Ապրիլ 2015ի հրթիռակոծութեան հետեւանքով Հալէպի Սուլէյամնիէ քրիսոտնեաբնակ խառն թաղամասի «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնի կողքին գտնուով քառայարկ շէնքը հիմնովին քանդուած եւ հողակոյտի վերածուած է: Առաջին անգամ ըլլալով շէնք մը ամբողջութեամբ փուլ կու գայ այս թաղամասին մէջ: Կան քսանի մօտ մեռեալներ: Պատահաբար ազգութեամ հայեր չկան զոհերուն մէջ: 12 տարեկան հայ աղջնակ մը կորսնցուցած է իր մէկ աչքը ու այժմ կը գտնուի Ֆրիշօ հիւանդանոցին մէջ:
Վրացեան կեդրոնը վերջին երկու տարիներուն կը հիւրընկալէր Ազգային Առաջնորդարանի ժամանակաւոր գրասենեակները: Այժմ միայն կեդրոնին ներքնայարկը գործածելի է, ուր կը շարունակեն բանիլ Առաջնորդարանին ծառայութիւնները:
Ապահովական նկատառումներով Չորեքշաբթի 15 Ապրիլի 2015ին Հալէպի հայկական բոլոր վարժարանները անակնկալ կերպով որոշում կ'առնեն անմիջապէս դասաւանդութիւնները դադրեցնելու: Ազգային վարժարաններու միացեալ շէնքը (Կիւլպէնկեան վարժարանի շէնքը) շատ մօտ կը գտնուէր վերջին հրթիռակոծութեան վայրին՝ ընդամէնը երկու հարիւր մեթր հեռաւորութեան վրայ: Յարմար նկատուեցաւ, որ դպրոցականները այս հանգրուանին տուներու մէջ մնան: Ամավերջի քննութիւնները տեղի պիտի ունենան Երկուշաբթի 27 Ապրիլ 2015ին՝ պիտի տեւեն տասը օր: Շատ մը աշակերտներ իրենց ծնողներուն հետ հեռացած են քաղաքէն, նոյնիսկ առանց այդ քննութիւնները յանձնելու:
Արտագաղթի ալիքը զգալի է: Ոմանք կը մեկնին Պէյրութ, անկէ այլ երկիրներ անցնելու հեռանկարով, ուրիշներ կը փոխադրուին սուրիական ծովամերձ շրջաններ, ուր համեմատաբար վիճակը աւելի ապահով է: Վերջին մէկ շաբթուայ ընթացքին Հալէպէն դուրս եկած հայերու թիւը կը գնահատուի 500-700 անձ:
Երեք օրերէ ի վեր քաղաքին մէջ շուրջօրեայ ելեկտրական հոսանք ու ըմպելի ջուր չկայ: Համացանցը առիթ կու տար նպաստաւոր ձեւով կապ հաստատելու հարազատներու հետ, որմէ Հալէպահայը զրկուած է ամիսէ մը ի վեր: Մարդիկ տխուր են ու մտահոգ՝ անորոշ ապագայի դիմաց: Ահաւոր սղութիւն ալ սկսած է վերջին օրերուն:
Ականատես կ'ըլլանք ամբողջ քաղաքի մը մաշումին, իսկ հայկական իմաստով ամբողջ համայնքի մը քայքայումին:
Հրաչ Քալսահակեան
Լուսանկար՝ Հալէպի Սուլէյամնիէ քրիսոտնեաբնակ խառն թաղամասը վերջին հրթիռակոծութենէն ետք (Լուսանկարը՝ Վինուսի):

Friday, April 17, 2015

ՀԱԼԷՊԻ ՋԱՐԴԸ

ՔՐԻՍՏԻՆԱ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ

Հալէպի ջարդը Արցունքովը վերջին անգամ մայրը մարեց սենեակը լուսաւորող մոմը .մայր մըն էր սովորական Հալէպ քաղաքի մայրերէն որ կրցած էր մահուան ձեռքէն փախչելով ողջ մնալ անցեալ գիշեր: Ապա վերջին անգամ ակնարկ մը նետեց իր տան պատերուն եւ անշուշտ յիշատակներով լի իրերուն ու դուռը ամուր մը կղպեց որպէսզի իր առաջին քայլը նետէ անյայտ գաղթին: Ի յայտ կու գար որ շատերուն նման ինքն ու ամուսին ալ յանկարծակի որոշում արած էին մեկնելու համար քաղաքէն: Սակայն դէպի Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս բայց պարզապէս ուզած էին ազատիլ տառապանքէն եւ ռմբակոծումներէն:
Դժուարութեամբ ալ գտած էին վարորդը այդ օր բայց եւ այնպէս յաջողեցան նստիլ այդ ինքնաշարժը եւ երկրորդ անգամ ըլլալով մայրը ուշադրութեամբ ակնարկեց իր խոհանոցի պատուհանին որ կարծես առաջին անգամ ըլլալով կը նայէր: Խոհանոցին վարագոյրը սուտ Ապրիլի սուտ ջերմ հովին հետ շարժելով նոյնպէս սուտ երջանկութիւն մը կը սփռէր .զեփիւռը կը փչէր եւ ան իր « թանկօն » կը պարէր անտեսանելի զոյգին հետ : Ապա դերասան արեւը այդ պատուհանէն ներս մտելով պզտիկ արշալոյս մը կ'արձակէր սեղանին տակ որուն վրան վարագոյրին շուքը կը խաղար .սեղանի վրայի չորցած սուրճի գաւաթն ու մոռցուած մոմը մը կար որուն արդէն արցունքը յստակ էր որ գիշերուընէ է սառած էր: Շլացուցիչ եղած էր կերպարանքը երբ արեւը շողեր մըն ալ արձակած էր կտրտուած մանր ապակիներու վրան որուն փայլուն պատկերը կ'արտացոլուէր պատին վրայ ծիրանի եօթը գոյներով .Արդարեւ, սենեակին անկենդանի իրերուն վրան մարդկային յատկութիւններ աւելի կային քան կարգ մը մարդոցմէ, որոնք կենդանի իսկ չէին կրնար համարուիլ:Խաղաղ թատրոն մըն էր միայն կը ներկայացնէր բեմադրիչ իրականութիւնը իր երեսը պահելով :
Վարորդը սկսած էր քշել ,երբ արդէն մայրը իր արցունքը կը փորձէր զսպել եւ ճամբուն ընթացքին սկսաւ ան Հալէպի պատկերը տեսնել ոչ թէ հեռատեսիլէ մը սովորական այլ բոլոր իր էութեամբը ու հինգ զգայարանքներովը շօշափեց: Տեսաւ արիւնով ներկուած իր թաղերը, տեսաւ դրացուհիին երբ քար ու քանդ քարերու տակէն կը փնտռէր իր աղջիկը:
Այդ առաւօտ սովորական առտու մը կը թուէր աշխարհին բայց Հալէպին համար երբեք: Այդ առաւօտ « Սուլէմանիէ » շրջանը, իր աչքերը չբացաւ իր դրացի կիներու հաճելի հաւաքոյթի աղմուկով, Սուլէմանիէի՝ նոյնպէս հռչակաւոր Զահլէին առտուան առաջին խմորը փուռին մէջ մտաւ արիւնով թաթխուած. հաճելի այդ Քալասի թաղի իրարանցումը շաբաթ կէսօրը նոյնպէս չկար ոչ ալ Ուարտէյի փուռին առջեւը.Մեքենաներու ձայնով եւ Ֆալաֆէլ հոտող Քալասի թաղը լեցուած էր արեան գարշելի հոտով մը եւ կրակի բոցէն ոչինչ կ'երեւար: Անցաւ արագ ինքնաշարժը տարիներու արագութեամբ կատղած ձիու մը պէս նոյն ժամանակ ջութակ մը նուագեց հեռուէն շատ հեռուներէն մէկ դար առաջուան եղանակն էր կարծես եւ հակառակ ջութակին մեղմ ձայնին ինքնաշարժը աւելի ուժեղ աւելի բուռն կը քալէր կարծես մայթերը կ'ուզէր ճաթռտէր կարծես գանգուր մազերով աղջիկ մը զայրացած կը քալէր զեփիւռը մազերուն մէջ բանտարկելով:
Այդ մայրը պիտի գաղթէր օտար եւ անծանօթ երկիր մը թերեւս կարօտցած պանդուխտ տղուն քով պիտի երթար թերեւս ալ ճամբան կողոպտուելով սպաննուէր իսկ եթէ ողջ մնար պիտի կողոպտուէր Պէյրութի մէջ: Բայց յստակ մէկ բան կար, ուր ալ ըլլար ինչպէս ալ՝ տխուր պիտի ըլլար եւ հոգին թախիծով ողողուած եւ բուռն կարօտը իր ծննդավայրին պիտի խղճացնէր զինքը: Իրականութիւն մըն է որ այդ գիշեր մղձաւանջ մը տեսաւ Հալէպահայը եւ քանի տեսաւ միայն ինքը չի կրցաւ ոչ մէկ անձ իրեն ցաւին բաժնեկից ըլլալ կամ փորձեց հասկնալ.
Յիրաւի կ'ըսեմ օտարը ականատես եղաւ եւ լռեց 100 տարի առաջ, լռեց նաեւ 100 տարուան ընթացքին եւ կը լռէ հիմա .կը ձեւացնէ զինքը թէ համր է թող ըլլայ այդպէս մեր շուրջ շա՜տ են այդպիսիները, բայց մենք Աստուծոյ շնորհիւ կարող ենք անցնել այս սեւ ամպը եւ պիտի մնանք միշտ այսպէս ուժեղ :
Պէյրութ. 13/04/2015

Tuesday, April 14, 2015

«Հայրիկս» Նուէր մեծ հայրիկիս՝Բենիամին Մուշոյեանին


-Հայրի'կ, մեզի պատմութիւն պատմէ:
Այդպէս կը դիմէինք մեծ հայրիկիս մենք՝ թոռներս: Թէ ուրկէ՞ եկած էր այդ սովորութիւնը՝ անյայտ է ինծի համար այսօր: Հայրիկս՝ պապա, իսկ մեծ հայրիկս հայրիկ կը կոչէինք:
Սովորութեան համաձայն, ամէն ընթրիքէ վերջ, ես, քոյրս ու եղբայրս պիտի մտնէինք մեծ մամայիս տաքուկ անկողինը ու անյագաբար պիտի ունկնդրէինք մեծ հայրիկիս անհատնում պատմութիւնները՝ համեմուած խարբերդեան գեղեցիկ բարբառով:
Ու պատմութիւններու շարքէն անմասն չէր մնար մանաւանդ հայրիկիս իրական պատմութիւնը՝ Ջարդը: Թէ ի՜նչ յուզմունքով, ներքին ալեխառնութեամբ, պոռթկումով ու ցասումով կը պատմէր այդ ամէնը՝ մտապատկերիս մէջ դեռ թարմօրէն կը տողանցէ:
Մօտաւորապէս տասը տարեկան էր, երբ ճաշակեց կեանքի ամենադառնալի ողբերգութիւնը: Կը պատմէր, թէ Խարբերդ նահանգի Մեզիրէ շրջանի տեղահանութեան ժամանակ ինչպէս գլուխէն հարուած կը ստանայ, կ'իյնայ գետին, շունչը կը զսպէ մինչեւ որ «ճենտէրմէները» հեռանան, յետոյ աչքը կը բանայ ու իր շուրջը հաւաքական գերեզման կը գտնէ: Քիչ անդին տնքոց մը կը լսէ, կը մօտենայ որ քեռկինն է: Միասին կը վերադառնան գիւղ ու հո'ն հայրը ողջ կը գտնեն, բայց հոն ալ «ուրախութիւնը» երկար չի տեւեր, որովհետեւ թուրք զինուորապետ մը հայրը կը դանակահարէ, հայրիկիս իսկ աչքերուն դիմաց:

Մեծ մամաս մեր աչքերէն հոսող արցունքները նկատելով. «Հաճի', կը բաւէ, մի' վշտացներ չոճուխները» ըսելով կը յանդիմանէ:
Հայրիկս իր դառն վէրքերուն մէջ խորասուզուած կը պնդէր. «Ձգէ՛ որ պատմեմ, որ իմանան, թէ ո՞վ է իրենց թշնամին՝ շո՛ւն թուրքը» ու կը շարունակէր ականատեսի իր պատմութիւնները ու ներքին հպարտանքով մը այս անգամ կը սկսէր գովքը հիւսել Խարբերդ նահանգին, Եփրատ գոլէճին, մտաւորականութեան ու յետոյ ցուցամատը Բենիամին՝ իր անունը կրող փոքր եղբօրս ուղղելով կ'ըսէր. «Դո՛ւն, մեր Թլկատինցին պիտի դառնաս. բեմերէն պիտի ճառախօսես եւ ե'ս ներկայ պիտի ըլլամ ելոյթներուդ ու հպարտանամ քեզմով»:
Ութամեայ Բենօն քնատ աչքերով մտիկ կ'ընէր ու գլխու շարժումով հաւանութիւն կու տար հայրիկիս երազանքներուն:

*** *** ***

-Սօսի՛, հատէ՛ ե՛լ իմ երգս դիր. սիկառէթ պիտի վառեմ:
-Չէ՜, հայրիկ, այսօր չէ, - կ'ըսէի, փորձելով խնայել իր աչքերէն հոսող արցունքները:
Բայց իր պնդումին դիմաց, ի վերջոյ տեղի կու տայի եւ ճիշդ իր նախասիրած երգին տեղը կը բերէի երիզը:
Նիհարակազմ հայրիկս, որ իր առողջութեան որքան հոգ կը տանէր ու ո՛չ խմիչք ունէր, ո՛չ ծխախոտ եւ «իմ դեղս վազելինն ու սպիրթոն է» կ'ըսէր, երկու պարագաներու միայն փափաքը կ'ունենար սիկառէթ վառելու. մէյ մը այս երգը լսելուն ժամանակ, մէյ մըն ալ ամառները Քեսապ աւանին մէջ բնութեան գիրկը՝ իր ծննդավայրի ապրումներուն հետ միախառնուած:
Ու կը հնչէ Օֆելիա Համբարձումեանի թովիչ ձայնով հայրիկիս նախասիրած երգը.
Ցաւս խորն է ճար չկա՜յ,
Ճար կայ ճար անող չկա՜յ.
Է՜ս ինչ զուլում աշխարհ է,
Պոկեցին սիրտս տարան.
Եարա տուին ու տարան...
Էս ինչ զուլում աշխարհ է, 
Սրտացաւ ընկեր չկայ...
Ի տես հայրիկիս յուզմունքին, արցունքներս աչքերէս գլորելով գաղտնի կ'արտասուէի նաեւ ես՝տասներկուամեայ աղջնակս:

** ** **

Տան մէջ ամէն ոք հրճուած է, պապաս Հալէպէն ոչ շատ հեռու մօտաւորապէս 20 քլմ. հեռաւորութեան վրայ հողատարածք գնեց, որպէսզի կառուցէ, մշակէ ու զայն խաղողի այգեստանի մը վերածէ, կարծես հօրմէն որդիին անցած ըլլար հողամշակութեան այդ զօրաւոր սէրը: Մենք՝ փոքրերս ուրախ էինք մանաւանդ, որ մեզի համար պապաս աւազան շինել պիտի տար ու մենք գեղեցիկ ամառանոց մը պիտի ունենայինք: Հայրիկիս ուրախութիւնը, սակայն, անբացատրելի էր այդ գիշեր. կարծես Խարբերդի Մեզիրէն ետ վերադարձուցած ըլլայինք, ուր ի՛նք առիթը պիտի ունենար իր հօր՝ Ասատուրին նման հողամշակութեամբ զբաղելու: Ներքին հպարտանքով մը կը պատմէր մեզի, թէ իր պապային «Արծաթ Ասատուր» կ'ըսէին, թէ ան պարկերով չամիչ կը բաժնէր գիւղացիներուն, թէ շատ առատաձեռն էր ու բոլորին կողմէ յարգուած աղա էր ու խաներու տէր:
Իսկ երբ հողը ամբողջ պապայիս ձեռակերտին շնորհիւ իսկապէս գեղեցիկ պարտէզի ու այգեստանի վերածուեցաւ, ամէն գարնան առաջին ծիլերուն հետ մեծ մամաս կը սկսէր իր ամառնային տեղափոխութեան պատրաստութիւնները տեսնելու. «Հաճի՛, ասինչը բե՛ր, Հաճի՛, ատինչը բեր», ու իրենց սենեակին մէկ ծայրը օրէ օր իրենց հետ պարտէզ տարուելիք ապրանքներով կը լիանար: Հայրիկս, առանց վարանումի, եթէ հարկ ըլլար տասն անգամ ալ կ'երթար շուկայ ու մեծ մամայիս ապսպրանքներուն գոհացում կու տար: Չէ՞ որ պարտէզ պիտ' ելլէին...
Իրենց հոգեկան հրճուանքը տեսնելով կը ճամբէի զիրենք, ամառը դպրոցիս քննութեան վերջին օրը իրենց միանալու խոստումով:
Ու պարտէզին մէջ, հայրիկս ինքզինք միախառնելով հողին, բերքին ու անցեալի ապրումներուն, կը կորսուէր ժամերով. ո՛չ ճաշի ժամ կը հարցնէր, ո՛չ ալ՝ հանգիստի:
Մեծ մամաս էր, որ կը պոռար յաճախ. «Հաճի՜, հաճի՜...»:
Բայց Հաճին ո՞վ կրնայ պոկել հողին անաչար հաճոյքէն:
Ու երբ «Հայրի՛կ, բզէ՜զ» սոսկումով մը որոտընդոստ կը ցատկէի տեղէս.
-Թուրքը մարդ սպանեց, բզէզն սպանելը ի՞նչ է որ կը վախնաս, կ'ըսէր ինծի:
Ու երեկոյեան զով օդին հետ կը շարունակուէին մեր զրոյցները միշտ յետադարձ յուշերով, թէ ինչպէս քեռկինը զինք Խարբերդի գերմանացիներու որբանոցը պատսպարած էր, հոն Պատասխան մայրիկը իրեն տիրութիւն ըրած էր ու միասին Հալէպ գալով որպէս մայր որդեգրած էր զինք, խնամած ու յետոյ ալ ամուսնացուցած՝ իրենց գիւղի հասակակից Անոյշին հետ (հարսնցուին նոյն նահանգէն ըլլալը մեծ պայման էր այդ օրերուն):
-Մենք Միշոյեան չենք, - կ'ըսէր ինծի. - հո'ս արաբները չեն կրցած հնչել «ու»ն եւ «ի»ի վերածեր են: Մեր պապերը Մուշէն Խարբերդ տեղափոխուած են: Իմ պապայիս Մշոյ Ասատուր կը կանչէին նաեւ:
Ու կը պատմէր թէ ինչպէ՛ս 1953 թուականին արդէն իսկ իր ընտանիքը կազմած եւ երեք զաւակներու հայր դարձած, օր մը կ'որոշէ վերադառնալ Երկիր: Կ'երթան ու ամէն ինչ լքուած վիճակի մէջ կը գտնեն, ընդամէնը յուշերով հարուստ ամայացած խաներ...:
*** *** ***

«Ազդակ»ը ձեռքին հայրիկս սենեակ կը մտնէր Հայաստանի կամ Թուրքիոյ առնչուող նոր լուր մը հաղորդելու համար մեծ մամայիս: Ու ես արդէն իսկ երիտասարդ պարմանուհի, դերերու փոխանակում կատարած էի հայրիկիս հետ: Այս անգամ երկու տատրակներու նման քով քովի կը նստէին հայրիկս ու մեծ մամաս ու լուռ իմ ընթերցումներուս ականջալուր կ'ըլլային: Համաստեղը, Բենիամին Նուրիկեանը, Ռուբէն Զարդարեանը, Թլկատինցին ու Վահէ Հայկը սրբութիւններ էին իրենց համար: Վահէ Հայկի «Խարբերդը եւ Անոր Ոսկեղէն Դաշտը» խորագիրը կրող յուշամատեանը սրբութեան սրբոցն էր երկուքին համար եւ ո՞վ կը համարձակէր ձեռնել զայն առանց հրամանի կամ թոյլտուութեան: Մենք, յաճախ գիրքին ետեւի մասը հրատարակուած հանելուկները կ'ուզէինք կարդալ եւ մտամարզանք ընել, սակայն հայրիկս կը թելադրէր, որ նախորդ էջերը դարձնէի ու իմանայի, թէ ովքե՞ր եղեր են խարբերդցիները ու ներքին հպարտանքով մը իրենք ալ իրենց կողմէն յաւելումներ կ'ընէին: 
*** *** ***

Հայրենասէր հայրիկիս ուրախութիւնը անսահման էր, երբ իրեն համար ազատ անկախ Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիր հանել տուաւ պապաս 1996-թուականին: Այն ատեն այսօրուան պէս տարածուած չէր քաղաքացիութիւն ձեռք բերելը: Միայն արեւմտահայաստանի ծնունդով մարդոց համար ի զօրու էր ան: Ու «Տեսէ՜ք, ես Հայաստանցի եղա՜յ» եկող հիւրին կը հանէր ու ցոյց կու տար իր երախտապարտ որդիին ամենամեծ նուէրը:
Եւ այսպէս, հայրիկս արդէն իսկ իմ ընկերս դարձեր էր: Հո՛ն ուր դասախօսութիւն կար, ես ու հայրիկս հո՛ն էինք. հո՛ն ուր ելոյթ կար՝ միասին կ'երթայինք: Կիլիկիոյ կաթողիկո՞սը պիտ' այցելէր՝ այդ օր հայրիկս առտուընէ կորսուած կ'ըլլար. ժամեր առաջ եկեղեցի կ'երթար, որ հայրապետին դիմաւորելու ու քարոզը լսելու պատեհ առիթը չփախցնէր: Առիթով մը կը պատմէր, թէ ինչպէս Յակոբ Օշականի թաղման արարողութեան ժամանակ գերեզմանոցը այնքան խճողում էր, որ անկարելի եղած էր ներս մտնելը. ուստի հայրիկս որոշած էր պարիսպէն ցատկել՝ մասնակից ըլլալու համար թաղման արարողութեան ու կը պատմէր, թէ ինչպէ՜ս պարիսպէն ինկեր ու «գլուխը ջարդեր էր»:

Աշխոյժ ու կատակասէր մարդ էր նաեւ հայրիկս: Մեր տաներէց քահանան, որ ճեմարանի մեր կրօնի դասատուն էր նաեւ, օր մը դասը ստուգելու համար զիս գրատախտակին քով կը հրաւիրէ: Հարցումներուն պատասխանելէս վերջ այլ հարցում մը եւս կ'ուղղէ. «Բենիամինը ինչպէ՞ս է. Լա՞ւ է մը: Իմ ողջոյններս կը հաղորդես իրեն...»: Ուրախութեամբ մը, երբ հայրիկիս կը փոխանցեմ քահանայ հօր ըսածները, ան հեգնական ծիծաղով մը կը պատասխանէ. «Գնա՛, ըսէ՛ Տէր հօր, որ Բենիամինը դեռ ողջ է, Խարբերդի ջուրը խմողը երկար կ'ապրի» ու կը սկսի «Թամզարան» երգել ու ցատկռտել, փաստելու համար թէ՝ «Տեսէ՛ք ես առողջ ու առոյգ մարդ եմ. ես ո՜ւր, մահը ո՜ւր»:

Սեղանի խնճոյքներուն ատեն ալ եթէ տրամադրութիւնը տեղը ըլլար, հայրիկս կը ճոխացնէր ու կը խանդավարէր մեզ: Ան նշանաւոր երգ մը ունէր «Եօեօ» անունով. երգելէ առաջ պզտիկ ներածական մը կու տար, թէ ինչպէս երբ «եօեօ» խաղը Խարբերդ նորոյթ դարձաւ, ժողովուրդը սկսաւ երգեր յօրինել. 
Աղջիկ, տղայ դէմ դիմաց, 
Եօեօ խաղան չամչցած.
Խելքերն-մտքերն կորցրած են, 
Այսպէս մը կամաց կամաց...
Ամերիկա Ամերիկա, 
Ամերիկան նամակ կայ
Մէջը հարիւր տոլար կայ
Խարբերդցիներ վազեցէ՛ք
Փոստախանան նամակ կայ
Ես ի՞նչ անեմ տոլարը, քանի որ ճամբայ չկայ
Հոս ալ մնամ եար չկայ
Ու՜ր որ երթամ ճար չկայ....

Մարմնով մեզի հետ, բայց հոգւով ինքն իր աշխարհին մէջ ապրող ութսունամեայ հայրիկս դեռ երկար կը գոյատեւէր, այո՛, եթէ մեծ մամայիս մահը չտեսնէր: Այս վերջին հարուածին ա՛լ վիրաւոր հոգին չդիմացաւ: Իր կողակիցը, իր կեանքի ընկերը, իր սերնդակիցը ու նոյն ճակատագիրը կրողը իրմէ առյաւէտ կը բաժանուէր: Ես յաճախ Ռոմիօ-Ժիւլիէթ կ'անուանէի՝ ի տես իրենց վաթսունամեայ սիրոյ ընկերակցութեան:
Մեծ մամայիս մահէն ետք հիւծեցաւ վտիտ մարմինը հայրիկիս, հիւանդացաւ ու անկողին ինկաւ. բայց ան հոգեվարքին մէջ անգամ այնքան կը սիրէր զիս, որ չուզեց ես բեմ բարձրանալու հաճոյքէն զրկուիմ. սպասեց այդ գիշեր ալ, որ համալսարանի վկայականս առնեմ ու յետոյ յաջորդ առաւօտ հանգիստ խղճով իր աչքերը ընդմիշտ փակեց:

Հայրի՛կ, այս օրերուն, Ցեղասպանութեան 100ամեակը կը նշուի հո՛ս ու հո՛ն: Ես, որ հեռու եմ հիմա քու շիրիմէդ, թէեւ գիտեմ, որ նոյնիսկ եթէ Հալէպ ըլլայի պիտի չկարողանայի գերեզմանդ այցելել, քանզի մեր գերեզմաններն ալ խլեցին մեզմէ, հայրի՛կ, հոս՝ սենեակիս մէջ մխիթարութիւնս կը գտնեմ քու անմար յիշատակիդ դիմաց խունկ ու աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած ու հաւատալով մանաւանդ քու հոգիիդ հանգստութեան: Այո՛, հայրի՛կ, գալու է այդ օրը անպայման, քիչ մըն ալ սպասէ՛...:

Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

(քաղուած՝«Գանձասար»ի Բացառիկէն)

Saturday, April 11, 2015

​Մահ ու կենաց հարց թէ՛ սոսկ կենցաղային կարիքներ

Սուրբ Երրորդութիւն (Զուարթնոց) եկեղեցի՝ Հալէպ
A death and life issue or just regular communal needs

Hrach Kalsahakian highlights the plight of Aleppo Armenians, underlining that what they face is not just a matter of deteriorated living conditions, rather it is a matter of existence. He urges the Armenians worldwide to look into the situation in this perspective and do everything possible to ensure the safe exit of the population from the devastated city.  


Գրեց՝ Հրաչ Քալսահակեան

Սուրիական Իտլէպ քաղաքի անկումէն ետք, համացանցային կապը Հալէպի հետ խզուեցաւ, իսկ հեռաձայնային կապը վատթարացաւ: Արդիւնքը եղաւ այն, որ մենք անգամ մը եւս անջատուեցանք մեր Հալէպահայ սիրելիներէն:

Չենք գիտեր այժմ անոնք ի՞նչ հոգեկան վիճակի մէջ են կամ ինչ կեցաղային պայմաններու մէջ կ'ապրին: Վերջին հրթիռակոծութիւններէն ետք հայկական տուները, խանութները, հաստատութիւնները ի՞նչ վնասներ կրած են: Լուրերը շատ սահամանափակ են:

Հակառակ որ Հալէպահայերը կ'ապրին իրենց ոդիսականին դժուարագոյն պահերը եւ ամէն օր ենթակայ են սպաննութիւններու ու տարագրութեան, իրենց մասին լուրերը զգալիօրէն նուազած են: Կարծես ամէն ոք կը խուսափի անոնց մասին խօսելէ: Նոյնիսկ հերթական օգնութիւններուն մասին ակնարկները նուազած ու գրեթէ անհետացած են:

Արդեօք ե՞րբ պիտի գայ այն պահը, երբ պիտի ընդունինք թէ Հալէպահայերը մահ ու կենաց հարց ունին եւ ոչ սոսկ կենցաղային կարիքներ: Հետեւաբար, անոնք պէտք է մեր ուշադրութեան կեդրոնը գտնուին, մինչեւ որ դուրս բերուին այդ քաղաքէն:

Նկար՝ Հալէպի Սուրբ Երրորդութիւն կաթողիկէ եկեղեցին (Զուարթնոց): Նկարած եմ 2006ին:

Thursday, April 9, 2015

Միլիոնատէր եւ դռնապան անհամատեղելի են որպէս բարեկամ

Պետրոս եւ Սօսի Հաճեաններ
A millionaire and a watchman cannot be friends
 
Sosi Hadjian tells the story of a known benefactor who visited Buenos Aires coming from a North American country. During his visit he was curious to know the whereabouts of  an immigrant, who has just arrived coming from troubled Syria. The immigrant was his childhood friend and they have last met four decades ago. The officials of the Armenian community in the city make an effort to find the immigrant and introduce him to the visitor. They embrace each other and exchange warm feelings, but when the benefactor discovers that the newcomer is employed as watchman in the Armenian institutions, his behavior immediately turns upside down and starts to ignore him. "A millionaire and a watchman cannot be friends", concludes Sosi.

Տարիներ առաջ հիւսիսի երկրէն՝ հարաւի այս ափերը այցելութեան եկած էր մեծահարուստ հայ մը, որ արժանացած էր «Մեծ բարերար»ի տիտղոսին, իր կատարած մեծագումար նուիրատուութիւններուն համար:

Հետեւաբար մեր գաղութի պատկան իշխանութիւնները իրար անցած էին նման անձնաւորութիւն մը արժանավայել շուքով ընդունելու համար:

Օր մը, երբ զանազան կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ հետաքրքիրներու խմբակի մը հետ կ'այցելէր Արմէնիա փողոցին վրայ համախմբուած մեր ազգային կառոյցները եւ հաւաքավայրերը, պահ մը կեցաւ մայթին վրայ, չորս դին նայեցաւ եւ ըսաւ.

-Հոս գալէս ի վեր կը փնտռեմ մանկութեան ամենամտերիմ դասընկերս, որ իմացայ թէ Միջին Արեւելքի պատերազմի օրերուն, այս կողմերը փոխադրուած է, բայց ճշգրիտ չեմ գիտեր որ քաղաքը : Երբ մենք ընտանեօք Նոր երկիրը փոխադրուեցանք, մեր կապը ակամայ խզուեցաւ:

Բարեսիրական միութեան վարչական մը իրեն մօտեցաւ եւ ըսաւ , թէ վերջերս իրենց շէնքին մէջ հայ մարդ մը սկսած էր աշխատելու, որ այդ երկրէն եկած էր: Ապա անմիջապէս գնաց զինք կանչելու:

Մի քանի վայրկեան յետոյ երեւցաւ համեստ արտաքինով, միջին տարիքի, կարճահասակ մարդ մը:

Երկուքը երբ դէմ դիմաց եկան, երկար ատեն իրարու նայեցան , զիրար վերյիշեցին եւ յանկարծ կարօտի, սիրոյ եւ զարմանքի բացականչութիւններու մէջ գրկնդխառնուեցան, որ տեւեց երկար վայրկեաններ: Երկուքն ալ իրենց յուզումէն կը հեկեկային:

-Ծօ՛, Գէորգ ե՞րբ եկար հոս, ինչպէ՞ս ես :

-Լաւ եմ , եղբայր, լաւ. աս ինչ անհաւատալի եւ ինչ աղուոր անակնկալ է:Աչքերուս չեմ հաւատար քեզ հոս տեսնելով :Քառասուն տարի յետոյ վերստին իրարու կը հանդիպինք :
Ձայնը կը թրթռար:

-Ին՞չ գործ կ'ընես, հարցուց յանկարծ մեծահարուստը հետաքրքրութեամբ:

-Մէկ տարիէն աւելի է, որ հոս ենք զաւակներով եւ թոռներով: Սակայն հազիւ քանի մը ամիս առաջ գործ մը գտայ այս հայկական հաստատութեան մէջ: Մեզի պզտիկ տուն մըն ալ տուին, որպէսզի վարձք տալու պարտաւորութենէն փրկուինք: Շատ երախտապարտ կը զգամ իրենց հանդէպ:

-Եւ հոն ի՞նչ կ'ընես:

-Ես այդ շէնքին դռնապանն եմ:

-Հա՜, հասկցայ, ուրեմն պահակութիւն կ'ընես,- ըսաւ հարուստը չոր ձայնով եւ լռեց:

Ներկաները բոլորն ալ ազդուած , ոմանք արցունքոտ աչքերով կը հետեւէին այս յուզումնախառն հանդիպումին եւ անհամբեր կը սպասէին, թէ ի՞նչ դուրս պիտի գար անկէ: Շատեր կ'ակնկալէին որ հաւանաբար շօշափելի գումար մը դնէր այս խեղճ պահակին գրպանին մէջ որպէս նուէր, մեղմելու համար անոր տնտեսական անձուկ վիճակը :

Բայց որքա՜ն յուսախաբ եւ ապշած մնացին, երբ պարոն մեծահարուստին դէմքէն յանկարծ չքացաւ կարօտի, ուրախութեան ջերմ արտայայտութիւնը եւ փոխարէնը սառն ժպիտ մը գծուեցաւ : Ապա անտեսելով խեղճ Գէորգը, որ տակաւին բերանը բաց պիտի շարունակէր պատմել իր մանկութեան ընկերոջ իրենց ծննդավայրին մասին, որուն արմաւենիներուն տակ որքա՜ն յիշատակելի խաղեր, մանկական չարաճճիութիւններ ըրած էին,որքա՜ն ուրախ օրեր անցուցած էին եւ որ հիմա աւա՜ղ վերածուած էր իսկական դժոխքի մը, ուր ամէն օր թնդանօթներու կրակին տակ տասնեակներով մարդիկ կը մեռնէին,կամ սովամահ կ'ըլլային եւ ուրկէ ինք եւ իր ընտանիքը մազապուրծ փրկուած էին բարեկամի մը օժանդակութեամբ եւ իրենց շունչը այս անծանօթ երկիրը առած: Բայց արդէն ուշ էր:
Պարոն բարերարը իր այդքան փնտռած ընկերոջ գոյութիւնը մոռցած էր. կռնակը իրեն դարձուցած, դէմքը, որ վերստացած էր իր նախկին միապաղաղ արտայայտութիւնը, խօսքը մեզի ուղղելով՝ շարունակեց իր կիսաւարտ զրոյցը իր ապագայ ծրագիրներուն մասին:

Խեղճ դռնապանը մի քանի վայրկեան ի զուր սպասելէ յետոյ, անմիջապէս ըմբռնեց ստեղծուած կացութիւնը: Ինք եւ մանկութեան դասընկերը այլեւս երկու հակոտնեայ աշխարհներու կը պատկանէին: Իրենց մանկութեան կարօտը, սէրը, խանդավառութիւնը պղպջակի մը նման փայլատակած, ապրած էր մի քանի վայրկեան միայն եւ պայթած: Իրենց բարեկամութիւնն ալ իր վերջին շունչը փչած էր ի սպառ :

Իր ներկայութիւնը աւելորդ էր հոն այլեւս: Աննշմար, լուռ եւ գլխահակ վերադարձաւ իր գործին:

Ամենահզօր մամոնային կը պատկանէր վերջին խօսքը եւ ան արձակած էր իր վճիռը: Միլիոնատէր եւ դռնապան անհամատեղելի են որպէս բարեկամ:

ՍՕՍԻ ՀԱՃԵԱՆ

Monday, April 6, 2015

Խաւարումը

Սուրբ Յովհաննէս եկեղեցի՝ Երեւան
Maundy Thursday

Sosy Mishoyan - Dabbaghian describes the ritual in Saint Hovhannes church in Yerevan, Armenia, during Maundy Thursday. She remembers attending the same ritual in the past in Aleppo, Syria. "If I was going to hear the ritual with closed eyes, I would have been confused: Was I in Aleppo's Forty Martyrs Armenian Cathedral or in Saint Hovhannes Church in Yerevan?", she says.  

Երէկ, աւագ հինգշաբթի օր, առտուընէ ներքին ձայն մը յարատեւ կը հալածէր զիս` թէ պէտք է երեկոյեան անպայման եկեղեցի երթամ եւ Խաւարումին ներկայ գտնուիմ: Հնազանդելով անոր՝ տան գործերս դասաւորեցի ու ժամը ճիշդ վեցին՝ մեր տան մօտ գտնուող Ս.Յովհաննէս եկեղեցին մտայ:

Հինաւուրց այս եկեղեցւոյ մէջ յատուկ խորհրդաւորութիւն մը կար: Կիներն ու աղջիկները բոլոր գլխածածքով էին: Ամչցայ նոյնիսկ, թէ ե'ս ինչո՞ւ այդպէս զարտուղի մնացի մէջերնին:

Հոգեպարար արարողութեանց ու շարականներուն ներքոյ հոգիս խաղաղեցաւ: Խնդրե'մ, այլեւս չըսէք, որ գրաբարը հինցած լեզու է եւ պէտք է շարականներն ու աղօթքները աշխարհաբարի վերածել` հասկնալի դարձնելու համար ժողովուրդին: Երէ'կ, գրաբարը ի'ր դերին մէջն էր: Ան էր, որ միացուց մեր երկու հատուածները. եւ եթէ ես փակ աչքով ունկնդրէի այդ գեղեցիկ երգեցողութիւնը, պահ մը ո'ւր ըլլալս պիտի շփոթէի . Հալէպի Ս.Քառասնից Մանկանց Մայր եկեղեցի՞ն, թէ՝ Ս. Յովհաննէսը:

Աւետարանները մէկիկ մէկիկ կարդացուեցան: Կամաց մը քովս նստող հաւատացեալ կնոջ հարցուցի, թէ հո'ս թել կապելու սովորութիւն չկա՞յ: «Այո'» հաստատեց . «Մենք էդպիսի սովորութիւն չունենք»: Արդէն ես ալ այդքան հաւատք չէի ընծայեր այդ թելերուն. բայց դնողներուն ալ յարգանքով կը վերաբերէի, ի վերջոյ սովորութիւն մըն էր փոխանցուած սերունդէ սերունդ: Տրցակով վերմակի թելերը կը տարուէին ու մէկ մէկ կը կապուէին, որպէսզի բացականերուն ալ բաժին հասնէին: (Մինչ օրս՝ նոյն ձեւով ալ կը շարունակուի տակաւին):

Քիչ անց, եկեղեցւոյ լոյսերը կը հանգցուին: Լրիւ խաւարում կը տիրէ ներսը: Ժողովուրդը բոլոր ծունկի կու գայ ու կը հնչէ գեղեցիկ ձայնով մը մեր բոլորին յայտնի «Ու՜ր Ես Մայր Իմ»ը: Ի զարմանս ինծի, ամբողջ եկեղեցին բարձրաղաղակ հեկեկանքով կը լեցուի: Գիտե'մ, որ այդ հոգեւոր երգը յուզիչ է եւ բոլորին աչքերը կը թրջէ, բայց այսպիսի անզուսպ միաբերան լա'ց՝ առաջին անգամ կը տեսնէի (աւելի ճիշդ՝ կը լսէի այդ խաւարումին մէջ): Համատարած ողբ: Ես իմ հոգերս մոռցայ այդ պահուն: Աստուած իմ, այս ինչքա՜ն խոր վիշտ կամ խռովք ունի իր մէջ պահած այս ժողովուրդը, որ վայրկենապէս դուրս ժայթքեց: Ակամայ աղօթքս իր բնոյթն ալ կը փոխէ ու կը դառնայ անանձնական.

- Տէ՜ր,ողորմէ,այս խեղճացած ժողովուրդին ու

«Տուր ինծի, Տէ'ր, ուրախութիւն անանձնական...»:

Լոյսերը կրկին կը վառին, ժողովուրդը ոտքի կ'ելլէ եւ ամէն ինչ առաջուանին նման՝ իր բնական ընթացքը կ'ունենայ...:

Սօսի Միշոյեան Տապպաղեան

Եօթը Եկեղեցի

Գէորգ Յակոբճեան
Seven Churches

Kevork Hagopjian narrates the story of a young person who visits with his fiance all the Christian churches in the city of Aleppo, Syria, during the Burial ceremony on Friday before Easter. This was a an old tradition followed by all believers in the city. The young person is now a refugee in the Netherlands, his fiance has been killed during the Syrian war and all that have remained now were the memories from a not so distant past.

Այս Զատիկին նշանուած է ան: Աւագ Ուրբաթ է այսօր ու Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ դպրացդասի իր պարտականութիւնները լրացնելէ ետք, սիրեցեալ նշանածին հետ ձեռք ձեռքի տալով, նախ պիտի շրջին Հալէպի բոլո՛ր հայկական եկեղեցիները, յետոյ, ճամբու վրայ ի՛նչ եկեղեցիի որ հանդիպին դարձեա՛լ պիտի մտնեն ու մոմ մը վառեն, թէկուզ եթէ աւանդութեան ճշդած Աւագ Ուրբաթի օրը 7 եկեղեցիներ այցելելու սահմանը անցնին:

Այս տարի եկեղեցին նախորդ տարիներէն շատ աւելի մարդաշատ է: Վերնատունէն ծանօթ ու անծանօթ հարիւրաւոր մարդոց կը հանդիպի ան: Վայրկեան մը առաջ կ՛ուզէ, որ արարողութիւնը վերջ գտնէ, սակայն աղօթքները կ՛երկարին ու կ՛երկարին: Քարոզիչն ալ աննախընդացօրէն կ՛երկարէ իր քարոզը:

Վերջապէս կ՛աւարտին երգեցողութիւնները, արագ մը վերնատունէն կը հասնի վար ու կը միանայ սրտին իշխանուհիին: Իրար ձեռք կը սեղմեն ու կարգի կը կենան: Այս տարի իրենց ուխտը պիտի կատարեն: Անցեալ զատիկին տակաւին նոր ծանօթացած էին իրարու, ուխտած էին որ իրենց յարաբերութիւնը զարգանալու պարագային Աւագ Ուրբաթ օրը Հալէպի բոլոր եկեղեցիները պիտի շրջին...:

Եկեղեցւոյ մուտքէն դէպի Ս. Խորան գացող շարքին մէջ, ծանօթներ ու բարեկամներ կը շնորհաւորեն զիրենք, Ս. Պսակի արժանանլու մաղթանքներ կու տան: կէս ժամէն աւելի կը տեւէ դրան մուտքէն մինչեւ Ս. խորան հասնիլը, Աստուածաշունչ մատեանը համբուրելն ու ժամկոչ Ռաֆֆիէն օրհնուած իւղով օծուած բամպակ մը ստանալը:

Նշանուած զոյգը, Ս. Աստուածածինէն ինքնաշարժով կը շարժին դէպի Նոր գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցին: Հոն կարգը շատ աւելի հանգիստ է, իսկ մթնոլորտը աւելի հոգեպարար: Ս. Գէորգէն կ՛անցնին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի: Այստեղ, ժամկոչը Ս. Խորանին առջեւ ծաղիկներ կը բաժնէ այցելուներուն: Կարմիր մեխակ մը կը վերցնէ ու Ս. Խորանէն զիրենք դիտող Աստուածամօր պատկերին դիմաց կը նուիրէ սիրահարին, աչքերով իր սէրն ու հաւատարմութիւնը կը յայտնէ: Սիրահարը կը կարմրի քիչ մը, սակայն ժպիտով մը իր գոհունակութիւնը կը յայտնէ:

Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ետք, բնականաբար Ս. Երրորդութիւն եկեղեցի պէտք է այցելէին: Ո՞վ ճամբան ու կարգը կը փոխէր որ: Աշխարահագրականօրէն Ս. Գէորգ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ու Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիները իրար ետեւ կու գային: Երբ հասան Ս. Երրորդութիւն, շարականի երգեցողութեան ձայնը գրաւած էր ամբողջ թաղամասը: Տօնական մթնոլորտ կը տիրէր բառին իսկական իմաստով: Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիին կարգ մը հալէպցիք «Զուարթնոց» եկեղեցի ալ կ՛ըսեն: Նշանածը Զուարթնոցը շատ կը սիրէ: Կը փափաքի քիչ մը նստիլ ու յետոյ շարունակել ուխտի կատարումը:

Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին Հայ Կաթողիկէ համայնքին կը պատկանի: Հետեւաբար, կը հետեւին կաթողիկէ սովորութիւններուն ու դուրս ելած ժամանակ, դրան առջեւ տեղադրուած գեղեցիկ քարէ փոսի մը մէջ պահուած օրհնուած ջուրով իրենց ճակատները կը խաչակնքեն:

Տղան կ՛ըսէ, թէ այս տարի կ՛ուզէ «Սըրյան»ի շրջանին մէջ գտնուող Ս. Յակոբ մատուռը այցելել, ապա երթալ պատմական Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի: Առանց ժամանակ կորսնցնելու Ս. Յակոբ կը հասնին: «Հոս, ա՛յս մատուռը, պէտք է կանգուն պահենք, շրջանին մէջ հայերուն թիւին պակսիլը պատճառ պէտք չէ ըլլայ, որ մատուռը չգործէ» կը մեկնաբանէ տղան: Ս. Յակոբի թաղականներէն մէկը աղջկան հարազատն է, ան ալ ծաղիկ մը կը նուիրէ իրենց ու հիմա կ՛ունենան երկու ծաղիկ՝ մէկը կարմիր, միւսը սպիտակ:

«Սըրյան»էն կ՛անցնին «Թիլէլ»ի շրջան: Հոս, խճողում է: Մօտ 40 վայրկեան ինքնաշարժը շարելու տեղ փնտռելէ ետք, վերջապէս անկիւն մը կը գտնեն: Մթնոլորտը անբացատրելի է: «Թիլէլ»ի մէջ տարբեր համյանքներու պատկանող բազմաթիւ եկեղեցիներ կան: Մթնոլորտն ու տրամադրութիւնները շատ բարձր են: Թէեւ եկեղեցիները իրենց թափորները ժամեր առաջ անցուցած են «Ֆարհաթ» հրապարակէն, սակայն փողերախումբերը տակաւին կը նուագեն, հազարաւոր մարդիկ, երիտասարդներ, պատանիներ հաւաքուած են: Պզտիկները իրենց ծնողներուն հետ գունաւոր բուջիկներ բռնած, կորեկ կամ տաք ու թարմ հացի մէջ պատրաստուած ծոթրին կամ պանիր կ՛ուտեն: Իրենք ալ կը կենան անդիմադրելի համեղ հոտ բուրող այդ կառքերէն մէկուն մօտ ու տաք պանիր մը կը ճաշակեն: «Ալլա եիխալիքոն լա պաատ» (Աստուած չբաժնէ ձեզ) իմաստ ունեցող խօսք մը կ՛ըսէ արաբ կառքապանը: Այդ խօսքին վրայ, զոյգը իրար կը նային ու ամուր մը իրար ձեռք կը սեղմեն, կը ժպտան ու կը շարունակեն իրենց ճամբան:

«Ֆարհաթ»ի հրապարակէն դէպի Ս. Քառասնից Մանկաց մայր եկեղեցի տանող պատմական ու նեղ թաղը կը մտնեն: Քալելու տեղ չկայ: Հազարներ դէպի առաջ կը քալեն ու հազարներ ալ դուրս կու գան նեղ ու քարաշէն, պատմական այս թաղէն: Նշանածը կը հարցնէ, թէ քանի՞ եկեղեցի կայ այս թաղին մէջ, «շատ է, շա՛տ, սիրելիս, չեմ գիտեր» կ՛ըսէ տղան: Կը հասնին այն բաժինը, ուր ճաշարան մը տարիներէ ի վեր, այս օրը պզտիկ գաւաթով գինի կը բաժնէ ուխտաւորներուն: Մէկ գաւաթ գինի ալ կ՛առնեն ու կը հասնին Ս. Քառասուն Մանուկ:

Զոյգը, եկեղեցւոյ մայր դրան առջեւ իրենց միութենական ընկերները կը տեսնեն, որոնք պահակութիւն կ՛ընեն: «Շնրոհաւոր ըլլայ» մը այստեղ ալ կը լսեն ու «Տարոսը ձեզի» կը պատասխանեն: Սկաուտներն ալ տակաւին շարքի կեցած են ու գաւազաններով ժողովուրդին մուտքի ու ելքի ճամբայ շինած են: Կը բարեւեն ու կը մտնեն եկեղեցի:
«Թո՛ղ ներէ Աստուած, բայց բոլոր եկեղեցիներէն աւելի խորհրդաւորր է Ս. Քառասնից Մանկաց Մայր Եկեղեցին: Այստեղ մկրտուած եմ ես» կ՛ըսէ տղան: «Եկեղեցին հայկական ծննդավայրն է հոգւոյս» կը շարունակէ աղջիկը...: Կարգի չեն մտներ անոնք, այլ նստարանի մը վրայ կը նստին: Տղուն աչքը Ս. Մինասի սրբապատկերին վրայ կ՛երթայ: Կը յիշէ այդ հրաշքին օրը, որ հայն ու օտարը, քրիստնիան ու իսլամը եկած էին Աստուծոյ հրաշագործութիւնը վկայելու: Յանկարծ, իրենցմէ քիչ մը առջեւ նստող ծերունի մայրիկ մը, «Տէ՜ր Ողորմիա» երգելու կը սկսի:

«Տէ՜ր ողորմիա, տէ՜ր ողորմիա....» դրան զանգը կը հնչէ...: Սարսափահար աչքերը կը բանայ...: Սարսուռ մը կ՛անցնի մարմնէն: Երա՜զ էր տեսածը...: Հալէպ չէր ինք..., Հոլանտա հասած էր...: Բայց օրը իրապէ՛ս որ Աւագ Ուրաբաթ էր...: Տակաւին չամփոփուած, դրան զանգը անգամ մըն ալ կը հնչէ: Կը վազէ ու դուռը կը բանայ: Պետութենէն նամակ մըն է, փախաստականի իր հարցերն ու թուղթերը դասաւորելու հարցաքննութեան հրաւիրուած է: Դուռը կը փակէ ու կը հենի դրան վրայ: Պահ մը աչքերը կը գոցէ, որպէսզի երազը շարունակէ, բայց արդէն ուշ էր: Տակաւին եօթը եկեղեցի չայցելած, երազէն փոխադրուած էր իսկական կեանք: Իս՞կ երազը...: Հալէպի Աւագ Ուրբաթնե՞րը: Նշանա՞ծը: Ի՞նչ նշանած: Նշանածը հրասանդի մը զոհ գացած էր, կորսնցուցած էր իր կեանքին սէրն ու լոյսը, հոգեկան ծանր ու անբացատրելի իրավիճակի մատնուած էր, չէր դիմացած Հալէպի մէջ ու շատերու նման ինքզինք նետած էր Հոլանտա:

Հարցաքննութեան հրաւէրի թուղթը կը ճզմէ իր ափերուն մէջ, աչքերէն արիւն արցունք կը թափին ու բարձրաձայն կը սկսկի հեկեկալ...: Հեծկլտուքին մէջ պատերազմը անիծող խօսքեր կը լսուին:

Աւագ Ուրբաթ էր, իսկ Հոլանտայի իր ապրած այս քաղաքին մէջ ո՛չ Աւագ Ուրբաթ կար ո՛չ ալ հայկական եկեղեցի...:

Գէորգ Յակոբճեան